«ԱԼԻՔ».- Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կերդոնական վարչութեան խողովակով Հայ Մշակութային «Արարատ» Սկաուտական միութիւնը հրաւիրուած է մասնակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրանսիայի մասնաճիւղի սկաուտական ընդհանուր բանակումին, որ այս օրերուն տեղի կ’ունենայ Փարիզի մօտակայքը գտնուող Ժամպուիլի սկաուտական բանակավայրի մէջ:
Հ.Մ.Ա.Կ.ի Սկաուտական միութիւնը վերջին անգամ 1980 թուականի Օգոստոսին մասնակցած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդ ընդհանուր բանակումին, որ տեղի ունեցած էր Ֆրանսա-Փարիզ, Քլամար (Clamart) բանակավայրի մէջ ու հիմա նշուած թուականէն 28 տարի անց կրկին անգամ առիթ եղած է ներկայ ըլլալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի մասնաճիւղերէն մէկուն բանակումին, ուր մէկ անգամ եւս պիտի հոլովուի Հ.Մ.Ա.Կ.ի անունը: Սոյն բանակումին Սկաուտական միութիւնը կը մասնակցի 9 հոգինոց կազմով, որոնք Յուլիս 6ին համախմբուեցան Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ Հրաչ Զարիֆեանն ու Ժանետ Թարուերդեանը եւ Տ. Մաշտոց քհնյ. Խաչատրեանի օրհնանքի ու բարեմաղթանքի խօսքէն ետք սկաուտները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան օդակայան: