Կիրակի, 1 Յունիս 2008ի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ, իր տարեկան համերգը ներկայացուց Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ի «Քնար» երգչախումբը։
Արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր՝ արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով՝ երգչախումբի անդամներ Գրիգոր Ասատուրեանի եւ Ալին Քէշիշեանի կողմէ, որոնք շեշտեցին, թէ Հ.Կ.Մ.ի պատասխանատուները հոսանքն ի վեր թիավարելու կամքով կ՚աշխատին կանգուն պահելու Քնար»ը, հաւատացած ըլլալով, որ նման գործունէութեամբ կարելի է պայքարիլ համատարած ձուլման դէմ ու մօտենալ մեր մշակոյթի ջինջ ակունքներուն:
Շանթ Քէշիշեանի Խմբավարութեամբ, երգչախումբը ներկայացուց հայ եւ օտար երգահաններու, ինչպէս՝ Էտկար Յովհաննիսեանի, Ալան Յովհաննէսի, Գուսան Շահէնի, Առնօ Պապաճանեանի եւ այլոց խմբերգային մշակումներէն ու ստեղծագործութիւններէն կազմուած երգացանկ մը։ Հնչեց նաեւ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի մշակումով «Տըլէ եաման»ը։
Ներկաներու տրամադրութիւնը առաւել բարձրացաւ ունկնդրելով ռուսական յայտնի «Քալինքա» երգի Վ. Պապենքոյի մշակումն ու լատին ամերիկեան «Սուէյ» երգը։
Համերգը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» երգով՝ ձօնուած Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ու Սարդարապատի ճակատամարտի 90-ամեակին։ Ելոյթի աւարտին, ներկաները երկարատեւ ծափահարելով՝ գնահատեցին խմբավարն ու երգիչները, որոնք յաջողեցան սրահին մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծել։