«Մաշտոց» քոլէճի 16-րդ ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 21-ին, Կլէնտէյլի Հայ նազովրեցի եկեղեցւոյն մէջ, ներկայութեամբ շրջանաւարտներու ընտանեկան պարագաներուն, կրթական մշակներու եւ քոլէճի բարեկամներուն: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ գործադրուեցաւ տպաւորիչ յայտագիր մը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոլէճի նախագահ՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ շեշտեց քոլէճին ազգակրթական առաքելութեան կարեւորութիւնը մեր համայնքի կեանքին մէջ՝ կեդրոնանալով 2007-2008 կրթաշրջանի ընթացքին իրագործուած յատկանշական ծրագիրներուն վրայ:
Քոլէճի ակադեմական բաժանմունքներու պատասխանատուները՝ դոկտ. Նորա Սահակեան, դոկտ. Օննիկ Հայրապետեան, Լէտան Հարիրճի եւ Րաֆֆի Յակոբեան, ներկայացուցին ընթացիկ տարուան 72 շրջանաւարտները, որոնք ծափողջոյններու տարափին տակ բեմ բարձրանալով ստացան իրենց համալսարանական վկայականները, քոլէճի նախագահին ձեռամբ:
Հուսկ բանքով ելոյթ ունեցաւ քոլէճի նախագահը, յորդորելով շրջանաւարտները, որ իրենց ստացած ուսումով նպաստեն հայակերտումի, եւ իրենց նոր մասնագիտութիւններով նուիրումով ծառայեն մեր համայնքի կարիքներուն: Ան մասնաւորաբար շեշտեց ազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Շրջանաւարտներու անունով ելոյթ ունեցաւ Սուզաննա Պաթմանովա, որ գնահատեց քոլէճի ակադեմական մակարդակը, ինչպէս նաեւ անձնակազմին նուիրումի օրինակելի ոգին: Յանուն իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն՝ ան խոստացաւ միշտ բարձր պահել մաշտոցեան անունը եւ միշտ անվերապահօրէն թիկունք կանգնիլ քոլէճին, ըլլալով կրթական այս օճախին մնայուն դեսպանները:
Դոկտ. Տէր Եղիայեանի փակման խօսքէն ետք, «Հայր մեր» աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը: