ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ղարաբաղ Օփըն».- Յունիս 2ին Պեռլին այցելած եւ այնտեղէն նոր վերադարձած ԼՂՀ պատուիրակութեան անդամները երէկ մամլոյ ասուլիս հրաւիրեցին: Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ղեկավարութեամբ՝ պատուիրակութիւնը Գերմանիա այցելած էր մասնակցելու Պեռլինի Եւրոպական ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած «Լեռնային Ղարաբաղի դերն ու նշանակութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի զարգացման գործին մէջ» խորագրով խորհրդաժողովին։ Այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է հասարակական-քաղաքական եւ վերլուծաբանական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ:Ասուլիսի ընթացքին, Աշոտ Ղուլեան, ամփոփելով Գերմանիա կատարած այցելութեան արդիւնքները՝ շեշտեց երեք կարեւոր հանգամանք: Առաջին հետեւութիւնը, ըստ անոր, եղաւ այն, որ Եւրոպայի տարածքին ԼՂՀ եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի մասին լիարժէք տեղեկատուութիւն չկայ: Երկրորդ հետեւութիւնը այն էր, որ Եւրոմիութեան երկիրներու եւ անոր ազդեցիկ դերակատարներու հետ կան շփումներ ունենալու հնարաւորութիւններ, որոնք պէտք է փորձել օգտագործել: «Մի քանի ամիսներ յետոյ դուք ականատես կը լինէք, որ այդ շփումները իսկապէս իրողութիւն են», հաւաստիացուցած է Ա. Ղուլեան:Անոր խօսքերով, գիտաժողովի ընթացքին փորձած են եւրոպական եւ գերմանական հանրային շրջանակներուն փոխանցել այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք այսօր գոյութիւն ունին՝ կապուած հակամարտութեան կարգաւորման հետ:Ղուլեան նաեւ աւելցուց, որ գերմանական տարբեր շրջանակներու մօտ կայ յստակ հետաքրքրութիւն՝ ԼՂՀի եւ տարածաշրջանի գործընթացներուն հանդէպ:Ասուլիսի երկրորդ մասը կը վերաբերէր Գերմանիայէն ետք ԱԺ նախագահի՝ Յունիս 9-12 Ռուսիոյ Դաշնութիւն կատարած աշխատանքային այցելութեան, որուն նպատակը Ռուսիոյ հետ միջխորհրդարանական կապերու եւ շփումներու հաստատումն էր: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան անդամներուն հետ: Անդրադարձ եղած է այն մասին, որ շատ վաղուց ԼՂՀ խորհրդարանական կազմի այցելութիւն չէ եղած Մոսկուա: Ա. Ղուլեան անուններ չնշելով՝ յայտնեց, որ պաշտօնական հանդիպումներ եղած են այն պատգամաւորներուն հետ, որոնք անմիջականօրէն պատասխանատու են յետխորհրդային տարածքի, հակամարտութիւններու կարգաւորման, միջխորհրդարանական կապերու, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ:«Մեր շփումները լուրջ հիմք են, որի բազայի (հիմքի-Խ) վրայ մենք փորձելու ենք նաեւ մշտական կապեր հաստատել երկու երկրների խորհրդարանների կամ նրա ներկայացուցիչների հետ: Պաշտօնական շրջանակների մեր հանդիպումների թեմաները շատ լայն ընդգրկուածութիւն են ունեցել, խօսուել են հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ գործընթացի եւ ակնկալուող հեռանկարների, ԼՂՀում ընթացող բարեփոխումների, մարդասիրական բնոյթի եւ այլ հարցերի մասին: ՌԴում հանդիպումներ են եղել նաեւ փորձագիտական եւ վերլուծական շրջանակների, ինչպէս նաեւ այն խմբի հետ, որ վերջերս մասնակցել է այստեղ կայացած գիտաժողովին», եզրակացուցած է Ղուլեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.