Համակողմանի եւ համայն կողմերով հասունացման քննութիւն պիտի տայ այսօր ազգը, Երեւանի մէջ:
Մարտմէկեան որեւէ տարբերակ, աւելի մեղմ, նուազ բռնի, նուազ արիւնալի, նուազ որեւէ բան տակաւին պիտի նկատուի անընդունելի ձախողութիւն, պիտի նկատուի համազգային ամօթ եւ պիտի դատապարտուին բոլոր մեղսակիցները, իշխանութենէն սկսելով մինչեւ ընդդիմութեան ղեկավարներ:
Այսօր կարելի է իմանալ, հասկնալ նաեւ, թէ մեր ազգը հասո՞ւն է, գիտակի՞ց, ձեռնհա՞ս, թէ՝ արդէ՛ն հասունցած պտուղի նման՝ որոշակի ճակատագրապաշտութեամբ ինքզինք անյայտին յանձնելու պատրաստ:
Ես կը հաւատամ հասունութեան, գիտակցութեան: Հաւատքս հիմնուած է բնազդային զգայնութեան մը վրայ միայն, անբացատրելի, անմեկնաբանելի համոզումի մը վրայ սոսկ, այնքան ուժեղ, որ փաստօրէն զիս անզգայ ու անտարբեր կը դարձնէ աշխարհի վերջի մարգարէներու զգուշացումներուն հանդէպ, որոնք կը հալածեն զիս ամէնուր, տարբեր ծայրայեղութիւններով շեշտաւորուած յօդուածներով, կարծես թէ այսպիսի ատեն կարիք ըլլար կրակին վրայ իւղ թափելու:
Կրնայ ըլլալ որ մեղկացած է ներաշխարհս։ Կրնայ ըլլալ, սակայն, հաւաքական փորձառութեան մը ներշնչումն է, որ կը յորդորէ հանգստութիւն, հանդուրժողութիւն, լայնասրտութիւն, մինչեւ այս փորձանքն ալ անցնի, մինչեւ ներազգային բազմախօսակցութիւնը տեղի ունենայ, մինչեւ բոլոր կողմերու հասունութեան հանդէպ ընդհանրապէս կասկած ու թերահաւատութիւն չմնայ: