ՄԱԿի հովանիին տակ գործող «Եունիսէֆ»ի ու Հայաստանի նամակատան՝ «Հայփոսթ»ի գործակցութեամբ, յառաջիկայ Յունիս 1ին, Մանուկներու օրուան առթիւ, պիտի հրապարակուին դրոշմաթուղթեր, որոնցմէ գոյացած եկամուտին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Հայաստանի երեխաներուն ի նպաստ ծրագիրներու:
Այս նպատակով «Աշխարհը մանուկներու յարմար վայր մը» թեմայով մրցոյթ մը կազմակերպած էր, որուն մասնակցած էին 675 հայ որբեր: Անոնց մէջէն ընտրուած է եօթնամեայ երեխայի մը գծագրութիւնը:
Դրոշմաթուղթ մը գնելով, կարելի պիտի ըլլայ նեցուկ կանգնիլ մեր ապագայ սերունդին: