ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեր մասնագիտութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս բնութագրել, երաժշտագէ՞տ, ազգագրագէ՞տ, երգահաւա՞ք, թէ այլ։ Ո՞ւր ստացած էք այդ պատրաստութիւնը՝ համալսարան, դպրոց, կեանք։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ. – Երաժշտագէտ կամ ազգագրագէտ տիտղոսները չունիմ ակադեմական PhD մակարդակին, թէեւ երաժշտագիտական ուսումս զիս պատրաստած է այդ ճամբուն վրայ։ Յայտնի է թէ 4-5 տարի պատմութիւն կամ փիլիսոփայութիւն ուսանող անձ մը, համապատասխան վկայականը ստանալով ո՛չ պատմաբան ոչ ալ փիլիսոփայ կրնայ կոչուիլ, ինչ որ ալ ըլլան իր կարողականութիւնները եւ ստացած տիտղոսները։ Հինգ տարուայ ուսումնական ասպարէզէս ետք ստացած վկայականս զիս կոչած է “Licenciռ en Histoire de l’Art et Archռologie, section Musicologie”. Licenciռ կը համապատասխանէ ֆրանսական ուսումնակարգի մէջ MAի, թէեւ ընթացաւարտ ճառս (ոչ հայագիտական նիւթ) PhDի մակարդակին հասցուցած էի։ Այս համակարգը ի դէպ կը պատկանի զուտ Արեւմտեան աշխարհի երաժշտագիտութեան եւ մեթոտաբանութեան, ուր չկայ ոչ մէկ խօսք հայկական կամ նոյնիսկ Արեւելեան աշխարհի երաժշտագիտութեան մասին։ «Մասնագիտութիւն»ս լաւագոյնս կարելի է բնութագրել, այո՛, «երգահաւաք», քանի որ հայ հնագոյն երգեր փնտռած, գտած եւ ձայնագրած եմ։ Բայց իմ կոչումին լաւագոյնս կը յարմարի «երաժշտաբան» եզրը, այսինքն՝ երաժշտութեան տուեալ բնագաւառ մը կամ հեղինակ մը ուսումնասիրող եւ գիտաշխատող երաժշտագիր։
Այդ 5 տարուայ ուսումս ստացած եմ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի պետական համալսարանի վերը նշուած Արուեստից պատմութեան եւ Հնագիտութեան բաժանմունքէն ներս, իսկ հայկական երաժշտութեան իմ գիտութիւնս ձեռք բերած եմ ընթերցանութեամբ եւ մասնագէտներու հետ իմ շփումներուս շնորհիւ (Բարսեղ Կանաչեան, Ռոպերթ Աթայեան, Արուսեակ Սահակեան…), տասը տարի հայ հին երգերու հաւաքը եւ ի մասնաւորի Բալուի ազգագրական երգաշխարհին մօտէն ծանօթութիւնս զիս մտերմացուցած է Բալուի գաւառաբարբառին հետ։
Հ.- Ինչպէ՞ս, ե՞րբ, ի՞նչ միջոցներով հաւաքած էք ազգագրական երգերը։
Պ.- Իմ ստացածս երաժշտագիտական ուսումը ըլլալով հայրենիքէն եւ հայագիտական կեդրոններէ հեռու, զիս չէ դրած ուղղակիօրէն հայ երաժշտութեան ճամբուն վրայ։ Թերեւս աւելի օգտակար պիտի ըլլար, եթէ նոյն համալսարանէն ներս հետեւած ըլլայի ethnologieի (ազգագրութիւն) մասնագիտութեան, որովհետեւ այդ ուսումը պիտի կարենայի աւելի պատշաճօրէն կիրարկել եւ ծառայեցնել իմ ազգային եւ հոգեկան պահանջանքին։ Պատմութիւնս, հակիրճ, հետեւեալն է։ 1984ի Նոյեմբերի աւարտին, երբ արդէն պելճիքական հպատակութիւնս ստացեր էի եւ գործ գտած Պրիւքսէլի պետական ռատիոկայանէն ներս, որոշեցի կոմիտասեան ոճի գործի մը ձեռնարկել՝ յաջորդ տարին, 1985ին, Ապրիլեան մեր Հայասպանութեան 70ամեակին եւ իմ 50րդ տարեդարձիս զոյգ առիթներով։ Մեկնեցայ այն պարզ բնական հետեւողութենէն որ, Կոմիտասէն եւ Թումաճանէն ետք, խորհրդային Հայաստանէն բացի, Կոմիտասի երգահաւաքումի գործը դեռեւս կէս մնացած է եւ հաւանական է ծերունի վերապրող երէց սերունդի մօտ գտնել Երկիր ստեղծուած եւ հոն երգուած վաւերական, հողէն եւ աշխատանքէն ծնած եւ տեղւոյն, տուեալ շրջանի մը գաւառաբարբառին հիւսուած երգերէն՝ բնոյթով շատ տարբեր անհատական կամ աշուղական արհեստավարժ գեղարուստական կամ ժամանցային երգերէն։ Սկսելու համար, ռատիոկայանի տնօրէնէն յատուկ արտօնութեամբ գործէս արձակուրդ վերցուցի եւ որոշեցի, իմ հաշւոյն, շրջագայիլ այն քաղաքները ուր կար հոծ հայութիւն եւ ուր հիմնուած էին հայկական ծերանոցներ, որպէսզի համբերութեամբ եւ առանց խանգարուելու լսեմ եւ ձայնագրեմ, եթէ դեռ գոյութիւն ունին, անոնց երգերն ու կեանքին պատմութիւնը։ Հարցը պարզ չէր, բայց պէտք էր փորձել շատ ուշ չեղած։ Երկու նախապատրաստական գործեր անհրաժեշտ էին. առաւելագոյն երկու տարիով արտօնուած էր անվճար, իմ հաշւոյն, արձակուրդ առնել գործէս, եւ, երկրորդ, հարկ էր, որ ընդունելի ըլլար իմ խնդիրքը Փարիզի կամ Լոս Անճելըսի կամ Աթէնքի հայկական ծերանոցներու վերին մարմիններու մօտ, կարենալ մօտենալու հոն ապաստան գտած երէցներէն անոնց, որոնք դեռ կարողութիւնը ունէին առաջադրուած գործին օգտակար ըլլալ։ Նախ փորձ մը կատարեցի. մեկնեցայ հայութեամբ բաբախուն ոչ շատ հեռաւոր վայր եղող Փարիզի հարաւային արուարձաններէն Իսսի-լէ-Մուլինօ, ապա Ալֆորվիլ, ուր ունէի բարեկամներ. կրնայի մնալ անոնց մօտ եւ անոնց աջակցութեամբ մուտք ունենալ հայ ընտանիքներէ ներս ուր վերապրող երէց մը կայ։ Երեք ամիս ետք, երբ տեսայ որ արդիւնքը կ՚արդարացնէ նախաձեռնութիւնս, վերադառնալով գործիս պաշտօնապէս արտօնութիւն ստացայ երկու տարիով երկարաձգել արձակուրդս։ Երգավկայաքաղս սկսայ Պրիւքսէլի հայկական շրջանակէն, որուն քաջատեղեակ էի, նաեւ հոնտեղի քրտահայերէն։ Բացատրութիւն. 70ական թթ. Պրիւքսէլ եւ Հոլլանտայի Ալմէլօ քաղաքը հաստատուած էին ծագումով հայ, բայց քրտացած (քրտալեզու) ազգաբնակչութիւն մը՝ գաղթած Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Շըրնաք եւ Սիլոբէ շրջաններէն, փախուստ տալով տեղացի քիւրտերու հակահայ վայրագութիւններէն։ Այնուհետեւ երգահաւաքը շարունակեցի Ֆրանսայի հայաբնակ քաղաքներու մէջ, նաեւ այցելելով հայկական ծերանոցները – Սէն Ռաֆայէլ ծովափնեայ քաղաքը, ապա՝ Փարիզի շրջանի երկու հնամեայ ծերանոցները, Անտիյի եւ Մոնմորանսի։ Աշխատանքս առաջ կը տանէի մեծ չափի ժապաւէններու օգտագործումով, որոնք ինծի հայթայթուած էին ռատիոյի իմ ընկերներուս կողմէ։ Այդկէ ետք անցայ Լիոն-Տէսին, Վալանս, Վիէն, Նիս քաղաքները։ Աւելի ուշ, 1988ին, անցայ Մարսէյլ։ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին, 1986, հրաւիրուեցայ Պոսթընի «Զօրեան» հիմնարկի կողմէ։ Այդ երկու ամիսներու ընթացքին այցելեցի Ֆրեզնոյի, Լոս Անճելըսի, Տիթրոյթի հայկական ծերանոցները։
1987ի աշնան եւ 1988ի ամրան հրաւիրուեցայ Երեւան՝ հաւաքածս երգերուն մասին զեկուցելու։ 1988ին անցայ Յունաստան (2 շաբաթով) եւ Մարսէյլ։ 1989, 1990 եւ 1992՝ Սուրիա (Հալէպ, Քեսապ, Քամիշլի, Ղընէմիէ…)։ 1991 եւ 1994՝ կրկին Լոս Անճելըսի հայկական ծերանոցը, ուր եւ տուի դասախօսութիւններ։
Այս ծախսալից եւ դժուարահաս դեգերումներուս նպատակը թէեւ հայ հին տոհմիկ երգեր հաւաքել էր, բայց ո՞վ ըսաւ, որ անոնք պատրաստ էին քաղուելու հասունցած ցորենի հասկերու նման։ Մեր մամիկներէն շատերը չէին յիշեր, որ ժամանակին երգ սորված էին եւ կարելի էր զանոնք վերյիշել։ Ուստի, երգի առընթեր, ստիպուած էի ունկնդրել եւ արձանագրել երէցներուն եւ ծերունիներուն կեանքին պատմութիւնը։ Այսպէս հարիւրաւոր ձայներիզներուս շուրջ 80 տոկոս ը վերապրողներու վկայութիւններն են ու անոնց նախաեղեռնեան կեանքը կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ վերապրումի իրենց ոդիսականը։ Ձայներիզներուն 15 տոկոս ը միայն կը կազմէ ազգագրական արժէք ներկայացնող երգային գանձարան՝ Արեւմտեան մեր Հայաստանը բնութագրող։ Այս աշխատանքը տակաւին հում վիճակի մէջ է. պէտք է համադրել, խմբագրել եւ հրատարակել։
Հ.- Սփիւռքի մէջ ձեր նման երգահաւաքով զբաղող կա՞յ։
Պ.- Այս օրերուս, Ցեղասպանութեան 93րդ տարեդարձի օրերուն, մեր մէջ կը գտնուի մեծ նուիրեալ տքթ. Վերժինէ Սվազլեան. ան թէեւ Հայաստանի մէջ գործած է, բայց եգիպտահայ է եւ աշխատած է Արեւմտահայաստանէն Հայաստան վերաբնակուած հայ զանգուածներուն հետ։ Նախանձախնդիր եղած է նաեւ անոնցմէ երգեր քաղելու։
Հալէպի մէջ կը ճանչնամ երկու արժէքաւոր անհատներ. Յակոբ Չոլաքեան, Քեսապի պատմութեան, լեզուին եւ ազգագրութեան հմուտ. իր հատորներուն մէջ կարելի է գտնել երգային բաւական հարուստ պաշար՝ Քեսապը եւ գիւղերը ներկայացնող։ Միւս անձը արաբագէտ եւ ազգագրագէտ Միհրան Մինասեանն է. չեմ կարծեր, որ Հալէպէն դուրս ելած ըլլայ ի խնդիր հայ ազգագրական երգի, սակայն արժէքաւոր են իր գտած երգերը։ Բայց հայահոծ քաղաքներ շրջած հայ հին երգերու ի խնդիր, Կոմիտասէն ետք, իր արժանաւոր աշակերտն է՝ Միհրան Թումաճան։ Անոր 1300է աւելի հաւաքած երգերը լոյս տեսած են Երեւանի մէջ չորս յաջորդական հատորներով։ Դժբախտաբար հատորներուն ընկերացող խտասալիկ գոյութիւն չունի, որով Թումաճան իր ամբողջ թղթածրարը ձեռագիր վիճակով հետը տարած է Երեւան. ձայնաժապաւէնային ո՛չ մէկ ձեւի կարելիութիւն գոյութիւն ունէր այդ տարիներուն։ Համեմատաբար նոր երեւոյթ է որ ազգագրագէտ երաժիշտներ կը շրջին ձայնագրիչ գործիքներով որպէս կենսական տարր, ուր արձանագրուած կ՚ըլլան երգին նուազագոյն թրթռացումները։
Հ. Հայաստանի մէջ ի՞նչ մակարդակով կը կատարուի այս աշխատանքը։ Որքանո՞վ Հայաստանի մասնագէտները ծանօթ են ձեր գործին։ Որքանո՞վ դուք ծանօթ էք Հայաստանի մէջ տարուած աշխատանքներուն։
Պ.- Ներկայ իշխանութիւնները բնաւ չեն հետաքրքրուած այս բաներով։ Սովետական շրջանին է, որ սկսաւ լոյս տեսնել, երաժշտագէտ Ռոպերթ Աթայեանի խմբագրութեամբ «Կոմիտասի երկերի ժողովածու» մեծադիր էջերով պատկառելի հատորներու շարքը։ Այսօր ան հասած է իր 14րդ հատորին։ Այս շարքը մինակը չէ. բարձր գիտականացած աշխատանք տարուած է եւ լոյս ընծայուած ազգագրական այլ հատորներ, բոլորն ալ յագեցած անհրաժեշտաբար ձայնանիշերով եւ երգաեղանակային տարբերակներով։ Իմ գործին ծանօթանալու յառաջադրանքով է որ իրարու ետեւ երկու տարի հրաւիրուեցայ մայր հայրենիք պաշտօնական հանգամանքով։ Հետս տարի արձանագրածս երգերէն 13 յատկանշական օրինակներ, որոնք խանդավառութեամբ ընդունուեցան Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ազգագրական բաժանմունքի գիտաշխատողներու կողմէ. հոն երգեր կային, որոնք անծանօթ էին տակաւին։ Այդ ձայներիզս սկիզբը եղաւ իմ անունով հոն ստեղծուած ձայնադարանին։ Ելոյթ ունեցայ նաեւ Ազգագրական հիմնարկի մէջ, մամուլով արտայայտուեցան։ Յաջորդ տարին, 1988, ելոյթներ ունեցայ պետական ռատիոկայանէն եւ մտերմացայ Հայրիկ Մուրատեանին հետ։ Արդէն ծանօթ էի Մարգարիտ Բրուտեանին, Արուսեակ Սահակեանին, Ռ. Աթայեանին։
Երեւանի մէջ կան բարձր որակի երգահաւաք գիտաշխատողներու խումբեր. անոնց հաւաքած երգերը հարկ եղած թափով լոյս չեն ընծայուիր։ Օրինակ, Կոմիտասի ծննդեան 100ամեակի օրերուն (1969), երբ ստեղծուեցաւ Հայաստանի պետական երաժշտանոցի կողքին հայ ժողովրդական երաժշտական ստեղծագործութեան քապինէթ, սկսաւ ծայր առնել երգահաւաքումի եւ ընդհանրապէս ազգագրահաւաքչութեան գիտարշաւներ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ. ժողովրդական երգերու հաւաքման արշաւախումբերու թիւը 30ի կը հասնէր եւ հաւաքուած է աւելի քան 6000 երգեր։ Ցարդ միայն մէկ հատոր լոյս ընծայուած է այդ անհամար հարստութենէն – «Թալին» ազգագրական ժողովածոն (1984)։ Ինծի ծանօթ է Արթուր Շահնազարեան։ Ան հայ հին խազերու վրայ հսկայ աշխատութիւն մը ունի, բայց նաեւ աննման երգիչ է հայ հին երգերու, հմուտ անոնց ծագման։ ԱՄՆ գտնուած միջոցին ձայնագրուեցաւ հին երգեր, որոնք լոյս ընծայեցինք իր Հայաստան մեկնելէն ետք։ Ո՞ւր են միւս երգերը. ո՞ւր են նշանաւոր Կարօ Չալիկեանի 10 տարի (1970-1980) հաւաքած 8000 երգերը (այս տեղեկութիւնը կը քաղեմ իրմէ լոյս տեսած միակ CD-էն՝ 2001ին. անզուգական եւ հրաշագործ)։ Ուրեմն միայն իմ գործս չէ որ ցարդ լոյս չէ տեսած…
Հ.- Բալուի յայտնագործութիւնը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կատարեցիք։ Ի՞նչ վիճակի մէջ է հիմա Բալուի ազգագրական երգերուն նուիրուած ձեր աշխատասիրութիւնը։ Ի՞նչ կը ներկայացնէ այդ գործը։
Պ.- Երգահաւաքի իմ շրջագայութիւնս զիս տարաւ Սուրիա, նախ Քեսապ, ապա՝ Հալէպ։ 1989ին Հալէպի մէջ հանդիպեցայ Մարօ Նալպանտեանին։ Ան թէեւ1915էն վերապրողի հանգամանք չունի, բայց իր բալուցի ծնողներէն, ազգականներէն եւ ծերերէն սորված է Բալուի եւ շրջանի (Մուշ, Սասուն…) 90 աւելի երգեր եւ զանոնք կ՚երգէ, կ՚ապրի հրաշալի հարազատութեամբ։ Յափշտակուեցայ եւ ձայնագրիչովս արձանագրեցի այն ինչ որ գիտէր՝ հայերէն, քրտերէն (որոնք Բալուի հարսանեկան երգ ու պարին մաս կը կազմեն), թրքերէն (հայերու կողմէ ստեղծուած) եւ ուրիշ երգեր։ Յաջորդ տարի կրկին գացի Մարոյի մօտ, վերաձայնագրեցի նոյն երգերը ամբողջութեամբ, նաեւ անոնք որոնք մոռցած էր երգել, կային նորեր, որոնք նոր սորված էր։ Վստահ էի, որ անոնք իմ հաւաքածոյիս ամէնէն ամբողջական եւ վաւերական երգախումբին պատկանելու կոչուած էին. ասոր հաւաստիացումը ստացայ, երբ զայն ցոյց տուի, 1996ին, հայրենի բազմահմուտ գիտնական Արուսեակ Սահակեանին։ Ան յորդորեց զիս, որ հաւաքած երգերուս լոյս ընծայումը սկսիմ Բալուէն։ Տիկին Արուսեակ տեղեակ էր կատարած աշխատանքէս եւ կարեւոր գիւտերէս (Տիգրանակերտ, Վան, քրտահայկական…), բայց Բալուն անոնց մէջ մեծ նորութիւնն էր։ Ահա այսպէս, 10 տարիներէ աւելի ձեռնարկած եմ Բալուի երգերու ուսումնասիրութեան՝ իմ տրամադրութեան տակ գտնուած միջոցներով։
Գիրքը ուսումնասիրութիւն մըն է. իւրաքանչիւրը այս գրքին պիտի ունենայ, կողքերուն ներսի երեսներուն զետեղուած, երկու խտասալիկներ որոնք կը պարունակեն այն 72 երգերը, որոնց նուիրուած է այս հատորը։ Այդ երգերուն 90 տոկոս ը անծանօթ է հանրութեան։ Հատորին ներածականը կը պատկանի ֆոլքլորագէտ, հայկական ազգագրական ստեղծագործութեանց մասնագէտ Տիկին Ա.Սահակեանի գրչին, որուն դրդումով եւ քաջալերանքով ձեռնարկեցի Բալուի երգերու այս ուսումնասիրութեան։
Հատորը կը բաղկանայ երեք մասերէ։ Ա. Մաս. Տիկ. Սահակեանի Ժառանգութիւն եւ Ժառանգորդ ներածականին եւ մեր Նախամուտին կը յաջորդեն պատմավերլուծական վեց գրութիւններ եւ Բալուի 1913ի քարտէսը։ Իբրեւ վերջաբան այս առաջին մասին, կցած եմ բաւական ստուար մատենաքաղային (compilatory) փունջ մը ազգագրական երգային-բնագրային նմոյշներու՝ տարածաշրջանի 30է աւելի գիւղերու, քաղաքներու, Ակնէն մինչեւ Քղի, այբբենական շարքով (յարգելով անոնց գաւառաբարբառները)։
Բ. Մասը հակիրճ վերլուծական (մատչելի գիտականութեամբ) քննարկումն է Բալուի այդ 72 եւ տարածաշրջանի երգերուն։ Իւրաքանչիւր երգ ներկայացուած է իր ձայնանիշերով եւ խօսքերով։ Այս մասին երկրորդ Գլուխը կ՚ամփոփէ բանագէտ Սահակեանի «թեքսթաբանական» նշմարները մօր 35 երգ-բնագիրներու։
Գ. Մասին մէջ զետեղուած են, ի միջի այլոց, գաւառաբառերու բառարանը, մատենագրութիւնը, բոլոր երգերուն զանազան տարբերակներուն լրիւ ցանկը եւ նշումը թէ անոնցմէ որոնք ծառայած են խազահանումին եւ որոնք առնուած են խտասալիկին վրայ։
Ինչպէս ըսի, հատորին կողքերուն ներսի երեսներուն պիտի գտնուի երկու CDները. ասոնք երգ-մեղեդիներ են առանց որեւէ գործիքային միջամտութեան, նախնական, հում վիճակի մէջ, միաձայն, իբրեւ ազգագրական ատաղձ եւ երգային փաստագրութիւն կատարուած աշխատանքին։ Վերջապէս հատորը պիտի ունենայ քանի մը յատկանշական նկարներ Բալուն ներկայացնող (կարիքը ունիմ յաւելեալ նկարներու)։ Անհրաժեշտ է գրքին մէջ տեղ տալ պարունակութեան հակիրճ ամփոփումի մը անգլերէն լեզուով։ Գիրքը կ՚ենթադրէ 220-250 էջեր։
Ի՞նչ կը ներկայացնէ այս գործը։ Բացայայտօրէն, այս հատորը, ԲԱԼՈՒ, մարմնացում մըն է։ Անով՝ Արեւմտահայաստան աշխարհի խորտակուած «4000 տարուայ Ծիրանի» ին մէկ ոստը կը կանաչի, ոգի եւ շունչ կը հագուի, կեանք մը ամբողջ կը վերածնի, կը նիւթեղինանայ նոյնիսկ, իր երգերով, ժողովրդական բարբառով։ Այս հատորը հայրենի հողին հետ կենարար հաղորդակցութիւն մը չէ՞ միթէ Բալուի նուիրուած դրասանգը, բուրումնաւէտ եւ հիւթալից՝ իր պարերով ու աղջիկներով, պտուղներով եւ սէրերով։
Հ.- Ձեր կարծիքը… Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ երաժշտութեան վիճակի մասին։
Պ.- Այս նիւթը բազմագլխանի դրոյթ է եւ տոքթորայի the’se։ Հայրենիքի մէջ գոյութիւն ունին պետական մակարդակով միջնակարգ եւ բարձրագոյն հիմնարկներ, ուր կան մեծ թիւով տաղանդաշատ աշակերտներ, բայց անոնցմէ շատ շատեր կը գաղթեն այլ՝ եւրոպական երկիրներ, ուր իրենց տաղանդը եւ կարողութիւնները նկատի կ՚առնուին։ «Վիճակ» բառը հետաքրքրական է ձեր հարցումին մէջ. այո, ամէն մէկը իր գլխուն ճարը փնտռած է, երբեմն գտած։ Մենք ունինք մեծ տաղանդներ, որոնք փառքի տիրացած են եւ, եթէ հայ անունը պահած են, պատիւ կը բերեն մեզ (օրինակները շատ են՝ երգչուհիներ, երգիչներ, ջութակահարներ, մանաւանդ դաշնակահարներ)։ Ազգային իմաստով այս անձերը համեմատաբար քիչ ներդրում ունին մեր տեսլականը ձեւաւորելու եւ ոճաւորելու իմաստաով։ Ազգային իմաստով Արփինէ Փեհլիվանեան մը կամ Վաչէ Պարսումեան մը աւելի արժէքաւոր են, քան հայկական ծիրէն անդին շրջող անհատականութիւնները։ Այս յիշածս երկու անունները պատահականօրէն չէ, որ կը նշեմ. անոնք, ունենալով հանդերձ բարձր գագաթներու տիրանալու կարողութիւնը, կամովին ընտրած են գործել հայ համայնքէն ներս եւ վճռած՝ հայ ոգիով երաժիշտ սերունդ պատրաստել։ Կրկին կ՚ըսեմ, զուտ հայկական տեսանկիւնէ դիտած հայ «Դիլիջան», «Անի» եւ նման խումբեր – որոնք բարձր մակարդակով հայ եւ օտար երաժշտութիւն մեզի կը հրամցնեն հերթականօրէն, կամ, հայ եւ այլ պարարուեստը կը պանծացնեն այս օտար ափերու վրայ – աւելի մօտ է մեր սրտին քան, օրինակ, իտալական օփերա մը իտալացիէ մ՚աւելի իտալականօրէն երգող Գեղամ Գրիգորեան մը, որ Երեւանէն հոս հրաւիրուեցաւ մեզի «Օթելլօ» երգելու համար Ապրիլ 24ի օրը, փոխանակ Սպենդիարեանի «Ալմաստ»ը ներկայացնելու, եթէ միայն օփերա երգող է։ Այս նոյն իմաստով, նոյն Ապրիլ 24ի երեկոն նոյն բեմին վրայ, իր ներկայութեամբ ազգային անմար արժէք մը ներկայացուց Արթուր Փափազեանը, իսկական հայը որ, վաւերական արուեստագէտ, ինքզինքը յարգել գիտցաւ այդ երեկոյեան նուագելով Յարութիւն Դելալեանի «Նուիրում Կոմիտասի» անմահ Սոնաթան։ Ահա երկու տեսակի արուեստագէտ հայեր. առաջինը մեզի համար անօգուտ, երկրորդը՝ մեր հոգիին թագը։ Այս անծայրածիր հարցը կը փակեմ ըսելով՝ հայկական պարախումբի մը մէջ թրծուած եւ դարբնուած անձէ մը աւելի կը սպասուի հայ ապագայ մեծ արուեստագէտը, քան թէ հայ ծագումով օտարոտի մեծ երգիչը։ Ազնաւուրը բացառիկ բացառութիւն մըն է, քանզի ներքին գիտակից հոգեփոխութեամբ մը ան վերստին հայ ծնաւ՝ տարիներով ինքզինք միմիայն ֆրանսացի երգիչ-երգահան, շանսոնիյէ, դաւանելէ ետք։
Հ.- Լոս Անճելըս ձեր ապրած տարիներուն ի՞նչ երժշտ. գործունէութիւն տարած էք։ «Համազգային»ի երաժշտ. միաւորի գործունէութենէն մինչեւ «Լարք»ի հետ համագործակց.ն։
Պ.-1993/4էն մինչեւ օրս իմ երաժշտական գործունէութիւնս կը հիւսուի 2 հիմնական առանցքներու շուրջ։ «Բալուի ազգագրական երգեր»ու հատորիս եւ ձայներիզներուն պատրաստութիւնը եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի աշխատակցութիւնս, ինչպէս նաեւ գրական այլազան հանդէսներու համար երաժշտագեղագիտական ուսումնասիրութիւններս («Հորիզոն», «Բագին», «Յառաջ», «Առագաստ», «Նարցիս», …)։ Այս շրջանին ելոյթներ ունեցած եմ բանախօսի հանգամանքով՝ Բարսեղ Կանաչեանի մասին, հայ ազգագրական երգի շուրջ, նաեւ իմ երգահաւաքի գործունէութեան առնչութեամբ։
Այս գործերուն առընթեր, երաժշտագիտական աջակցութիւնս մատուցած եմ սկիզբէն ի վեր «Համազգային»ի Կլէնտէյլի բաժանմունքի Երաժշտական միաւորին։ Այս Ե. Մ.ին լոյս ընծայած բազմաթիւ խտասալիկներուն ներդիր գրքոյկներուն մէջ տեղ գտած երժշտ. գրութիւնները եւ յայտագրուած երգ-երաժշտութեանց քննարկումները իմ գրչին կը պատկանին։ «Համազգային»ի 80ամեակին առիթով լոյս տեսնելիք հատորին մէջ (2008 Յունիս-Յուլիս, Կլէնտէյլ) կարճ յօդուածով մը վեր առած եմ այդ արժէքաւոր խտասալիկներու շարքը, որոնք ցարդ հրապարակ հանուած են հայ գեղարուեստը եւ իմացականութիւնը յարգող հայորդիներու հոգեկան բաւարարութեան համար։ Այդ ծրագիրը դեռ շարունակելի է։ Իսկ «Լարք»ի երաժշտական տեսիլքին խմորումներուն աջակցութիւնս չեմ զլացած՝ Վաչէ Պարսումեանին եւ իր կազմակերպած համերգներու նուիրուած յետ-հանդիսութեանց գրական-քննադատական յօդուածներովս «Ասպարէզ» օրաթերթին էջերուն մէջ։ Նաեւ երկու յաջորդական դասախօսութիւններով իմ մասնակցութիւնը բերած եմ Հայ երգին նուիրուած ուսումնական շարքին մէջ 2007ին կազմակերպուած, «Լարք»ի սրահներէն ներս, «Համազգային»/Լարք զուգորդութեամբ։
Հ.- Ձեր կենսագրութիւն… ի՞նչը ձեզ մղեց դեղագործութենէն անցնելու երաժշտութեան:
Պ.-Հայրս ունէր բանուկ դեղարան մը Պէյրութի կարեւոր պողոտաներու մէկուն վրայ, «Խաղաղութեան դեղարան» անունով. ան զոհ գնաց Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմին, աւելի քան 45 տարիներ ծառայելէ ետք համայնքին։ Ըլլալով իր միակ արու զաւակը, հայրս թախանձագին խնդրած էր ինծմէ յանձն առնել այդ շահաբեր հաստատութեան ճակատագիրը։ Իսկ ես պժգացած ըլլալով շուկայական կեանքէն, ոտքս չեմ դրած մեր դեղարանէն ներս։ Երբ աւարտեցի Պէյրութի Ն. Փ. Ճեմարանը, հայր եւ որդի յանգեցանք փոխբարոյական պարտաւորութիւններու։ Ես փորձ մը պիտի կատարէի ուսանիլ իմ չսիրած այդ ճիւղը, բայց այդ «զահմէթը» պիտի քաշէի հօրս «խաթրին»՝ այո, բայց ոչ Լիբանանի մէջ, այլ Եւրոպա։ Եթէ յաջողեցայ, յանձն պիտի առնէի դեղարանին ղեկը։ 1956-61 բախտը ունեցայ Պելճիքայի Լուվէն քաղաքի ծանօթ համալսարանէն ներս աւարտել դեղագործական ուսումս եւ վերադառնալ Պէյրութ։ Այս համալսարանէն ներս ուսանած են շարք մը անուանի հայորդիներ, օր.՝ Մուշեղ Իշխան, Գրիգոր Շահինեան, Երուանդ Փամպուքեան. հոն ունեցած ենք հայագիտական կաճառ, որուն ուսուցչապետներէն եղած է նշանաւոր հայագէտ Ատոնցը, մահացած Երկրորդ համաշխ. պատերազմի ընթացքին։ Վերադառնանք Պէյրութ։ Չորս տարի քաշ տուի կեանքս տունէն դեղարան եւ՝ ետ տուն։ Հայրս չէր վճարեր. «առ ինչ որ կ՚ուզես», ըսած էր օր մը։ Ես դրամի կարիքը չունէի։ Ազապ էի, ինչպէս պիտի ըսէին Բալուի մէջ։ Օրին մէկը Եւրոպա երաժշտական ուսումի մեկնած ընկերոջմէ մը նամակ առի. յուսահատ էր. ունէր նիւթական մեծ դժուարութիւն։ Թէեւ ինծմէ դրամ չէր ուզեր, իրմէ խնդրեցի իր ամսական միջին ծախսին գումարը. երբ ստացայ իր պատասխանը, մտածեցի որ եթէ ե՛ս ըլլայի իր տեղ, հայրս պարտաւոր էր ինծի ուղարկել այդ գումարը եւ, առանց երկմտելու, հաւաքեցի դեղարանի դրամարկղէն ընկերոջս կարիքին համապատասխան գումարը եւ նամակով մը դրամատան մը միջոցով ուղարկեցի իրեն։ Ամէն ամիս կրկնեցի այս «ժեսթ»ս։ Օրին մէկը մտածեցի, որ եթէ տկարանամ եւ յանկարծ ուղարկածներս ետ ուզեմ, ինծմէ աւելի վարնոցը չկայ. տուն հասնելուս պէս մէջտեղ հանեցի պանքայի բոլոր ստացագիրները եւ այրեցի. ուրախացայ, որ այլեւս չեմ կրնար ետ ուզել ղրկածներս, քանի որ փաստ չունիմ… Այս բոլորէն գաղտնի եւ ծածուկ մնացած սխրագործութիւնը շարունակեցի չորս տարի։ Չորս տարի ետք, մօրմէս ծածուկ, հօրս հետ համաձայնաբար (ըստ մեր ըրած ուխտին), հայրս փոքր քոյրս առաւ իրեն օգնական եւ ինծի ուղարկեց կրկին Պելճիքա, այս անգամ Պրիւքսէլի պետական համալսարանը՝ երաժշտագիտութեան ուսանող։ Եւրոպայի ընկերս ի՛նքը խնդրեց ինծմէ դադրեցնել առաքումներս, քանի որ ես կրկին ուսանող էի այլեւս։ Այս նոր արկածախնդրութիւնս տեւեց հինգ տարի։ Ոչ միայն տիրացայ վերը նշածս վկայականին (տես թիւ 1 հարցումը), այլ իմ շատ երկար կեցութիւնը այս չքնաղ երկրին մէջ ինծի ընծայեց անոր քաղաքացիութիւնը։
Հ.- «Բալու»էն ետք ծրագիրներ ունի՞ք։
Պ.- Լոյս ընծայէլ աջ ու ձախ մամուլին մէջ ցրուած գրութիւններս՝ ուսումնասիրական եւ հրապարակագրական։ Ունիմ 45-50 տարուայ նամակագրութիւն եւ օրագրութիւն։ (Ֆրանսերէն եւ հայերէն գրուած նամակներէս կարեւոր մէկ մասը ինծի համար աւելի հետաքրքրական է, քան հրապարակագրական յօդուածներէս շատերը)։ Գրութիւններ կան, որոնք կարծես գեղարուեստական բոյր մը ունին… օրինակ Մ. Նշանեանին «Կամ» տարեգրքին (թիւ 3-4, 1986), նաեւ Կլէնտէյլի «Բաց նամակ» պարբերաթերթիկին մէջի գրութիւններս, մեկ երկու հատ ալ «Ասպարէզ»ին մէջ։ Մէկտեղածս հնութիւններուն մէջ կան մեծ թիւով 78-պտոյտք հին ձայնասկաւառակներ. անոնք հարկ է արժեւորել՝ խտասալիկի վերածելով (ունիմ անհամար թիւով ձայներիզներ, որոնք կը պարունակեն բոլոր ազգերու ազգագրական երգ-երաժշտութեան նմոյշներէն)։ Ի՞նչ ընել օր մը այդ բոլորը. ֆրանսերէն մեծ քանակով գիրքերս։
Հ.- Ձեր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէն որո՞նք կ՚առանձնացնէք։
Պ.- Շնորհակալ եմ այս գեղեցիկ հարցումին համար։ Առ նուազն երեք են անոնք.
ա) Բարսեղ Կանաչեան («Ահեկան» պարբերաթերթ՝ Պէյրութ, 70ական թթ.։ «Բագին՝ նախորդին դադրելէն ետք։ Կանաչեանի ամբողջական գործերուն խտասալիկներուն, 3 CD, լոյս ընծայման առիթով, ներդիր տետրակ՝ «Համազգային»ի Երժշտ. միաւորին հետ)։
բ) Յարութիւն Դելլալեան (Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 2000թ. Գրական յաւելուած։ Անոր զարգացած տարբերակը՝ «Բագին»ի մէջ։ «Ասպարէզ»ի 2005ի Ապրիլեան բացառիկը՝ հեղինակին մահուան 15ամեակին առիթով)։
գ) Սիրվարդ Գարամանուկ («Յառաջ», Հոկտեմբեր 2005ի «Միտք եւ Արուեստ» թիւը):
Այս երեքն ալ մասնակի ուսումնասիրութիւններ են։ Գլխաւորը եւ ամբողջականը կը մնայ Բալուն։