ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Ստեփան Դեմիրճեան հակասահմանադրական նկատած է Ազգային ժողովի հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու վերաբերեալ օրէնքի փոփոխութիւնները։
Դեմիրճեանի համաձայն, օրէնքի այս փոփոխութիւնները հնարաւորութիւն կու տան իշխանութեանց կամայականօրէն արգիլելու իրենց համար անցանկալի ցոյցերն ու հանրահաւաքները։
Իշխանութիւնները պէտք է գիտակցին, որ ճնշումներու միջոցաւ «հնարաւոր չէ յաղթահարել այս ճգնաժամը, յայտնած է Դեմիրճեան «Ազատութիւն» կայանին, աւելցնելով, որ «առաջին հերթին, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել կեղծարարներին եւ բռնարարքներ իրականացրած անձերին, դադարեցնել քաղաքական հետապնդումները, տարանջատել քրէական յանցագործութիւններ կատարած անձերին իրենց քաղաքական դիրքորոշումն արտայայտող մարդկանցից։ Եւ անկասկած, պէտք է անցկացուի Մարտի 1ին կատարուածի անկախ միջազգային հետաքննութիւն»։
Դեմիրճեան նաեւ յայտնած է, թէ իր կուսակցութեան ոեւէ անդամ ձերբակալուած կամ կալանաւորուած չէ։
Նոյնը կարելի չէ ըսել «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան մասին, որու ղեկավար խորհուրդի անդամներէն Արտակ Զէյնալեանի համաձայն, կուսակցութիւնը փաստացիօրէն արգիլուած վիճակի մէջ է։
Զէյնալեան յայտնած է, թէ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի երեք անդամներ՝ Սմբատ Այվազեան, Սուրէն Սուրէնեանց եւ Գեղամ Յարութիւնեան, կալանաւորուած են, իսկ կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեան եւ քաղխորհուրդի անդամներ Սուրիկ Աբրահամեան ու Ռաֆիկ Մկրտչեան ընդյատակ անցած են։