Երեւանի Հրաչեայ Ներսիսեան փողոցի վրայ գտնուող մանկական քաղցկեղի հիւանդութեանց դէմ պայքարող հիւանդանոցի երրորդ յարկի պատերէն մէկուն վրայ ձեր անունը կրնայ արձանագրուիլ իբրեւ հրեշտակ՝ որ 250 տոլար նուիրելով կեանք մը փրկելու գործին իր մասնակցութիւնը բերած է։
Այս յարկը վերջերս յատկացուած է Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իբրեւ ոչ շահութաբեր, տուրք վճարելու պարտաւորութենէն ազատուած Հայկական Ոսկրածուծի Նուիրատուներու Պահոց -ՀՈՆՊ- մեր կողմէ պայմանական թարգմանուած անունը կրող կազմակերպութեան՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ, քսան տարուան համար։
Մեր զրուցակիցը, դոկտոր Ֆրիդա Չորդըն, այս կազմակերպութիւնը հիմնադրած է 1999ին եւ այս կարճատեւ շրջանին յաջողած է համազգային ուշադրութիւն հրաւիրել կեանք փրկելու առաքելութեան լծուած այս ձեռնարկին վրայ։
Մամուլի տարբեր միջոցներու ներկայանալով, Ֆրիդան ու իր գործակիցները կը փորձեն հանրութիւնը տեղեակ պահել իրենց կազմակերպութեան տարած աշխատանքներու եւ հետապնդած անմիջական ու հեռակայ նպատակներու մասին, իբրեւ նախապատրաստութիւն Ապրիլ 13ին կայանալիք յատուկ թելեթոնին։
Թելեթոնի նպատակը առնուազն վեց հարիւր յիսուն հազար տոլար հանգանակել է, որպէսզի կարենան ցօղունային բջիջներ բուծանող ու հաւաքող կեդրոն մը կառուցել։ Կեդրոնի կառուցման ընդհանուր ծախսը աւելի է, քան ութ հարիւր յիսուն հազար տոլար։ Կազմակերպութիւնը ներկայիս իր տրամադրութեան տակ ունի երկուհարիւրյիսուն հազար տոլար, որու հարիւր հազարը նուիրած է «Լինսի» հիմնարկութիւնը։
Ի՞նչ կը նշանակէ եւ ի՞նչ պիտի ընէ այս կեդրոնը։
Ներկայ դրութեամբ, Հայաստանի մէջ հնարաւորոթիւն չկայ ոսկրածուծի պատուաստում կատարելու։ Այս պայմաններու տակ, ՀՈՆՊ պարտաւոր է բաւարարուիլ հետեւեալ աշխատանքներով.-
Առաջին հերթին, աշխարհի չորս կողմեր սփռուած հայկական համայնքներու մէջ ոսկրածուծի նուիրատուներ զինուորագրել եւ անոնց տուեալները արձանագրել ու կեդրոնացնել։ Ցարդ ութ երկիրներու մէջ նուիրատուներ արձանագրելու արշաւներ կատարուած են եւ հաւաքուած են տասնչորս հազար անձի տուեալներ։ Ութ երկիրները, ուր կազմակերպուած են արշաւներ, հետեւեալներն են. Միացեալ Նահանգներ, Հայաստան, Ղարաբաղ, Իրան, Յունաստան, Քանատա, Պուլկարիա եւ Սուրիա։
Արեան քաղցկեղէ տառապող հիւանդներ, հայ թէ օտար, առայժմ բացարձակ մեծամասնութեամբ հայեր, բուժման միւս բոլոր ճանապարհները ապարդիւն փորձելէ ետք կը դիմեն կազմակերպութեան, որ կը փորձէ գտնել հիւանդի արեան տեսակին ու կազմուածքին համապատասխանող ողնածուծ ունեցող նուիրատուն։
Կազմակերպութիւնը ապա հիւանդի բժիշկին տեղեակ կը պահէ իր գտածի մասին, տալով նուիրատուի հասցէն։ Ատկէ ետք, բժիշկին կը մնայ շարունակել գործընթացը՝ մինչեւ պատուաստումը։
ՀՈՆՊ իր հնարաւորութիւններով անշուշտ կ’օգնէ հիւանդին, անոր խորհուրդներ տալով, առաջարկելով ամէնէն նպատակայարմար բուժման կէտը, կամ երկիրը։ Ծախսերը հսկայական են եւ այդ գծով ՀՈՆՊ շատ չի կրնար օգնել հիւանդներուն։ Հայաստանի պարագային, այս նոր կեդրոնի նախաձեռնութիւնը անհամեմատ նուազ ծախսալի պիտի դարձնէ պատուաստումը, տեղւոյն վրայ բոլոր գործողութիւնները կատարելու հնարաւորութիւն տալով։
Այս հարթութեան վրայ, ՀՈՆՊ պարզապէս կը հետապնդէ իր նուիրատուներու շտեմարանը մեծցնել, զայն փորձելով հասցնել երեսուն հազարի։ Իւրաքանչիւր նուիրատուի հետ աշխատիլը, մինչեւ անոր անուան ներմուծումը պահոցի տոմարին մէջ հարիւր յիսուն տոլարի ծախս կ’ըլլայ կազմակերպութեան։
Անցեալ տարիներուն ութ հարիւր հիւանդ դիմած է կազմակերպութեան, որոնցմէ 360ին համապատասխանող նուիրատուները գտնուած են։ Դոկտ. Ֆրիդա կը յայտնէ, որ ութ հիւանդի պարագային պատուաստումի բարեյաջող աւարտի մասին տեղեակ են։
Ներկայիս Հայաստանի մէջ չորս հիւանդներ կը սպասեն պատուաստումի փուլին։ Նուիրատուները գտնուած են, սակայն անոնց միջոցներ կը պակսին աւարտին հասցնելու համար գործընթացը։
Բուծանման կեդրոնը նուիրատուներու ցօղունային բջիջները աւելցնելու կը ծառայէ։ Նուիրատուին երկուքէն երեք օր յատուկ դեղեր կը տրուին, որոնց միջոցաւ ցօղունային բջիջներու թիւը կ’աճի անոնց մարմնին մէջ։ Կեդրոնի սարքերով, այդ յաւելեալ բջիջները կը հաւաքուին ու կը դրուին ի պահ՝ պատուաստումի նպատակով։
Թելեթոնի ընթացքին կոչ պիտի ըլլայ հանրութեան, որ հարիւրական տոլարով մէկ քառակուսի ոտքի շինարարութեան ծախսերը հոգան, կամ 250 տոլարով ստանան կեանք փրկող Հրեշտակի տիտղոսը, իսկ սենեակներու մասնակի հովանաւորներ կրնան դառնալ հինգ, տասը, տասնհինգ եւ քսան հազար տոլար նուիրողները։
Թելեթոնի ծրագիրը կը պատրաստեն Յարութիւն եւ Պիանքա Մանուկեանները։ Բաւական ճոխ յայտագիր մը պիտի ներկայացուի հանրութեան, որու ընթացքին պիտի ներկայացուի կազմակերպութեան գործունէութիւնը, պատմութիւնը, իրագործումները։
«Պէտք է շեշտել, որ այս աշխատանքը միայն Հայաստանի հայերու համար չէ, այլ համայն հայութեան, ուր ալ որ ապրին անոնք», կ’ըսէ դոկտոր Չորդըն, աւելցնելով, որ մենք ազգային իւրայատուկ տեսակ ենք եւ ունինք շատ նոյնութիւններ։ Նոյնիսկ շրջանային նմանութիւնները նկատի կ’առնենք։ Օրինակ, եթէ պուլկարահայ հիւանդ մը մեզի դիմէ, մենք ամէնուր կը փորձենք գտնել նախապէս Պուլկարիա ապրած հայեր եւ զանոնք հրաւիրել դառնալու նուիրատուներ։
Կազմակերպութեան նախագահն է ինքը՝ հիմնադիրը, դոկտ. Չորդըն։ Ղեկավար վարչութեան ատենապետն է յայտնի իրաւաբան Մարք Կիրակոս։ Վարչութեան կազմի անդամներէն են՝ տոքթ. Քարոլայն Նաճարեան, Մայքըլ Մահտէսեան, Ճան Ապտուլեան, Հայաստանի գործերու տնօրէն տոքթ. Սեւակ Աւագեան, Հրանդ Մելքոնեան, տոքթ. Վերժինէ Մատէնլեան, Փաթրիք Փիթըր, Արթուր Զաքարեան, Քաթըրին Փելի, Տիանա Արթունեան, Ալվարդ Պատալեան, Քրիս Քըրթնի, Միշէլ Սէյրանեան եւ տոքթ. Այտա Շիրինեան-Գալուստեան։
Մի մոռնաք, հետեւեցէք թելեթոնը ծանուցող յայտարարութիւններուն ու բերէք ձեր մասնակցութիւնը կեանք փրկող այս ճիգին։