28 Մարտին Ս. Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս լիբանանահայ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը պարգեւատրած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանով՝ անոր 70ամեայ յոբելեանի առիթով եւ մշակոյթի անդաստանին մէջ անոր ներդրումին եւ արգասաւոր ծառայութեան ու վաստակին համար։
Ս. Էջմիածինի հաղորդած տեղեկատուութենէն կ’իմանանք, որ վեհափառը շեշտած է Վ. Խտըշեանի վաստակը սփիւռքահայ թատրոնի զօրացման եւ յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք թատերական կապերու ամրապնդման ու արդիւնաւորման կարեւոր գործին մէջ։
«Թատերասէր հայ հասարակութեան ծանօթ են ձեր բեմադրութիւնները եւ յիշարժան բեմականացումները Հայաստանի բեմերուն վրայ։ Անոնք մեծ աշխուժութիւն յառաջացուցին Մայր հայրենիքի մշակութային կեանքին մէջ։ Հիւրախաղերով հանդէս գալով Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ՝ դուք նաեւ հայաշունչ ոգին ու մեր թանկագին արժէքներուն նկատմամբ սէրը հաստատած էք մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն մէջ», ընդգծած է վեհափառը։