ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Ղարաբաղ Օփըն» համացանցային լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պետ Մանուշակ Մինասեանի ներկայացուցած տուեալներով, Արցախի մէջ միջին աշխատավարձը կը կազմէ 33,302 դրամ, իսկ նուազագոյն մթերային զամբիւղը ապահովելու համար անհրաժեշտ է 22,100 դրամ։ Այսինքն, միջին աշխատավարձ ստացող արցախցին կրնայ իր նուազագոյն պահանջները ապահովել եւ քիչ մըն ալ աւելի։
Վիճակագրութեան վարչութեան պետի հրապարակած տուեալներու համաձայն, 2008ի Յունուար 1ի դրութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բնակչութեան թիւը 138,833 է, որոնցմէ 71.8 հազարը կիներ, իսկ 67 հազարը տղամարդիկ։
Նոյն աղբիւրին համաձայն, նպաստ ստացող երեխաներու թիւը 15.5 հազար է, գրանցուած թոշակառուներու թիւը՝ 33,585, իսկ հաշմանդամներունը՝ 10,200։
Արցախի մէջ կիներու միջին երկարակեցութիւնը 76.2 տարեկան է, իսկ տղամարդոցը՝ 71.8 տարեկան։ Գործազրկութիւնը հանրապետութեան մէջ 5.1 տոկոս է եւ գործազուրկներու 92 տոկոս ը կիներ են։ Վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով Արցախի մէջ միջին աշխատավարձը կը կազմէ 68.3 հազար դրամ, որ նախորդ տարուան համեմատ 21 տոկոս աւելի բարձր է։ Պետական համակարգի մէջ աշխատողներու միջին աշխատավարձը 77 հազար դրամ է։