
Սիւնիքի Խնածախ եւ Խոզնավար գիւղերու անհանգիստ գիշերները կը շարունակուին: Բնակիչները կը պատմեն, որ ամէն ուշ երեկոյ, նոյն ժամուն հրաձգութիւնը կը վերսկսի: Ո՛չ Հայաստանի ոչ ալ Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնները նախորդ օրերուն սահմանային միջադէպերու մասին հաղորդած են, սակայն Խնածախէն կ՛ահազանգեն, որ շաբաթավերջին, ատրպէյճանական կրակոցներէն գիւղի տանիքներէն մէկը վնասուած է:
Բնակիչ մը պատմեց, որ իրենց դրացի տուներէն մէկուն տանիքին թիթեղը վնասուած է, սակայն, տունը դատարկ է, անոր մէջ ապրողներ չկան. տեղի ունեցածին մասին յայտարարութիւններու բացակայութիւնը «Ազատութեան» զրուցակիցը վերագրեց այս հանգամանքին:
Խնածախի եւ դրացի Խոզնավարի բնակիչները գիշերային կրակոցներով կը լուսցնեն օրը արդէն մէկուկէս ամիսէ ի վեր. այս ընթացքին, գիւղերուն ուղղութեամբ կրակոցին մասին պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորս անգամ հաղորդեց, երբ քաղաքացիներու ենթակառուցուածքներ թիրախ դարձան:
Պաշտպանական գերատեսչութիւնը ընդհանրապէս ատրպէյճանական կողմի` իրենց դիրքերը թիրախ դարձնելու մասին մեղադրանքները կը հերքէ՝ ամէն անգամ կրկնելով սահմանային միջադէպերը քննելու Երեւանի առաջարկը, որ, սակայն, Ատրպէյճան հետեւողականօրէն անարձագանգ կը ձգէ:
5 Մայիսին, լրագրողներ խորհրդարան այցելած պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեանէն փորձեցին բացատրութիւններ ստանալ: Սարգսեան յայտարարեց, որ եթէ կրակոցներուն յաճախականութիւնը պահպանուած ըլլար, հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակուէր: «Եթէ նման դէպքեր արձանագրւում են, (նախարարութիւնը) անպայման իրազեկում է հանրութեանը …Եթէ պահպանուած լինէր, ապա կը լինէր հաղորդագրութիւն», յայտնեց ան:
Խնածախցիները կը պատմեն, որ շարունակական կրակոցներուն պատճառով իրենց կենցաղը փոխուած է: Կ՛ըսեն՝ երեկոյեան տունը կը բանտարկուին, դուրս չեն գար, նոյնիսկ կը խուսափին պատուհաններուն մօտ գտնուելէ: Գիւղատնտեսական աշխատանքները նոյնպէս կը տուժեն, անասուններուն թիւը կը նուազի, քանի մը ընտանիքներ ալ այժմ գիւղէն տեղափոխուելու մասին կը մտածեն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանային իրադրութեան վերջին անգամ անդրադարձաւ շաբաթ մը առաջ, թէեւ կրակոցները կը շարունակուին, բայց եւ այնպէս Հայաստանի կողմն ու Ատրպէյճան ալ լուռ են։