
22 Ապրիլին, Քոսթա Մեսայի հայութիւնը միասնաբար ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակը, տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ շրջանի հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ իրականացած ոգեկոչման բացման աղօթքը կատարեցին Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ Երեմիա վրդ. Աբգարեան, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան շեշտեց, թէ հայութիւնը միշտ պիտի յիշէ Ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցում պիտի պահանջէ։


Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր համայնքի ղեկավարներէն Մելքոն Մելքոնեան, որ խօսեցաւ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին եւ հայութեան նոր սերունդին միջեւ անքակտելի կապին կարեւորութեան մասին՝ զայն նկատելով հայութեան վերապրելու ոգիին հիմնաքարը։
Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Գէորգ Մատէնլեան եւ ACYO-ի ու ՀԲԸՄի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Աղրեան։
Նաեւ, Արթիժայի քաղաքապետ Ալի Սաժժատ Թաժ եւ Պրէայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարթի Սիմոնոֆ իրենց քաղաքներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտումի հռչակագիրներ յանձնեցին։


