ԵԱՏՄը ունի միջազգային իրաւական գործիքներ իր անդամ պետութիւններու շահերը պաշտպանելու համար՝ եթէ Հայաստան խախտէ միութեան վերաբերող պայմանագիրը, «Ռիա Նովոսթի»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու առաջին բաժանմունքի տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեան:
«Եթէ Երեւան ձեռնարկէ ԵԱՏՄի իրաւունքին հակասող քայլերու, ինչ որ, ինչպէս մենք կը նախատեսենք, տեղի չ՛ունենար, այլ կերպ ըսելով՝ ըստ էութեան խախտէ ԵԱՏՄի պայմանագիրը, մենք ունինք պէտք եղած միջազգային-իրաւական գործիքակազմերը՝ միութեան միւս անդամ պետութիւններուն շահերը պաշտպանելու համար», նշեց Աղասանդեան, ըստ որուն, Երեւան ոչ մէկ անգամ հրապարակաւ կամ երկկողմ կապերուն ընթացքին յայտարարած է պայմանագիրէն դուրս գալու մտադրութեան մասին, այլ հակառակը՝ աշխոյժ կերպով կը մասնակցի միութեան ներքին բանակցութիւններուն, որ կը հաստատէ անոր շահագրգռուածութիւնը եւրասիական համարկման զարգացման հարցին նկատմամբ: