«Ազատութեան» հետ ունեցած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան դաշինքի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս յայտնեց, որ Հայաստանի կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմում չեն ստացած. երբ ստանան՝ պիտի քննարկեն զայն:
«Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական Միութեան գրաւչութիւնը հիմա աւելի բարձր է, քան նախապէս: Որեւէ երկրի համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմելու համար կան երկու պայմաններ՝ անիկա պէտք է ըլլայ պետութիւն մը եւ ըլլայ Եւրոպայի մէջ», ըսաւ Քոս:
Նախորդ ամիս, Հայաստանի խորհրդարանը որդեգրեց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին օրինագիծը: Նոյն ատեն, Երեւան կը յայտարարէ, որ թէեւ օրինագիծը համահունչ է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման ծրագիրին եւ Հայաստանի որդեգրած՝ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան, սակայն անիկա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յայտ չէ: «Այդ դիմումը ներկայացնելու համար Հայաստան շարք մը պէտք է անցնի ընթացակարգերէ. երբ անոնք գործադրուին, զանոնք նկատի կ՛առնենք», յայտնեց Քոս՝ աւելցնելով. «Պէտք է որոշ պայմաններ բաւարարուին, յետոյ կը տեսնենք»: