
Հայաստանի ոսկերիչներու, գոհարագործներու եւ զարդեղէններ ձեւաւորողներու եւ արտադրողներու ապագայ սերունդը պատրաստելու նպատակով, Հայ Ոսկերիչներու միութիւնը (Armenian Jewellers Association, AJA) համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքեց կրթական եւ արհեստներու ոլորտներուն մէջ լայնածաւալ փորձառութիւն ունեցող TUMO Studios-ին հետ։
Համագործակցութեան ծիրին մէջ, միութիւնը հեղինակաւոր ձեւաւորողներ, արտադրողներ եւ ոլորտի մասնագէտներ պիտի հրաւիրէ, որպէսզի անոնք Երեւանի TUMO Studios-ի սրահներուն մէջ դասընթացքներու, սեմինարներու եւ աշխատանիստներու, ինչպէս նաեւ խորհրդատուական ծրագիրներու միջոցաւ իրենց փորձառութիւնը փոխանցեն յաջորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն։
Գործակցութիւնը նաեւ կենսական կապեր պիտի հաստատէ ապագայ սերունդին եւ ոլորտի փորձառու անձնաւորութիւններուն միջեւ։
Նշենք, որ 1997ին հիմնուած Հայ Ոսկերիչներու միութեան 17 հոգինոց վարչութեան ներկայ նախագահը Իվեթ Ներսէսեան Ստեփանոփուլոսն է։