15 հայ ռազմագերիներու շինծու դատավարութիւնը Պաքու 28 Ապրիլին նուիրած էր 8 Մայիս 1992ին, հայկական ուժերուն կողմէ Շուշիի ազատագրութեան եւ այդ գործողութեան մասնակցողներուն:
Անկախ փաստաբաններու, լրատուամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեան ընթացող դատավարութեան մեղադրող դատախազը կարգ մը տեսանիւթեր ցուցադրել տալով՝ պնդեց, որ «Շուշին բռնագրաւելու հրամանը տուած է Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»։ Իբրեւ ապացոյց՝ ատրպէյճանցի մեղադրողը ներկայացուց Շուշիի ազատագրութիւնը ղեկավարած հանգուցեալ Արկադի Տէր Թադեւոսեանին` Կոմանդոսին վերագրուող տեսանիւթ մը` պնդելով, որ այդ գործողութեան ծրագիրը նախ ներկայացուած է այդ ժամանակ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանին, որ տուած է իր համաձայնութիւնը:
Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ ցուցադրուեցան նաեւ այլ տեսանիւթեր, որոնց մէջ կ՛ըսուի, թէ՝ «Շուշիի գրաւումը կատարուած է 4 ուղղութիւններով, զորս ղեկավարած են Սամուէլ Բաբայեան, Սէյրան Օհանեան, Վալերի Չիչեան եւ Արկադի Կարապետեան»:
Մէջբերումներ կատարելով ցուցադրուող տեսանիւթերէն` «Էյ. Փի. Էյ.» պետական գործակալութիւնը կը նշէ, թէ հայերու կողմէ պատրաստուած այդ տեսանիւթերուն մէջ կը նշուի, թէ Շուշին «բռնագրաւելէ» բացի, հայերը նպատակ ունեցած են «Շուշին մաքրել քալող միջատներէ»:
Շուշիի ազատագրութեան նուիրուած դատական նիստէն անմասն չմնացին նաեւ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահները: Յղում կատարելով հրապարակուած տեսանիւթերու եւ մասնաւորապէս Հայաստանի զինուած ուժերու զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեանին` ատրպէյճանցի դատախազը պնդեց, որ Շուշիի գործողութեան մշակման, նախապատրաստութեան եւ իրականացման մասնակցած են Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան:
Իբրեւ ապացոյց՝ դատարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Սերժ Սարգսեանին վերագրուող հարցազրոյց մը, որուն յղում կատարելով՝ կը նշուի, որ իբր թէ Սարգսեան ըսած է, թէ՝ «Շուշիի գործողութեան նշանակութիւնը այնքան մեծ էր, որ անոր անձամբ մասնակցած է նաեւ Ռոբերտ Քոչարեան»:
Այս մասին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, 1992ի Մայիսին, Շուշիի ազատագրութեան մասնակցած Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան ըսաւ հետեւեալը. «Այդ շինծու դատավարութիւնը նրա համար է նաեւ, որ տարբեր դրուագներով փորձեն ուժային մեթոդներով տուեալներ կորզել` իրենց վրայից յանցագործի պիտակը Հայաստանի վրայ դնելու համար»։
Օհանեան ընդգծեց, թէ Պաքու, որ այսօր յանցագործի իր պիտակը կը փորձէ բարդել հայ ժողովուրդին վրայ, Արցախի ինքնորոշման պատասխանեց պատերազմով եւ, ատրպէյճանական տարբեր բնակավայրեր վերածելով ռազմական յենակէտերու եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը թիրախ դարձուց: Այդպիսի յենակէտի մը վերածուած էր նաեւ Շուշին:
«Ստեփանակերտ մայրաքաղաքը, որտեղից իրականացւում էր ամբողջ Արցախի Հանրապետութեան կառավարումը, կենսագործունէութեան ապահովումը, գտնւում էր անընդհատ ռմբակոծութեան, անընդհատ հարուածի տակ, եւ ողջ ժողովուրդը նկուղներում էր: Եւ Արցախի իշխանութիւնը որոշում ընդունեց այդ ռազմական յենակէտերից ձերբազատուել` ճնշել այդ ռազմական յենակէտերը», ըսաւ Ս. Օհանեան՝ աւելցնելով. «Իրենք այդպէս մեղադրանքներ ներկայացնելու են բոլորին, ովքեր մասնակցել են Արցախի եւ Արցախի ժողովրդի ինքնապաշտպանական բոլոր գործողութիւններին: Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիմա խելամիտ գտնուի, իսկ դա մենք չենք տեսնում, հակառակը պէտք է տեղի ունենայ: Պէտք է յայտարարութիւններ լինեն, պէտք է միջազգային հարցերին տէր կանգնեն»: