Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով «խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի դրօշակը այրելը»՝ 23 Ապրիլին, Երեւանի մէջ ջահերով երթին, եւ 24 Ապրիլին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ հայ համայնքի հաւաքին ընթացքին։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գործողութիւնները կը համարէ՝ «Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս դեռեւս ուժեղ վրէժխնդրական եւ ցեղային ատելութեան վրայ հիմնուած մտածողութեան բացայայտ դրսեւորում»:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ կանխէին այսպիսի արշաւները, որոնք ցեղային ատելութեան դրսեւորում են, եւ ձեռնարկէին համապատասխան ապահովական քայլերու։
Բացի այդ, Պաքու կոչ ուղղեց՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու «այս վանտալիզմի գործողութիւնները կատարած անձերը»: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ խստօրէն դատապարտելու այս սադրիչ գործողութիւնները: