


Կլենտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակի ոգեկոչման նուիրուած 24րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 21 Ապրիլի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերը ոգեկոչելու կողքին, ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ տօնելու հայութեան վերապրումը։
Ձեռնարկին սկիզբը, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները տեսանիւթով մը փոխանցեցին իրենց պատգամները՝ յոյժ կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրազեկման աշխատանքները։
Այնուհետեւ «Հայկեան» սենեկային երգչախումբը, առաջնորդութեամբ Գայիանէ Պաղտասարեանի եւ նուագախումբի խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի՝ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութենէն հատուածներ, մասնակցութեամբ մենակատարներ Գայիանէ Սահակեանի եւ Գեղամ Մանուկեանի եւ պարուհի Այտա Ամիրխանեանի։
Ապա, յայտնի դաշնակահար Ճոէլ Մարթին ներկայացուց Կոմիտասին նուիրուած իր Jazzical Komitas գործը, իսկ «Լեռնազանգ» համոյթը, առաջնորդութեամբ Արմէն Ադամեանի եւ Նաթալի Քամաճեանի՝ ներկայացուց հայկական ժողովրդային պարեր, շեշտելով հայ մշակոյթը պահպանելու կարեւորութիւնը։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնական բանաստեղծ Ռաֆֆի Ճօ Վարդանեան՝ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հայաթափման նուիրուած իր երկու ստեղծագործութիւնները։
Փակման խօսքը արտասանեց քաղաքապետ Արա Նաճարեան, որ վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ արդարութիւն պահանջելու գործին մէջ քաղաքին կամքը։
Մուտքին տեղադրուած էր ցուցահանդէս մը, որ պատրաստուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին կողմէ, համագործակցութեամբ՝ Հայ իրաւաբանական միութեան։


