«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, ամերիկացի պաշտօնատարներու խօսքերը մէջբերելով` հաղորդեց, թէ «ամերիկեան բանակը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ իր ներկայութիւնը կրճատելու»:
Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ծրագիրը կրնայ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութեան կէսի նուազեցումը ներառել:
ՌԻԱՏ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՐՏՔԵՐԸ ՎՃԱՐԵԼՈՒ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հարցին ծանօթ 3 անձեր վկայակոչելով՝ հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիա կը ծրագրէ Սուրիոյ՝ Միջազգային դրամատան ունեցած պարտքերը վճարել, ինչ որ ճամբայ պիտի հարթէ վերաշինութեան եւ երկրին մէջ անդամալուծուած պետական ոլորտի աջակցութեան համար միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրելուն:
«Ենթադրութիւնները չենք մեկնաբաներ, այլ յայտարարութիւններ կը հրապարակենք, երբ անոնք պաշտօնական դառնան», նոյն լրատու գործակալութեան յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան բանբերը:
Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակը, Միջազգային դրամատան բանբերը եւ Սուրիոյ կառավարութենէն պաշտօնատար մը մերժեցին մեկնաբանել լուրը: