Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը եւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը կազմակերպած են գրական հանդիպում մը հալէպահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեանին հետ:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 28 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» կեդրոնի «Ալիս Պէզճեան» սրահին մէջ: