Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Մարտ 2025, Սքոփիէ, Հիւսիսային Մակեդոնիա։

Այս իմ առաջին այցելութիւնս է։ Հիւսիսային Մակեդոնիան մաս կը կազմէր նախկին Եուկոսլաւիոյ վարչակարգին, երբ 1991ին Սովետական Միութեան փլուզումով Արեւելեան Եւրոպական երկիրներն ալ նոյնպէս անջատուեցան համայնավար կարգէն, ներառեալ՝ Եուկոսլաւիան։ Հիւսիսային Մակեդոնիան ալ դարձաւ անկախ միաւոր երբ Եուկոսլաւիոյ վարչակարգը տարանջատուեցաւ։
Հիւսիսային Մակեդոնիոյ անկախացումը հեշտ չեղաւ։ 1991էն ետք ան պէտք ունէր իր «մեծ եղբօր»՝ Յունաստանին հետ համաձայնելու, թէ ի՞նչ անուան տակ պէտք էր ըլլար իր անկախ պետականութիւնը, որպէսզի խոչընդոտ չստեղծուէր երկու մակեդոնական երկիրներու քաղաքակրթութիւններու ու քաղաքական ինքնութիւններու հաշուարկներուն հետ։ Հիւսիսային Մակեդոնիա անուանումը եղաւ բարւոք լուծումը։
Մայրաքաղաք Սքոփիէի կեդրոնական հրապարակին վրայ կեցած, սկսայ դիտել Մեծն Աղեքսանդրի արձանը․ հզօր զինուորականը իր հզօր նժոյգով եւ սուրով։ Մէկ կողմէ մտածմունքներս գացին իմ նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի պատմութեան դասապահներուն եւ թէ ինչպէս սորվեցանք անոր զինուորական արկածախնդրութիւնները ու ռազմական հմտութիւնները, երբ ան դարձաւ աշխարհակալ։ Հազիւ 20 տարեկան, ան ստանձնեց Մակեդոնիոյ թագաւորութիւնը։ Ան իր փառասէր ու ռազմատենչ մտասեւեռումով տիրապետեց շատ երկիրներու եւ դարձաւ անպարտելի։ Աղեքսանդրի բանակները հասան մինչեւ կեդրոնական, արեւմտեան եւ հիւսիսային Ասիա եւ հիւսիս-արեւմտեան Հնդկաստան ու տակաւին Եգիպտոս։ Անոր զինուորական տիրապետութիւնը պիտի հասնէր մինչեւ Արաբիա եթէ չըլլար կանխահաս մահը՝ 33 տարիքին։ Անկախ իր զինուորական եւ ռազմական հմտութիւններէն եւ կարողութենէն, ան ճանչցուեցաւ որպէս անգութ, միահեծան եւ փառասէր թագաւոր մը, որ ինքզինք կը նկատէր «աստուած»։
Աղեքսանդր յաղթեց աշխարհին։ Բայց արդեօք իսկապէս յաղթե՞ց։ Աղեքսանդր, որ ինքզինք գերազանցեց որպէս աստուած՝ մահացաւ։ Մահացաւ քանի մարդ էր։ Աղեքսանդր պահանջած էր, որ երբ իր դագաղը տանին դէպի գերեզման, ճամբուն երկայնքին զետեղէին այն բոլոր հարստութիւնները, որ ան դիզած էր իր կեանքի ընթացքին։ Ու տակաւին ան ուզած էր, որ իր ձեռքերը դագաղէն դուրս մնային։ Աղեքսանդրի դիզած բոլոր հարստութիւնը մնացին ճամբու երկայնքին եւ իր ձեռքերը՝ թէկուզ դագաղէն դուրս, այլեւս անզօր էին ու անկարող։
Պատմութեան հոլովոյթները եւ անոնց արձանագրութիւնները նաեւ դիպուկ են։ Աղեքսանդրի մահէն ետք, ներքին քաղաքացիական պատերազմներ սկսան Մակեդոնիոյ կայսրութեան մէջ, որոնք առաջնորդեցին անոր կործանումին։
Մեծն Աղեքսանդր յաղթե՞ց աշխարհին։ Անոր թագաւորական, զինուորական ու մարդկային ուժը հիմք չէին, որ իր «յաղթած աշխարհ»ը վերածէին նորի՝ «նոր աշխարհ»ի։ Իր մահէն ետք կործանեցաւ իր թագաւորութիւնը։
Բայց Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, քանի կերտեց եւ շինեց նոր աշխարհը՝ իր մահէն ետք։ Քրիստոս աշխարհ չեկաւ որպէս զինուորական ոչ ալ որպէս կայսր։ Ան աշխարհ եկաւ մարդանալով, որպէսզի աշխարհի մարդը փնտռէ, գտնէ եւ փրկէ։ Այս գործընթացը ոչ թէ ռազմական ուժի մարտավարութեամբ, այլ իր սիրոյն շնորհքով իրականացուց։ Ան այս բոլորը իրականացուց ապրելով աշխարհին մէջ, անոր զրկանքներուն, դժուարութիւններուն, փորձառութիւններուն եւ մեղքերուն հետ։ Ան աշխարհի տուեալներէն վեր էր ու մնաց այդպէս։ Վեր մնալու համար, ան քննադատեց աշխարհի կարգ ու սարքը։ Քրիստոսի քննադատութիւնը աննպատակ չէր, այլ նպատակասլաց։ Քրիստոս ձգտեցաւ Բարին ներկայացնելու եւ ստեղծելու։ Այս Բարին ստեղծելը զինք առաջնորդեց մինչեւ անարգանք, խաչելութիւն եւ մահ։ Քրիստոսի մահը ֆիզիքական մահուան հասկացողութենէ անդին էր։ Ան յաղթեց մահուան եւ ապրեցաւ ու ապրեցուց։ Այս իմաստով Քրիստոսի յարութիւնը՝ երեք օրեր իր խաչելութիւն-մահուընէ ետք, զօրեղ վկայութիւնն է անոր ապրող ըլլալու իրականութեան։
Քրիստոս իր յարութեամբ յեղաշրջեց աշխարհի կարգ ու սարքը։ Այս ընելով, Քրիստոս խափանեց սատանային, իմա՝ մեղքին, հնարքները։ Ան իր յարութեամբ հաշտեցուց մարդը Աստուծոյ հետ, որ հեռացած էր իրմէ Ադամի առաջին մեղքէն ետք։ Այս հաշտեցնելու գործընթացը, իմա՝ ստեղծել-վերստեղծել Նոր Մարդը, Քրիստոսի շնորհած Նոր Կեանքի իրականութեան արգասիքն է։
Քրիստոս իր մահէն ետք շինեց ու կերտեց Նոր Կեանքը, որ մարդուն տուաւ հանգստութիւն, քաջութիւն եւ զգաստութիւն։ Զգաստութիւնը, որպէսզի մարդն ալ այս Նոր Կեանքի միջոցաւ դէմ կենայ աշխարհի մեղքին եւ Նորը շինէ։ Նորը շինելով է, որ կը յաղթես աշխարհին, իմա՝ մեղքին։
Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, որովհետեւ ան շինեց նորը։
Մեծն Աղեքսանդր յաղթեց աշխարհին, բայց նորը չկրցաւ շինել։ Իր յաղթանակը իր մահէն ետք վերջացաւ։ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին եւ Նորը շինեց։ Իր յաղթանակը իր մահէն ետք կերտեց, շինեց ու տակաւին կը շարունակէ կերտել Նորը։
Աղեքսանդրի յաղթանակը ուժ էր, որ մարդուն կողմէ ստեղծուած էր։ Այս ուժը չդիմացաւ։ Քրիստոսի յաղթանակը Շնորհք է՝ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած, որ կը շարունակուի տակաւին։
Մեծն Աղեքսանդրի արձանին նայելով շարունակեցի դիտել աշխարհը իր ներկայ վիճակին մէջէն։ Պատմութիւնը ինչքան ինքզինք կը կրկնէ։ Աշխարհ տակաւին կը շարունակէ յենիլ իր մարդկային ուժին վրայ։ Աշխարհը այսօր կը շարունակէ իր խօլ արշաւը յաղթելու եւ կլանելու աշխարհը՝ իմա ինքզինքը, իր ստեղծած մարդկային ուժովը։
Արդի՞ւնքը։
Մեր մարդկային կեանքերը կը շարունակեն գլորուիլ պատերազմներու, նախճիրներու, տեղահանութիւններու, անիրաւութիւններու ու շատ աւելիին մէջ։ Բայց այդ ե՞րբ է, որ աշխարհ աւելի լաւ տեղ մը պիտի ըլլայ ապրելու։ Բայց պիտի ըլլա՞յ արդեօք։
Այո, կրնայ ըլլալ։ Եթէ իւրաքանչիւրս եւ բոլորս յենինք Աստուծոյ ստեղծած Շնորհքի ուժին վրայ, երբ ան Նորը շինեց իր մահովը եւ յարութեամբը։ Նորը որ Բարին է եւ որ կը ստեղծէ Նոր Բարիները։
Քրիստոս աշխարհին յաղթեց։
Ան յաղթեց, որովհետեւ Նոր Կեանքը շինեց։
Այս Նորը բոլորին համար է։
Այս Նոր Կեանքը ամուր է, քանի Քրիստոս ստեղծեց զայն խաչին վրայ Իր մահուամբ եւ յարութեամբ։
Այս այն յարութիւնն է, որ Օրհնեալ է։
Քրիստոս Յարեաւ իր մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։