ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու անմոռանալի փաղանգին մէջ յաճախ կը հանդիպինք յանձնառու առաքելութիւններ ստանձնող անձնուրացներու, ճառագայթող անուններու:
Այս յօդուածով յաւելեալ լոյս կը սփռենք վերոնշեալ փաղանգին մաս կազմող առասպելական անձի մը վրայ, որ իր կեանքն ամբողջութեամբ նուիրաբերեց իր ազգին:
Արժանի գնահատականի ու համընդհանուր ճանաչումի համար թուղթին կը յանձնենք անոր խիստ կարեւոր ու անփոխարինելի դերը, նաեւ անհաւատալի հնարագիտութիւնը՝ իբրեւ ընդյատակեայ աշխատանքներու կազմակերպիչ, վիթխարի հետախոյզ, իրազեկող գործիչ ու պատասխանատու անձ:
Աննախընթաց դէմք մը, որուն անունը գլխատառերով գրուած է հայոց եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ:
Անհատ մը, որ երկար ծառայութիւն ունեցաւ ազգին, իր պատկանած կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով: Ան իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան գիտակցաբար խուսափեցաւ իր մասին խօսիլ տալէ:
Շրջահայեաց, գաղտնապահ, սակաւախօս, համեստ ղեկավարի եւ առաջնորդի բոլոր յատկութիւններու տէր անձ մը՝ ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ:
Բնականաբար ամէն անհատ իր անունով կը ճանչցուի, իր անունով կը զանազանուի եւ իր անունով կը ստանայ իր ինքնութիւնը: Եւ ուրեմն մարդկային կեանքին ու մանաւանդ ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ անունը որոշի՛չ, կարեւոր դեր մը կը խաղայ: Ինքնութիւնը անունով կը կազմուի, անունով արժէք կը ստանայ եւ ընկերութեան մէջ անունո՛վ կ՛արտայայտուի: Ուստի Հրաչ Փափազեանի նուիրական արժէք ներկայացնող ինքնութիւնը հերոսական գործի ծածկանունով դրոշմուեցաւ ու ճանչցուեցաւ: Թէեւ ունէր այլ ծածկանուն ալ՝ Հրափ:
Մեր երէց ընկերներէն ու ընտանեկան անմիջական պարագաներէս յաճախ լսած էի իր մասին: Բոլորն ալ կը պատմէին անոր ազնուական նկարագրին մասին թէ՛ արտաքնապէս՝ իր նիստ ու կացով ու արտայայտութեամբ, թէ՛ իր հոգիով: Կը նկարագրէին անոր պատկառելի դէմքը՝ այնքան խորհրդաւոր ու հմայող… Մեհմեթ Ալին: Կը խօսէին կուռքի մը նման, բայց ոչ իբրեւ կուռք, անոր երկարամեայ յեղափոխական ու քաղաքական գործունէութեան մասին, որ իր մահէն ետք նոյնիսկ դաստիարակող անձնուիրութիւն եղած է մեզի: Իսկական անունը՝ Կարապետ-Կարպիս, Հրաչ Փափազեան ծնած է Եոզկաթ, 19 Յունիս 1892ին:
Եօթը տարեկանին կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր հինգ տարի մնալէ ետք, 1904ին կը ղրկուի Կ. Պոլիս իր ազգականներուն մօտ. հոն կը ստանայ իր կրթութիւնը՝ աւարտելով Կ. Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը:
1910ին կ՛անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Առաջին աշխարհամարտի անմիջական վաղորդայնին, երբ ՀՅ Դաշնակցութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պոլիսէն փախստական կամ Պոլիս պահուըտած եղեռնագործներուն հետքերը գտնելու եւ զանոնք պատժելու անհրաժեշտութեան վրայ, կը փնտռուէին նուիրեալներ, որոնց պիտի վստահուէին այդ հետապնդումները եւ անոնց յաջորդելիք ահաբեկումները: Ուրիշներու կարգին, Հրաչ Փափազեան եւս կ՛ըլլայ ընտրեալներէն մէկը:
Պատերազմի հռչակումէն ետք կը ղրկուի զինուորական վարժարան՝ պահեստի սպայ դառնալու համար: Հազիւ սպայի աստիճանը ստացած՝ կը փախչի եւ կը պահուըտի նախ՝ Պոլիս եւ ապա՝ պատերազմի վերջին տարին, թուրք սպայի մը ինքնութեան թուղթով կը յաջողի հասնիլ Հալէպ եւ դարձեալ կորսնցնել իր հետքը: Զինադադարին Հալէպ է եւ 1919ին կը վերադառնայ Պոլիս: Ան աչքերով կը տեսնէ Մեծ եղեռնը եւ սիրտը կը լեցուի արդարահատուցման տենչով:
Այսպէ՛ս. Սեպտեմբեր 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ ընդհանուր ժողովին, տրուեցաւ որոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներու մահապատիժին: Այս գործողութիւններուն տրուեցաւ «Յատուկ գործ» կամ «Նեմեսիս» անունները:
Հրաչ Փափազեանի իսկ առաջարկով, իրեն կը վստահուի ամէնէն պատասխանատու աշխատանքներէն մէկը, Պերլինի մէջ:
Թալէաթի ահաբեկումէն ետք անցած էր շուրջ վեց ամիս: Պերլինի մէջ, ուր խմբուած էր ջարդարարներու խումբը, անկարելի կը դառնար գտնել հետքը տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրին:
Պերլին գտնուող հայ հետախոյզները կրցած էին երեւան հանել հետքը Տրապիզոնի հայերու ջարդարար կուսակալ Ճեմալ Ազմիին, որ ծխախոտի խանութ մը բացած էր: Կրցած էին գտնել նաեւ հետքերը Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն եւ ապա Պէյրութի կուսակալ Ազմիին եւ նաեւ ուրիշներու, բայց տակաւին անյայտ կը մնար Պեհաէտտինի թաքստոցը: Յապաղումը կրնար ձախողեցնել անոր դէմ արձակուած մահավճիռին գործադրութիւնը, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը ան կրնար հեռանալ Պերլինէն: Ասկէ զատ, կարեւոր էր բուն իսկ ոճրագործներուն շրջապատէն իմանալ անոնց մշակած ծրագիրները եւ տեղեկանալ անոնց շարժումներուն մասին, որպէսզի ըստ այնմ ձեռք առնուէին անհրաժեշտ միջոցները:
Ահա Հրաչն է, որ կ՛առաջարկէ Պոլսոյ պատասխանատու մարմինին թուրքի ծպտումով երթալ Պերլին եւ հոն ստեղծել ջարդարարներու շրջանակին մօտենալու եւ անոնց հետ մտերմանալու պատեհութիւնը: Լաւ թրքագէտ եւ թրքախօս, մօտէն ծանօթ թրքական բարքերուն եւ կրօնական սովորութիւններուն, այդ պատճառով ալ՝ նոյնիսկ թլփատուած: Մեծապէս պաղարիւն եւ շրջահայեաց՝ ան կը ցուցաբերէ առաջադրուած գործը լաւագոյն արդիւնքով գլուխ հանելու ինքնավստահութիւնը: Առաջարկը կ՛ընդունուի:
Արշաւիր Շիրակեան այսպէս կը նկարագրէ Հրաչ Փափազեանը. «Վայելչակազմ ու կենցաղագէտ, սալոնի տղայ, որուն հոգիին խորը, սակայն, ցեղին վրէժխնդրութեան կրակը կը վառէր: Իրաւաբանական ուսանող Կարպիս Փափազեան կամ մեր ընկերական շրջանակներուն մէջ ծանօթ Հրաչ ծածկանունով, որ բուն անունն էր մեր մեծ նահատակներէն մէկուն, ընդունած էր Մեհմեթ Ալի թրքական անունը»:
Հրաչ Պոլիսէն կը մեկնի Պերլին, կը վերածուի «թուրք» Մեհմեթ Ալիի եւ թուրք ջարդարարներու շրջանակը թափանցելով՝ իր մեծ ներդրումը կ՛ունենայ Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման: Փաստօրէն ան հող պատրաստեց այս վրիժառութեան: Հետեւաբար Մեհմեթ Ալի (Հրաչ Փափազեան) յաջողութեամբ ներթափանցած էր «Իթթիհատ վէ Թերաքքի»ի (Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն) շարքերը եւ զանոնք յայտնաբերած իրենց թաքստոցներէն:
Հետազօտական մեր աշխատութեամբ, ինչպէս նաեւ անմիջական բանաւոր պատմութեամբ ու յիշողութեան տեղեկութեամբ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ Հրաչ Փափազեանի ձեռքին մէջ եղած է միշտ նեմեսիսեան բազմաքայլ գործողութիւններու գլխաւոր բանալին:
Հրաչ Փափազեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին ուսումնասիրական այս աշխատութիւնը բազմակողմանի դիտանկիւնէ ներկայացնելու եւ աւելի հարստացնելու համար բնականաբար դիմած ենք գրաւոր եւ բանաւոր վկայութիւններու:
Յատկապէս «Նեմեսիս» գործողութեան ժամանակահատուածի մասին կը դիմենք այդ գործողութեան մասնակից երկու «Նեմեսիս»ականներու՝ Արամ Երկանեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի գրաւոր վկայութիւններուն: Դաշնակցական երկու երիտասարդներ՝ Երկանեան եւ Շիրակեան, միասնաբար Պերլինի Ուլանտշտրասէ փողոցին վրայ 17 Ապրիլ 1922ին արդար մահապատիժի ենթարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքը՝ բժիշկ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին:
Ցեղասպանները խնճոյքէն յետոյ հանգիստ կը ճեմէին շքախումբով, Ճեմալ Ազիմիի տան մօտակայքը. անոնց հետ էր նաեւ մէկ տարի առաջ Սողոմոն Թեհլիրեանի արձակած գնդակէն տապալուած Թալէաթ փաշայի այրին: Դիմահար կրակոցով տապալելով Պեհաէտտին Շաքիրը, Ճեմալ Ազմին ու անոնց թիկնապահներէն մէկը, Արամ Երկանեանն ու Արշաւիր Շիրակեանը խոյս տուին ոստիկանութեան հետապնդումէն:
«Նեմեսիս»ականներ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան իրենց յուշերուն մէջ մանրակրկիտ կերպով մէկ կողմէ՝ կ՛անդրադառնան Հրաչ Փափազեանի հետ առնչուած նիւթերուն, իսկ միւս կողմէ՝ Հրաչին տեսակէտներուն ու խօսքերուն:
Արամ Երկանեանի «Այսպէս Սպաննեցինք Կամ Գիրք Մատուցման Եւ Հատուցման» գիրքը կը բաղկանայ քանի մը գլուխներէ: Գիրքին խորագրէն արդէն կը պարզուի, թէ Երկանեան «Նեմեսիս» գործողութեան մասին իր յուշերը յանձնած է թուղթին: Գիրքին «Բ. Յաւելուած»ի առաջին գլխուն «Կարեւոր Ծանօթագրութիւն» բաժինին մէջ կը կարդանք. «1. Յաւելուածը կը կազմէ լրացուցիչ մասը տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր պէյի եւ Ճեմալ Ազմի փաշայի ահաբեկման գործին. քաղուածքներ քիմիական մելանով ծածկագիր օրագրութիւններէ, որոնք բացուած են 1923ին եւ ընդօրինակուած Հ.ի ձեռագրով»:
Արամի յուշերուն եւ «Բ. Յաւելուած»ին մէջ, Մեհմեթ Ալիի ով ըլլալուն մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ. տակաւին «Կարեւոր Ծանօթագրութիւն» բաժինին մէջ հետեւեալը գրուած է. «Բացառելով Մեհմեթ Ալի պէյը, որու դերը ըլլալով միայն ու միայն թրքական շրջանակէն տեղեկատուութիւններ տալ՝ խիստ նախազգուշութեամբ հեռու պահուած է այլ քայլերու մասնակցութենէ»:
Տարիներ վերջ Մեհմեթ Ալին կը բացայայտուէր, թէ Հրաչ Փափազեանն է:
Երկանեանի գիրքին «Բ. Յաւելուած»ի «Մեհմեթ Ալի Պէյ» գլխուն տակ հետեւեալ տողերուն մէջ կը բնութագրուին Մեհմէթ Ալի պէյը (Հրաչ Փափազեան) եւ անոր յուշերը.
«Թալէաթի ահաբեկման օրերու փորձառութիւններէն սորված, թէ ինչպիսի թափառումներ ու հետապնդումներ կը պահանջէ անունները փոխուած, զգուշաւորութիւնով թաքնուած ոճրագործներու հասցէն գտնելու, ստուգում ընելու գործը (վեց հոգեհան ամիսներ տեւեր էր Թալէաթի հասցէն գտնելը).
«1. Որպէսզի կարճեցուի նպատակին հասնելու ժամանակը, եւ թափառումներու, հետապնդումներու հետ կապուած անպատեհութիւնները նուազ ըլլան:
«2. Որպէսզի «սուրբ գործ»ը արագ հասնի իր վախճանին, քանի որ ստուգուած էր, թէ մահապարտները կը պատրաստուին թողելու Գերմանիան եւ երթալ, միանալու Էնվէրին ու Քեմալին, էական կը դառնար աչք մը ունենալ թուրք շրջանակէն ներս:
«Անոր դերը պիտի ըլլար գլխաւորապէս հայթայթել փնտռուածներու հասցէն: Մասնաւորապէս՝ Պեհաէտտինի հասցէն:
«Իսկ դատաստանը տեղի ունենալէ յետոյ, ըստ գործի առած ընթացքին, եթէ անհրաժեշտ դառնար մնալ եւ շարունակել ներքին լուրերը հաղորդել, որպէսզի տեղեակ ըլլայինք թուրքերու մտածումներուն:
«Այսպէս կը ծնէր Մեհմեթ Ալի պէյը»:
Մեհմեթ Ալի պէյի եւ միւս «Նեմեսիս»ականներու սուրբ գործի յաջողութիւնը «քիմիական մելանով ծածկագիր օրագրութիւններու» շարքին մէջ այսպէս կ՛եզրակացուի.
«Եւ վերջապէս Ապրիլ 17ի գիշերը: Ուլանտշտրասէի վրայ կը յածին միլիոնով անթաղ հայ մեռելներու վրիժականչ հոգիները երեք ստուերներու մէջ:
«Դեռ Մեռելոցի օրն է: Չփակուած՝ կը պահանջեն անոնք իրաւ հոգեհանգիստ մը տալ իրենց:
«Եւ կը կրակուին երկու գնդակներ: Ու թուրք արիւնով ու արցունքով կը հովանան հայ մեռելները:
««Նոյն գիշերը, – կը պատմէ Մեհմեթ Ալի, – նորէն միասին ենք Էքմէլին (Ճեմալ Ազմի զաւակը) հետ գիշերային մեր արշաւանքներուն մէջ: Բացառապէս աւելի հեթանոսական, քան երբեք, բագոսային՝ տեղէ տեղ»:
««Ժամը առտուան երկուքին յափրացած՝ փողոցն ենք արդէն»:
««Կ՛ուզեմ մեծ եղբօր հոգածութիւն ցոյց տալ»:
««Ինչ բախտ, որ Էքմէլ իր տղամարդութիւնը վիրաւորուած զգալով՝ կը մերժէ զիս ընկերանալ իրեն մինչեւ տուն: Այլապէս ո՞վ կրնար երաշխաւորել նման պահերու անակնկալին առեղծուածը: Որովհետեւ չեմ գիտեր, թէ «օրը» հասունցած է այնքան»:
««Կը բաժնուինք: Ես՝ իմ սենեակը, Էքմէլ՝ իր տունը»:
««Կը քնանամ՝ գլուխս բարձին դրած-չդրած»:
««Առտուան ժամը 6ին հեռախօսը կը ցնցէ զիս»:
««Էքմէլն է:
««- Մեհմեթ Ալի, հօրս գլուխն ալ կերան…»»:
Այնուհետեւ, «Մեհմեթ Ալի Պէյ» գլխուն վերջաւորութեան, մեզի կը ներկայացուին Պերլինի մէջ լոյս տեսած թերթերը, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն 17 Ապրիլ 1922ին երկու «Նեմեսիս»ականներու կատարած գործողութիւնը:
«Նեմեսիս» գործողութեան, յատկապէս՝ տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր պէյի եւ Ճեմալ Ազմի փաշայի ահաբեկման նախապատրաստման ու գործընթացի մասին կը դիմենք կրկին Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն Էր Նահատակներուն» գիրքին, որուն մէջ ան կը նկարագրէ «Մեհմեթ Ալի»ի՝ Հրաչ Փափազեանի մասին մանրամասնութիւններ:
Շիրակեանի յուշերուն մէջ Հրաչի կողքին կը կարդանք նաեւ Արամ Երկանեանի եւ միւս արդարահատոյցներուն մասին: Շիրակեան հետեւեալը կը գրէ. «Արամը գտայ եւ մտանք սրճարան մը ու խորհրդակցութիւն մը ունեցանք ապագայի մեր ընելիքներու մասին: Ան ալ շարք մը նորութիւններ բերաւ. տեղեկացուց Հրաչ Փափազեանի պարագան: Մասնաւոր կարգադրութեամբ Հրաչը թուրք ուսանողի դերը պիտի կատարէր թուրք շրջանակներու մէջ եւ այդ հանգամանքով ալ եկած էր Հռոմ՝ Պերլին անցնելու համար: Շատ հետաքրքրական էր Հրաչի պարագան եւ կրնար մեծ օգուտներ ունենալ:
«Մեր հետապնդումներուն ատեն մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպէինք եւ կը յոգնէինք: Այնպէս որ թուրք շրջանակի մէջ գտնուող մեզմէ մէկը անգնահատելի ծառայութիւն կրնար մատուցանել՝ դիւրացնելով մեր գործը, կարեւոր անձնաւորութիւնները մեզի տեղեկագրելով» :
Ապա կ՛աւելցնէ. «Կը ճանչնայի Հրաչը. ուշիմ եւ գործունեայ, ԿԿի վստահելի գործավարը, եռանդուն երիտասարդ մըն էր, որմէ հրահանգներ ալ ստացած էի Վ. Իհսանի ահաբեկման շրջանին:
«Իրաւաբանական համալսարանի ուսանող, թուրքի մը չափ սահուն թուրքերէն կը խօսէր եւ լաւատեղեակ էր թրքական բարքերուն ու սովորութիւններուն: Բոլորովին ապահով էի յաջողութեան: Արամը նորութիւն մը եւս աւելցուց, թէ Հրաչ թլփատման պզտիկ գործողութեան մըն ալ ենթարկուած է… կատարեալ դարձնելու համար իր «թրքացումը»: Յայտնեմ, թէ հետագային Պերլինի մէջ Հրաչը շատ նուրբ եւ անթերի կերպով կատարեց իր դերը եւ շատ օգտակար եղաւ մեզի՝ խնայելով մեզի այն թանկագին ժամանակը, զոր ստիպուած պիտի ըլլայինք վատնել երկարատեւ ու տաժանելի հետապնդումներու համար» :
Շիրակեան «Հրաչ Կը Գտնէ Եւ Ես Կը Ստուգեմ» խորագրին տակ կը նկարագրէ Հրաչի հետախուզութեան իբրեւ արդիւնք Պեհաէտտին Շաքիրին բնակարանի յայտնութիւնը:
Շիրակեան կը գրէ. «Յաջորդ օրը Քուրֆիւրսթենտամի վրայ գտայ Հրաչը, դէմքը կը ճառագայթէր: Նշան ըրաւ, որ հետեւիմ իրեն. քովնտի փողոց մը մտանք:
«- Թորգոմ,- ըսաւ ժպտելով, – քեզի հրաշալի լուր մը տամ… Պեհաէտտին Շաքիրին բնակարանը գտայ…
«Ուրախութենէս ուժով մը սեղմեցի ձեռքը:
«- Շահանը գիտէ, – աւելցուց, – այսօր միեւնոյն սրճարանը պիտի հաւաքուինք եւ մեր որոշումին համաձայն՝ ուղիղ հասցէն չպիտի տանք Ս.ին, նայինք ինչ պիտի ընէ…
«Անհամբերութեամբ Հրաչէն առի հասցէն եւ մեկնեցայ անձամբ ալ ստուգելու համար»…:
Արշաւիր Շիրակեան, արձանագրած իր յուշերուն մէջ, ահա այսպէս կը բնութագրէ Հրաչ Փափազեանի Պերլին հասնիլն ու անոր հետախուզական գործունէութիւնը.
«Մեզմէ երկու ամիս առաջ հասած էր Պերլին եւ յաջողած էր մտերմանալ Ճեմալ Ազմիի տղուն՝ Էքմէլին հետ եւ դառնալ անոր զուարճութեան ընկերը, տան փնտռուած բարեկամը կամ հիւրը, որուն ներկայութեան ամէն ինչ կարելի էր խօսիլ: Ներկայացած անոնց իբրեւ կեսարացի մեծահարուստի մը զաւակ՝ սիրելի դարձած էր այդ գազանի որջը այցելող շարք մը բարձրաստիճան թուրքերուն, որոնք հոն հաստատուած էին կամ կու գային, կ՛անցնէին, ինչպէս նաեւ սիրելին՝ հանըմներուն (տիկիններուն): «Մեհմեթ Ալին» քանիցս «քավալիէ» եղած էր նոյնիսկ Թալէաթ փաշային այրիին:
«Արտաքնապէս անխռով, սրտին քար դրած՝ օրերով մտիկ կ՛ըներ ջարդարարներուն անմարդկային պատմութիւններուն, հայկական կոտորածի անլուր դէպքերուն եւ գազանավայել մանրամասնութիւններուն:
«Օր մը, դահլիճին մէջ, այդ անխիղճ հանըմներն ու գազան պէյն ու էֆենտիները հաճոյքով ու ծիծաղներ արձակելով՝ կը պատմեն, թէ ինչպէս Ճեմալ Ազմին հպարտութեամբ իրենց հաղորդած է սա աներեւակայելի հրէշութիւնը.
«- Տրապիզոնի հայերուն երկսեռ առողջ ու սիրուն մանուկները զատեցի, մէկ քանին՝ 10-13 տարեկան նուէր տուի տղուս, իսկ միւսներն ալ կողովներու եւ սնտուկներու մէջ տեղաւորել տալով՝ ծովը թափել տուի:
«- Պու սենէ խամսի չօղալսըն (այս տարի խամսի ձուկը թո՛ղ շատնայ), աւելցուցած էր ճիւաղը՝ ծիծաղելով:
«Հրաչը կամ Մեհմեթ Ալին այդ ամէնը կը լսէր անխռով՝ արտաքնապէս, այլ ներքնապէս չարչարուելով ու տանջուելով: Ջիղերը քայքայուած էին, ինչպէս կը զգայի ու կը տեսնէի ամէն հանդիպումիս»:
Շիրակեան կ՛աւելցնէ. «1922 Յունիս 1ին Հրաչին հետ ճամբայ ելանք դէպի Պուլկարիա: Ան Ֆիլիպէ գնաց, իսկ ես քանի մը օր հանգիստ ընելու նպատակով գացի Վառնա, ուր հայկական հիւպատոսարանէն նոր անցագիր մը պիտի առնէի, նոր անուն-մականունով մը ճամբորդելու համար»:
«Նեմեսիս» գործողութեան աւարտէն ետք Արշաւիր Շիրակեան իր «Կտակն Էր Նահատակներուն» գիրքին մէջ, Հրաչ Փափազեանի մեծ դերակատարութեան մասին իր ունեցած տպաւորութիւնը կը յայտնէ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Տարիներ անցած են այդ ահաւոր օրերուն վրայէն: Երբեմն կ՛անդրադառնամ, որ առանց «Մեհմեթ Ալ»ջի կամաւոր զոհողութեան՝ հաւանաբար հրէշները չգտնէինք, եւ անոնք ազատէին մեր վրիժառու գնդակներէն, ինչպէս ազատեցան շարք մը արիւնարբու իթթիհատականներ՝ Նազըմը, Մուաամմերը եւ այլն»:
Այստեղ կը մէջբերենք նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանին նուիրուած «Թեհլիրեան Արդարահատոյցը» գիրքին «Երրորդ մաս»ի՝ «Հատուածներ Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշերէն» ենթագլուխի տակ՝ «Բ) Նախապատրաստական Աշխատանքներ» վերնագրի տակ, Հրափի մասին ակնարկութիւնը: Հոն մանրամասն կը բացատրուին Հրափին իսկական անունը եւ անոր խիստ կարեւոր արժանիքները: Այսպէս. «Հրափ ծածկանունն է Հրաչին կամ Կարպիս Փափազեանին, դաշնակցական եւ ազգային իրականութեան մէջ հետագայ տասնամեակներուն ծանօթ իբր Հրաչ Փափազեան: Իր անսովոր խորհրդապահութիւնը, ինչպէս եւ, անշուշտ, գործին բնոյթը պատճառ եղած են, որ Հրաչ Փափազեանի կենսական, անփոխարինելի դերը, նաեւ առասպելականի ճարտարութիւնը՝ իբր ընդյատակեայ գործի կազմակերպիչ, տեղեկատու գործիչ ու պատասխանատու, չարժանանան ընդհանուր ճանաչման եւ գնահատումի:
«Չափազանցութիւն պիտի չըլլար զայն նկատել նեմեսիսեան բազմահանգրուան այս գործին ոգին, գլխաւոր շարժիչը՝ սկսած զինադադարէն, պոլսական ահաբեկումներէն, ուր կը գործէր իբրեւ տեղւոյն Կեդրոնական կոմիտէի գործավար»:
«Նեմեսիս» գործողութեան ժամանակահատուածի վերոնշեալ յուշերն ու վկայութիւնները լուսարձակի տակ առնելով, երբ փորձենք Հրաչ Փափազեանի առաքելութիւնը արժեւորել, ապա հոն ցայտունօրէն կը դրսեւորուի հետախոյզի դժուար ու վտանգաւոր յանձնառութիւնը: Հոն երեւան կու գայ Հրաչի նուիրուածութիւնը հետախուզական գաղափարին, յանուն որու կ՛ապրէր եւ կը պայքարէր: Ան նուիրուած էր իր ազգին, կուսակցութեան, որու մասնիկն էր եւ անսահման կը սիրէր: Այդ նուիրումը ու մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակներու վրէժն էր իրեն ուժ տուողը, առաջ մղողը, վստահութիւն ներշնչողը:
Հետախուզական գործունէութիւնը Հրաչի համար խիստ հետաքրքրական, միեւնոյն ժամանակ շատ ծանր ու վտանգաւոր աշխատանք էր եղած: Անոր կեանքը ամէն օրը յղի էր վտանգով, բայց ան միշտ պատրաստ էր ամէն անակնկալի, ընտելացած եւ այդպէս ալ ապրեցաւ:
Արդարեւ, Հրաչ 1922ին կը հեռանայ Պոլիսէն եւ կ՛անցնի Յունաստան, ուր կը զբաղի ազգային, քաղաքական եւ կուսակցական աշխատանքներով:
Շրջան մը, Յակոբ Սիմոնիի (Տասնապետեան) հետ ան կը զբաղի Տերսիմի (այժմ՝ Թունճելի) քրտական ապստամբութեամբ՝ նկատի առնելով, որ այդ շարժումը ուղղուած էր թուրքին դէմ:
Այնուհետեւ Հրաչ Փափազեան բնակութիւն հաստատած է Ճեպել Մուսայի (Մուսա Լեռ) հայկական Պիթիաս գիւղը: Առաջին օրէն իրեն նպատակակէտ դարձուցած էր Ճեպել Մուսայի ժողովուրդին միտքին լուսաւորումը: Ու անոր համար հաստատած էր լսարանական դրութիւն մը, որ, իսկապէս, նպաստած է Պիթիաս գիւղի մտային զարգացման:
Հրաչ Փափազեան վերջապէս կուսակցական գործով կը հաստատուի Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը ամբողջ երեսնամեակ մը եւ կ՛ունենայ պատկառելի գործունէութիւն մը ազգային, կուսակցական քաղաքական եւ հասարակական բոլոր ճակատներուն վրայ:
Անոր խօսքը կշիռ ունէր, ըլլա՛յ սուրիական դիւանագիտական-քաղաքական աշխարհին մէջ, ըլլա՛յ նաեւ ազգային իշխանութեան մէջ, գաւառական, քաղաքական (Ազգային վարչութիւն) եւ Ազգային Ընդհանուր ժողովներուն մէջ, Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ եւ Անթիլիաս:
Հրաչ Փափազեան Սուրիոյ մէջ սկզբնական շրջանին միշտ կարմիր ֆէսով էր…: Սակայն Օսմանեան կայսրութեան ազդեցութեան աստիճանական նուազումով իր, ինչպէս այլ տղամարդոց մօտ, ֆէսի գործածութիւնը նահանջեց ու գրեթէ անհետացաւ: Հետագային ան ֆէսը փոխարինեց ամերիկեան գլխարկով: Իսկ գլանիկը՝ անոր անբաժանելի ընկերը՝ միշտ բերնին էր:
Հրաչ ամէնէն մօտիկ գործակիցն ու աջակիցը կ՛ըլլայ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Զարեհ սրբազան Փայասլեանին (հետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա. Սքանչելի) եւ միշտ թեւ ու թիկունք դարձած էր անոր:
Նկատի առնենք հաւատարիմ ու անկեղծ գործընկերներ՝ Հրաչ Փափազեանի եւ Զարեհ սրբազանի սերտ կապերը եւ այդ ժամանակաշրջանին անոնց հետ առնչուած շատ մը ազգային եւ այլ նախաձեռնութիւններու իրագործումը:
Հրաչ Փափազեան Հալէպի մէջ մեծ ներդրում կ՛ունենայ ազգային կեանքի անկիւնադարձային շատ մը ծրագիրներու իրականացման մէջ: 1930ին ան մեծ դեր կ՛ունենայ Հալէպի Համազգայինի հիմնադրութեան մէջ:
Սուրիոյ հայերը նաեւ Սուրիոյ քաղաքական բնագաւառին մէջ բնականաբար իրենց մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը ունեցան, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, սկսելով խորհրդարանի հիմնադիր նիստէն՝ 1928էն: Ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենային 4 տարին անգամ մը:
Այնուհետեւ Հրաչ Փափազեան, իբրեւ հայ առաքելական, 1932ին եւ 1943ին կ՛ընտրուի երեսփոխան (պատգամաւոր) սուրիական խորհրդարանին՝ Հալէպի շրջանէն:
Նախ պէտք է ըսել, որ Սուրիոյ օրէնսդիր մարմինը՝ խորհրդարանը գաղութատիրական շրջաններէն մինչեւ օրս արաբերէնով քանի մը անուն ունեցած է եւ խորհրդարանի անդամներու թիւը հետզհետէ աւելցած է: Հրաչ Փափազեանի օրերուն, խորհրդարանը կ՛անուանուէր Խորհրդարանական խորհուրդ:
1932ի Սուրիոյ Խորհրդարանական խորհուրդի 66 աթոռներու ընտրութիւններուն արդիւնքով, 14 Յունիս 1932ի նիստին կը հաստատուի, որ Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կը կազմեն երկու հայ երեսփոխաններ՝ Հրաչ Փափազեան եւ Մովսէս Տէր Գալուստեան:
Հրաչ Փափազեան կենսական դեր ունեցաւ ընդհանրապէս նորակազմ Սուրիոյ եւ յատկապէս՝ Հալէպի հայ գաղութը մասնակից դարձնելու սուրիական հայրենիքի անկախացման ի նպաստ մղուած պայքարներուն մէջ, հայ գաղութը վստահելի ու դերակատար տարր մը դարձնելով յաչս արաբ ժողովուրդին: Ան վստահելի ու յարգուած դէմք մը էր Սուրիոյ պետական ու քաղաքական շրջանակներէն ներս: Փափազեան Սուրիոյ խորհրդարանի սահմանադրական երդիքին տակ արժանաւորապէս ներկայացնելով հայ համայնքը՝ լուռ ու անաղմուկ պաշտպանած է հայոց շահերը:
1943ի ամառը, խորհրդարանի ընտրութիւններուն մասնակցող հայ թեկնածուներու թիւը կը բազմանայ:
17 Օգոստոս 1943ի Խորհրդարանական խորհուրդի անդրանիկ նիստին իբրեւ երեսփոխան կը յայտարարուեն 4 հայերու անունները՝ Հրաչ Փափազեան, Մովսէս Սալաթեան եւ Ֆաթհ Ալլահ Ասյուն՝ Հալէպէն, իսկ Դամասկոսէն՝ Նազարէթ Եագուպեան:
Հարկ է նշել, որ 1943ին ընտրուած երեսփոխանական աթոռներու թիւը բարձրացած էր 99 աթոռի: 99 պատգամաւորները իրենց երդումը կատարեցին 24 Յունուար 1944ի նիստին:
Հրաչ Փափազեան միշտ սերտ կապեր ունեցած է սուրիական պետական վերնախաւին հետ, գործակիցն էր Սուրիոյ Հանրապետութեան օրուան նախագահ Շուքրի Քուաթլիին: Անոր խօսքը կշիռ ունէր սուրիացի արաբին մօտ եւ սերտ գործակից մըն էր Ազգային կուսակցութեան («Հըզպ Ուաթանի»):
Շատ մօտ էր ազգային մեծ ղեկավարներու՝ Սաատ Ալլահ Ժապրիի, Իպրահիմ Հանանոյի, Ապտիւլ Ռահման Քէյեալի, Ֆարէս Խուրիի եւ այլոց:
Սուրիոյ ազատագրական պայքարի գործընթացին մէջ ան բաւական աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաւ: Ֆրանսական գաղութատիրական զօրքերը Սուրիոյ մէջ յաճախ սրած են երկրի կացութիւնը՝ սուրիացիներուն մարդկային վնաս հասցնելով: 1945ին ֆրանսացիները խախտեցին իրենց խօսքը: Սուրիացիները կրկին ապստամբեցան, իսկ 29 Մայիսի 1945ին ֆրանսական զօրքերը յարձակեցան Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ խորհրդարանի շէնքի վրայ, յառաջացնելով աւելի մեծ վրդովմունք եւ նոր ցոյցեր:
Արդէն տեղի կ՛ունենար Սուրիոյ անկախութեան ձգտող ազատագրական պայքարը: Ֆրանսացիները յամառօրէն կառչած կը մնային «հովանաւոր»ի իրենց դիրքին՝ գիտնալով հանդերձ, որ երկար չեն կրնար դիմանալ:
Այս ժամանակաշրջանին, Սաատ Ալլահ Ժապրի Հալէպի մէջ Ուրբաթ օր մը Հրաչ Փափազեանը շտապ կը կանչէ իր բնակարանը: Այդ օր, երբ քաղաքը կ՛եռար, եւ սուրիացիք ընդվզած էին ֆրանսացի զինուորներու իրերայաջորդող կրակոցներէն, որոնք կ՛ուզէին ժողովուրդը ահաբեկել, նուաստացնել եւ հնազանդեցնել:
Այս մասին մանրամասն իր ականատեսի վկայութիւնը կը յայտնէ սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր եւ խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեան իր «Երազային Հալէպը» յուշագրութեան մէջ:
Ծառուկեան կը գրէ. «Ուրբաթ իրիկուն մը, ողբացեալ Հրաչ Փափազեանը աճապարանօք ակումբ եկաւ, եւ Օննիկն (Պողիկեան) ու զիս հետը առած՝ գացինք Սաատ Ալլահին բնակարանը իր կողմէ ղրկուած ինքնաշարժով, վարիչին քովն ալ՝ հրացանակիր թիկնապահ մը: Քաղաքը տակն ու վրայ էր արդէն, փողոցները՝ ամայի, հեռուէն՝ կատաղի հրացանաձգութեան համազարկեր:
«- Գիտեմ, թէ ինչու կանչած է, – ըսաւ Հրաչը ճամբան, – տալիք պատասխանս ալ պատրաստ է, բայց լաւ է, որ հետս մարդ տեսնէ: Ասանկ պարագաներու վկաները աւելորդ չեն: Դուք խօսելու պէտք չունիք: Միայն լսեցէք եւ ինծի հետեւեցէք:
«Լայն աշխատասեղանին ետեւ նստած էր Սաատ Ալլահն: Սեղանին մօտ, բայց կողմնակի կը մնար Իհսանը, որ ամբողջ տեսակցութեան ընթացքին լուռ մնաց: Հաւանաբար Հրաչին մեզի տուած պատուէրը Սաատ Ալլահն ալ տուած ըլլար եղբօրը: Անմիջապէս անցաւ նիւթին:
«- Այս ֆրանսացիներուն խելքս չի հասնիր: Ուզեն, չուզեն, պէտք է երթան այս երկրէն եւ պիտի երթան: Ըրածնին պարզապէս խայտառակութիւն է (ռեզիլլիք): Իրենք ալ գիտեն, բայց կը շարունակեն մնալ եւ պարապ տեղը արիւն թափել: Բաւական հայ զինուորներ ալ կան իրենց հետ: Քանի ուշ չէ, ձեր տղոց լուր ղրկեցէք, որ թողուն եւ դուրս գան…
«Հրաչը ըսելիք մը ունէր, բայց Սաատ Ալլահն ձեռքի նշանով հասկցուց, թէ չէ վերջացուցած ու շարունակեց.
«- Մեզի դէմ քանի հարիւր հրացան աւելի, թէ պակաս արժէք չունի: Շէյխ Մչհեմը 3000 ձիաւորներով հրամանիս կը սպասէ՝ Ռաքքայէն Հալէպ արշաւելու: Բայց ես չեմ ուզէր, որ անապատի կռուողները քաղաք մտնեն: Ուզած ատենդ կու գան, բայց ուզած ատենդ չեն մեկնիր, եւ կողոպուտն ալ մեղք չեն սեպեր: Վախս հայ զինուորներն են: Կը նայիս վաղը շէյխին մէկը (թուրքերէն հայհոյանքով գէշ ածական մըն ալ փակցուց անծանօթ շէյխին) կրնայ քարոզ մը տալ մեծ մզկիթին մէջ, հաւատացեալները գրգռել հայերուն դէմ եւ այն ատեն…
«Դադար մը, ջղային պրկում մը եւ գրեթէ պոռալով.
«- Հոդ ես անզօր եմ, միայն այդտեղ է որ ձեռքերս կապուած են, կը հասկնա՞ք: Ուահպի կոչուող շունը (Ուահպի Հարիրի, Սաատ Ալլահին ընտրական հակառակորդը, յայտնի թրքասէր եւ կինն ալ թրքուհի) սկսած է արդէն միտքեր պղտորել այդ ուղղութեամբ: Հոգինիդ սիրեմ, աճապարեցէք եւ զիս ամօթով մի հանէք…
«Մեզ համոզելու պէտք չունէր: Միջոցներ ձեռք առնուած էին արդէն, որ վաղայաջորդ Կիրակին ֆրանսական բանակին ծառայող հայ զինուորները բոլորը մէկ, միեւնոյն ժամուն եւ ցուցական կերպով դուրս գան զօրանոցներէն: Հրաչը պէտք եղածը ըսաւ: Սաատ Ալլահը գոհ մնաց եւ կատարելապէս համաձայն ու համախորհուրդ՝ մեկնելու վրայ էինք, երբ Իհսանը առաջին անգամ ըլլալով՝ խօսեցաւ.
«- Հրաչ պէյ, չմոռնանք ըսելու, որ հայ զինուորները զէնքերն ալ միասին բերեն… պէտք կ՛ունենանք…»:
Այսպիսով՝ Սուրիա բնակող հայերը 1946ին սուրիական հայրենիքին իրենց պատկանելիութեան ամէնէն ականաւոր փաստերէն մէկը արձանագրեցին, երբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Զարեհ Ծ. վրդ. սրբազանը ֆրանսական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներուն կոչ ուղղեց՝ իրենց զէնքերով միասին միանալու սուրիական բանակին. կոչ մը, որուն ընդառաջեցին հայ զինուորները:
Յամառ պայքարի շնորհիւ 1946ի Ապրիլ 17ին սուրիացիներուն յաջողուեցաւ երկրէն դուրս հանել օտարերկրեայ զօրքերը եւ այսպիսով Սուրիա անկախացաւ ֆրանսական տիրապետութենէն:
Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 1946ին, Հալէպի կառավարչատան մէջ նահանգապետ (մուհաֆըզ) Էմիր Մուսթաֆա Շեհապի, Սուրիոյ նախագահ Շուքրի Քուաթլիի եւ կառավարութեան անունով Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Զարեհ Ծ. վարդապետին յանձնեց «Արժանեաց շքանշան»ի Ա. կարգի պատուանշանը՝ ի գնահատութիւն իր մատուցած ծառայութեանց եւ նկատի առնելով, որ Զարեհ սրբազան իր խոնարհութեամբ եւ իմաստութեամբ խորապէս տպաւորած էր ազգային, պետական եւ յարանուանական շրջանակները: Քաղաքական ամէնէն տագնապալից օրերուն, ան իմաստուն քաղաքականութեան մը հետեւեցաւ եւ աշխատեցաւ արաբական դատի յաղթանակին ի նպաստ: Այդ իսկ պատճառով ալ պարգեւատրուեցաւ շքանշանով:
Այստեղ հարկ է նշել, թէ Սուրիոյ անկախութեան սիւներէն Սաատ Ալլահ Ժապրի կը հաւատար հայ ժողովուրդին: Կը հաւատար հայու արժանիքներուն եւ ընդունակութեանց ու յաճախ ականջ տուած է հայութեան ցաւին թէ տագնապի գալարումներուն: Ան ճանչցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան, որ հանդիսացաւ Սուրիոյ անկախութեան ամէնէն հաւատարիմ գործօններէն մէկը, հայրենիքի ամէնէն սեւ ու դժուարին օրերուն: Ազգայնական ճակատի տարիներու գործակցութիւնը հայ ժողովուրդի ամէնէն կենսունակ ու ծաւալուն կազմակերպութեան հետ դարձաւ հայ եւ արաբ եղբայրակցութեան անխորտակելի մէկ պատնէշը պատեհապաշտ ու դաւադիր բոլոր հոսանքներուն դէմ: Այդ իսկ պատճառով, ցայտուն եւ օրինակելի երեւոյթ մըն է ազգայնական ու հայրենասէր սկզբունքներէ մղուած Սաատ Ալլահ Ժապրի եւ Հրաչ Փափազեանի համախոհ ու հաւատարիմ ընկերութիւնը:
Փափազեան Սուրիոյ քաղաքական կեանքին մէջ բնականաբար իր դրոշմը ձգած է իբրեւ խորհրդարանի պատգամաւոր եւ անոր ընդմէջէն՝ խորհրդարանի յանձնաժողովներու անդամակցումով. նիստերու ընթացքին իր ունեցած ելոյթներով եւ առաջարկութիւններով, ան կրցած է հայութեան եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդին շահերը պաշտպանել, ոչ միայն հայկական շրջանակներէն ներս, այլ նաեւ Հալէպ քաղաքի եւ նահանգի տարածքին, իր շրջանի ժողովուրդին դժգոհանքներն ու դժուարութիւնները փոխանցելով խորհրդարանական ժողովներուն եւ համապատասխան լուծումներու առաջարկութիւնները փոխանցելով համապատասխան նախարարութեանց:
Փափազեան տեւական պաշտպանած էր հայ եւ արաբ ժողովուրդներու արդար դատը, յատկապէս օսմանցի-թուրքերու որդեգրած թշնամական եւ թրքացումի քաղաքականութիւնէն՝ նշեալ երկու ժողովուրդներուն նկատմամբ:
Գերութեան եւ տառապանքի մէջ ճակատագրակից այս երկու ժողովուրդները երբեմն ուղղակի եւ երբեմն անուղղակիօրէն իրարու օժանդակած են: Ազգային անկախութեան համար մղուող պայքարին մէջ արաբներուն իւրաքանչիւր յաղթանակ առարկայականօրէն կը ծառայէր նաեւ հայերու ազատագրումին եւ հակառակը, հայերու կողմէ սուլթանականութեան հասցուող ամէն մէկ հարուած կը մօտեցնէր նաեւ արաբներու ազատագրման պահը:
Վերոնշեալ թէզին հիման վրայ էր, որ մեծ եղաւ Հրաչ Փափազեանի դերը: Մասնաւորապէս Սուրիոյ ազատագրման, ֆրանսական գաղութատիրութիւնէն վերջնականապէս ձերբազատելու համար մղուած պայքարին մէջ, հայ ժողովուրդը դարձեալ բերաւ իր նպաստը՝ կանգնելով ազատութեան համար մարտնչող բազմութիւններուն կողքին:
Այդ պատճառով ալ սուրիացի արաբ մեծ ղեկավար մը Հրաչ Փափազեանի մասին Բերիոյ Հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանին առիթով մը խոստովանած էր. «Առանց Հրաչի կարծիքը առնելու երկրին համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող որեւէ որոշում չենք տար»:
Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է արձանագրել, որ 1947ին սուրիական խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հրաչ Փափազեան անգամ մը եւս Հալէպէն իր թեկնածութիւնը կը դնէ Ազգային կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկին մէջ:
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին ընտրական պայքարը բաւական կը սրի, եւ շատ աւիլի լարուած մթնոլորտ կը տիրէ:
Ազգային կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած ցանկին դէմ Ժողովուրդի կուսակցութեան ցանկը իբրեւ հակառակորդ առաջ կու գայ:
Ընտրական պայքարի մասին օրին Հալէպի մէջ լոյս տեսնող «Արեւելք» օրաթերթը լայն անդրադարձ կը կատարէ: Երկուշաբթի, 7 Յուլիս 1947ի առաջին էջին վրայ, «Մ.» ստորագրութեամբ եւ «Արթուն «Աչքը»» խորագրի տակ կը գրուի. «Երբ քայլ կ՛առնենք այսօր դէպի քուէատուփ, պէտք է կանգ առնենք կենսական ու նաե՛ւ ճակատագրական հարցումի մը վրայ: Վերջին քառորդ դարու մեր կեանքի ընթացքին, Սուրիոյ մէջ ո՞վ էր, որ ստեղծեց հայ ժողովուրդի հաւաքական ապահովութեան եւ անհատական ազատութեան պայմանները…»:
«Արեւելք»ի նոյն էջին վրայ, խմբագրականի կողքի սիւնակին մէջ. «ՀՅ Դաշնակցութեան Հսկայ Միթինկը» վերնագիրին տակ կը կարդանք. «20,000է աւելի ծովածավալ բազմութիւն մը լսեց Դաշնակցութեան խօսքը իր ազգային եւ քաղաքական ձգտումներուն ու հայեցակէտերուն շուրջ: Կը հրաւիրենք հալէպահայութիւնը գիտակցելու վայրկեանի լրջութեան եւ իր քուէները կեդրոնացնելու Ազգային կուսակցութեան վրայ, ուր արաբ մեծ ղեկավարներու կողքին իր թեկնածուն ունի եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը»:
Մինչ այդ, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին տեղի ունեցած ընտրապայքարներու ընթացքին «Արեւելք»ի էջերով, զանազան խմբագրականներով եւ այլ գրութիւններով յաճախ զգուշացուած էր ժողովուրդը: Այդ լոզունգներէն կամ զգօնութեան հրաւիրող գրութիւններէն է մեծատառով հետեւեալ գրութիւնը. «Հա՛յ ժողովուրդ, բոլշեւիկները բոլոր ցանկերէն վտարուելէ եւ դուրս շպրտուելէ վերջ կը դիմեն ծանօթ խաղին… «չէզոք թեկնածու»ին… կը զգուշացնենք քուէ տալու ո՛եւէ «խառն ցանկ»ի, որուն հեղինակները մի՛շտ բոլշեւիկներն են, ու իրենց կողքին՝ իրենց «մանրամասնութիւնները…»»:
Արդարեւ, 28 Մայիս 1947ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածու Հրաչ Փափազեան կը ձախողի:
Անուրանալի է Հրաչ Փափազեանի դերակատարութիւնն ու վարած խոհեմ քաղաքականութիւնը նաեւ ներգաղթի ժամանակաշրջանին:
Հայ գաղթականութեան պատմութեան տխուր էջերէն մէկն էր սուրիահայութեան 1946-1947ին դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթը, որ օրին ստացաւ «Մեծ հայրենադարձութիւն» անուանումը:
Սուրիահայ ներգաղթողները, մեծաւ մասամբ՝ Հալէպէն, Դամասկոսէն, Համայէն, Հոմսէն, Ազէզէն, զանգուածային կերպով գաղթեցին:
Դժբախտաբար հայրենի իշխանութիւններուն մօտ ներգաղթ կազմակերպելու սերտուած քաղաքականութիւն մը չկար:
Օրին, Դաշնակցութեան երդուեալ հակառակորդները փոխանակ համազգային հայրենադարձի շարժումի մը վերածելու ներգաղթը, ինչպէս վայել էր, ուզեցին օգտագործել զայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը քայքայելու համար:
Ներգաղթի ժամանակաշրջանին հակադաշնակցական մամուլը թիրախ դարձուց ՀՅԴն, անոր ղեկավարութիւնը ու ինչպէս միշտ՝ Հրաչ Փափազեանը:
Բերիոյ Հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Զարեհ սրբազանը մտասեւեռումի մը վերածած էր հայ երկրորդական վարժարանի մը ծրագիրը: Ան տեսիլք եւ կամք կ՛ունենայ՝ սուրիահայ գաղութը օժտելու երկրորդական վարժարանով մը, որպէսզի ազգի զաւակներն ալ ունենան իրենց հայկական երկրորդական կրթարանը, ուր մանաւանդ հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանան: Հրաչ այդ նախաձեռնութեան ջատագովն էր եւ սկիզբէն բոլոր հնարաւոր միջոցներով սատար կը դառնար սրբազան հօր ծրագիրին: Քանի որ իրեն համար նոր սերունդի ազգային դաստիարակութիւնը լուրջ մտահոգութիւն էր եւ հայկական երկրորդական վարժարան մը ունենալու եւ զայն հայապահպանման դարբնոց դարձնելու ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծրագիրը անխուսափելի էր, ուստի ամէն ջանք պէտք է թափուէր հայկական երկրորդական վարժարանը կեանքի կոչելու համար:
Սրբազան հօր ջանքերով, դանիական մարդասիրական հաստատութեան պատասխանատուներէն՝ Քարէն Եփփէի՝ «Հայոց մայրիկ»ի 1924ին, Նոր գիւղի մէջ հիմնած որբանոց-այրիանոցը ազգային սեփականութիւն կը դառնայ, ազգային երկրորդական վարժարան մը կառուցելու նպատակով:
Փափազեան եւ Զարեհ սրբազան միասին ձեռնարկեցին հիմնադրութեան աշխատանքները ամէնայն բծախնդրութեամբ. անոնք, կողք կողքի, լաւատես ոգիով, ամուր հաւատքով, անսասան կամքով ու վճռականութեամբ, ինչպէս նաեւ ազգային գործիչներու եւ ազգային մարմիններու հետ սերտ գործակցութեամբ, վիթխարի ճիգերով ու անընկճելի նուիրումով իրականացուցին տարիներու իրենց երազը:
1947ին բացումը կատարուեցաւ կրթական այս օճախին, մշակութային այս լուսաւոր ոստանին, որ դարձաւ ոչ թէ հալէպահայութեան, այլ Սփիւռքի հայութեան ազգային ինքնութեան քուրան՝ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը:
Ճեմարանը կը կոչուէր Քարէն Եփփէի անունով իբրեւ արդար գնահատութիւն Քարէն Եփփէին, հայերու դանիացի բարեկամներուն եւ Դանիոյ ժողովուրդին:
Ազգային, կրթական այս տաճարին մէջ Հրաչ Փափազեան 1949էն մինչեւ իր Լիբանան մեկնումը՝ 1957, մօտ 8 տարի կը ստանձնէ խնամակալութեան ատենապետութիւնը:
Այստեղ տեղին է նշել, որ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի մեծ ընտանիքը միշտ ալ երախտապարտ եղած է իր հիմնադիրներուն եւ այդ իսկ պատճառով, Հրաչ Փափազեանի անունը չէ մնացած Ճեմարանի հիմնադիրի սահմաններուն մէջ միայն, այլ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի 1995-1996 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի ԽԳ շրջանաւարտները կոչուած են «Հրաչ Փափազեան հունձք»: Իսկ միւս կողմէ, 2011ին, Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ նորակառոյց յուշասրահ-արխիւատունը անուանակոչուեցաւ «Հրաչ Փափազեան Յուշասրահ-Արխիւատուն»:
Հրաչ Փափազեան հիմնադիր արտօնատէրն էր նաեւ Հալէպի մէջ լոյս տեսնող «Արեւելք» օրաթերթին, շրջան մը վարելով նաեւ թերթի տնօրէնի պաշտօնը: Օրաթերթին առաջին էջի՝ օրաթերթի անունի երկու կողմերը տեղադրուած են փոքր քառակուսի տուփիկներ, առաջինը՝ հայերէն, գրուած է. «Արտօնատէր եւ պատասխանատու տնօրէն Հրաչ Փափազեան», իսկ միւսն ալ արաբերէնով հայերէնի թարգմանութիւնն է:
Փափազեան, ըլլալով մարզասէր, սերտօրէն կապուած էր նաեւ ՀՄԸՄի հետ, միշտ ներկայ եղած է ՀՄԸՄի միջմասնաճիւղային հանդիպումներուն, ֆութպոլի միջազգային մրցումներուն: Օրինակ, 1958ին, Գահիրէի մէջ, ներկայ եղած է ՀՄԸՄի Հալէպի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբի մրցումներուն:
Հալէպի մէջ կատարուած ֆութպոլի մրցումներու աւարտին, անտեղի պարտութենէ մը յետոյ, երբ երիտասարդութիւնը Թիլելի ՀՄԸՄի ակումբ հաւաքուած կը վիճէր, Հ. Փափազեան՝ ի տես երիտասարդներու յուզման, հանդարտեցնելու համար անոնց գրգռուած ջիղերը, խօսք կ՛առնէ ու կ՛ըսէ քանի մը բառեր, որոնց մէջ կը շեշտէ, թէ պէտք չկայ իրար անցնելու, որովհետեւ պարտութիւնները յաղթանակներու կ՛առաջնորդեն: Այդպէս եղած է ան, երբ քանի մը բառ ըսած է, այդ քանի մը բառին ընդմէջէն բան մը փոխանցած է, պատգամ մը տուած է:
Փափազեան յաճախ այցելած է Լիբանան, Եգիպտոս, Իրան, Իրաք, Եւրոպա եւ այլ շրջաններ՝ գլխաւորաբար կուսակցական պարտականութիւններով:
Ան մասնակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան 1923-1959ի գրեթէ բոլոր Ընդհանուր ժողովներուն: Զանազան կուսակցական պարտականութիւններ ստանձնելէ ու կատարելէ ետք, Հրաչ Փափազեան ՀՅԴ ԺԴ Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ 1947ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն, Գահիրէի մէջ, կ՛ընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի անդամ կը մնայ մինչեւ 1959:
Հրաչ Փափազեանի ունեցած էական դերը ընդհանրապէս՝ Սուրիոյ եւ յատկապէս՝ Հալէպի հայ գաղութի վերակազմաւորման եւ գոյատեւման մէջ: Ան հայկական տարբեր հաստատութիւններու, կեդրոններու եւ միութիւններու հիմնադրութիւններուն մտայղացողն ու կազմակերպողն էր: Անժխտելի է նաեւ անոր դերը կուսակցական ու ակումբային առողջ սերունդ մը կերտելու գործին մէջ: Անոր մօտ միշտ ներկայ եղած է նուիրումի ոգին՝ արդիւնաւոր կերպով ծառայելու իր ազգին. ան հալէպահայ գաղութը վերածած է անառիկ ամրոցի մը այլասերման ու այլ վտանգներու դէմ, փոքր Հայաստանի մը շունչը ներմուծելով նորահաս սերունդին մէջ:
Հրաչ Փափազեանի դերը մեծ եղած է նաեւ Զարեհ սրբազանի կաթողիկոս ընտրութեան ընթացքին, երբ Կիլիկիոյ պատմական աթոռին մեծ վտանգ մը կը սպառնար: Համայնավար Խորհրդային Միութենէն թափ առնելով՝ փոթորիկներ փչեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան չորս կողմը, ու փորձելով ցնցել անոր հիմքերը եւ արմատախիլ դարձնել զայն: Սակայն Կիլիկիան կաթողիկոսութեան դարաւոր ու պատմական Ս. աթոռին հաւատարիմ եւ արթուն պահակներուն՝ Հրաչ Փափազեաններու, ինչպէս նաեւ կարգ մը կրօնաւորներու, դաշնակցական շարքայիններու, ազգայիններու ու մանաւանդ անոր առաքելութեան հաւատացող հաւատաւոր ժողովուրդին վճռական կամքով ու անսասան հաւատքով մեծ պայքար տարուեցաւ՝ Կիլիկիան կաթողիկոսութիւնը անխախտ պահելով:
Մոսկուայի ազդեցութեան տակ, Խորհրդային Հայաստանի կողմէ կատարուած քայլերը եւ սփիւռքահայութիւնը, ի մասնաւորի՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը պառակտելու ու ատելութեան սերմ ցանելու մթնոլորտը պատճառ պիտի դառնար եղբայրական ահաւոր փորձանքներու:
Տարագիր հայութիւնը խորհրդային ազդեցութեան տակ առնելու եւ Քրեմլինի տիրակալութեան ենթարկելու տխուր ու դաժան ոտնձգութեանց վերջին փուլը կազմած են Զարեհ Առաջինի կաթողիկոս ընտրութեան առիթով տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները: Սկսելով Զարեհ Ա.ի ընտրութեան նախօրէին հակադաշնակցական ճակատի տխրահռչակ անարգումի քայլերէն, անցնելով Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութիւնը «անվաւեր» հռչակելու երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Պալճեան Ամենայն հայոց կաթողիկոսին պարտադրուած եւ անոր կողմէ ստորագրուած կոնդակէն (որ խորհրդայիններու «ընտրական պարգեւը» եղաւ Էջմիածնին, արգիլելով, որ իր մասնակցութիւնը բերէ Զարեհ Առաջինի կաթողիկոս օծումին) եւ հասնելով Սփիւռքի տարածքին հակամարտ թեմերու յառաջացումին՝ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր ժամանակակից պատմութեան դառնագոյն փուլը, որ բարեբախտաբար եղաւ նաեւ վերջին ու եզրափակիչ արարը՝ ազգային պառակտումի օտարամուտ գրգռութեանց էջը գոցելու եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ներշնչումով հայոց ազգային միասնականութեան ուղին բանալու առումով:
Արդարեւ, Կիլիկիոյ թափուր աթոռին թեկնածու կը ներկայանային Գարեգին արք. Տրապիզոնի, Խադ արք. Աջապահեան եւ Դերենիկ եպս. Փօլատեան:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղապահ ընտրուած էր Խորէն եպս. Բարոյեան եւ որոշուած էր 1956 Փետրուար 14ին ընտրել գահակալը. առ այդ հրաւիրուած էին երեք թեմերու՝ Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս պատգամաւորները:
Այդ ատեն է, որ հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ նախընթաց չունեցող դէպք մը պատահուեցաւ: Էջմիածինի նորընտիր Վազգէն կաթողիկոս, հազիւ քանի մը ամիսէ ի վեր ընտրուած եւ դեռ Կովկասի, Ռուսաստանի թեմերը չայցելած, ղրկուեցաւ Լիբանան, որպէսզի Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուի այն եկեղեցականը, որ կ՛ենթարկուի ծանօթ քաղաքական ազդեցութեան:
Օրին, յատկապէս՝ «Ազդակ» 12-էն 22 Փետրուար 1956ի եւ «Արեւելք» 14-էն 22 Փետրուար 1956ի եւ լրատուական այլ աղբիւրներ լուսարձակի տակ կ՛առնեն ու լայնօրէն կ՛անդրադառնան Զարեհ Ա. Վեհափառի ընտրութեան ընթացքին:
12 Փետրուար 1956ին, Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս Լիբանան կը ժամանէ, մասնակցելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընտրութեան եւ օծման: «Փառահեղ Ընդունելութիւն Վեհափառ Հայրապետին» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր. «Պատմական եւ աննախընթաց ընդունելութիւն մը ցոյց տուաւ Լիբանանի հայութիւնը, երէկ՝ Կիրակի, 12 Փետրուար 1956ին, Ամենայն հայոց հայրապետ Տ. Տ. Վազգէն Ա.ին»:
14 Փետրուար 1956ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, կաթողիկոսականի վեհարանին մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական ժողովի բացումը կը կատարուի:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէ. «Էջմիածնայ հայրապետը, պատրուակելով, թէ Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռի թեկնածուին շուրջ շեշտուած տարակարծութիւններ եւ կիրքեր գոյութիւն ունին, մինչ ինք կ՛ուզէ իբրեւ թէ խաղաղ մթնոլորտ հաստատել, առաջարկեց պատգամաւորներուն շաբաթ մը յետաձգել ժողովի գումարումը:
«Միաժամանակ վեհափառը հեռաւոր սպառնալիքի մը ձեւով ուզեց զգացնել, թէ պիտի չմնայ կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծումին, եթէ երբեք ընթացք չտրուի իր այս թելադրութեան: Այս ձեւով եզրակացնելէ ետք, վեհափառը առանձին ձգեց ժողովը, որպէսզի ան իր որոշումը տայ: Տեղապահ Խորէն սրբազան հրաւիրեց ներկաները՝ իրենց տեսակէտները պարզելու հայրապետի յետաձգման առաջարկին շուրջ: Խօսք առաւ նախ տոքթ. Ա. Պաղտասարեան, որ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը նախ ժողովը բանալու: Իրեն միացաւ Մովսէս Տէր Գալուստեան, որ շեշտը դրաւ հետեւեալ կէտերուն վրայ.
ա) Պատգամաւորական ժողովը կը գումարուի կաթողիկոսութեան կանոնագրի հիման վրայ, հետեւաբար, նախ պէտք է պատգամաւորները վերածել պատգամաւորական ժողովի:
բ) Եթէ յետաձգումի առաջարկ մը կայ, այդ յետաձգումը ընդունիլ կամ մերժել կը պատկանի միմիայն պատգամաւորական ժողովին:
գ) Պէտք է գումարուի ժողովը եւ օրինական սահմաններու մէջ նկատի առնուի վեհափառին խնդրանքը»:
Այնուհետեւ՝ «Խօսք առաւ պր. Հրաչ Փափազեան, որ շեշտեց կարեւորութեամբ, թէ յետաձգումի առաջարկը մերժելու որեւէ տրամադրութիւն գոյութիւն չունի պատգամաւորներու մօտ, որոնք իրենց չափ եւ աւելի կը բաղձան ներդաշնակ տեսնել ժողովը եւ, սակայն, այս բաղձանքի իրականացման համար ո՛չ մէկ պատճառ գոյութիւն ունի՝ պատգամաւորները ցրուելու:
«Կը կազմուի առժամեայ դիւանը, կը կատարէ լիազօրագրերու ստուգումը, կը դառնայ ժողով, ապա միայն նո՛յն այդ ժողովը, եթէ ուզէ, կը յետաձգէ կաթողիկոսական ընտրութիւնը»:
Խորէն եպիսկոպոս ժողովին պատկերը եւ տրամադրութիւնները ներկայացուց Վազգէն վեհափառին, որ սակայն հաստատ մնաց իր առաջարկին վրայ:
Տեղապահ Խորէն սրբազան հաստատելէ ետք օրինաւորութիւնը պատգամաւորներու բացարձակ մեծամասնութեան տեսակէտին, յայտնեց. «Կը տեսնեմ որ մեր յարգելի պատգամաւորներու իրաւունքը անտեսել կրնայ ժխտականօրէն անդրադառնալ Կիլիկեան աթոռի ապագային եւ վտանգել զայն անվերականգնելիօրէն: Իբրեւ տեղապահը այս աթոռին՝ պարտք կը նկատեմ ամէն պատասխանատուութիւն յանձն առնելով, նոյնիսկ վեհափառ հայրապետէն յանդիմանուելու գնով՝ յարգել օրէնքը եւ անցնիլ առժամեայ դիւանի կազմութեան՝ պատգամաւորներու երիցագոյն անդամը ընտրելով ատենապետ, իսկ կրտսերագոյնը՝ ատենադպիր»:
Սրբազան հօր այս վճռական յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ պատգամաւորներու երկարատեւ եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով:
Յիսուն պատգամաւորներէն 12ի բացակայութեամբ եւ մնացեալ պատգամաւորներուն միաձայնութեամբ ձեռնարկուեցաւ առժամեայ դիւանի կազմութեան, եւ իրենց տեղերը գրաւեցին ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան եւ ատենադպիր Յարութիւն Գույումճեան: Կատարուեցաւ լիազօրագրերու ստուգումը:
Առժամեայ դիւանի կազմութենէն ետք խօսք կ՛առնեն տոքթ. Ատուր Գապագեան եւ Հրաչ Փափազեան, որոնք կ՛ընդգծեն անհրաժեշտութիւնը ընտրելու նաեւ մնայուն դիւանը, որպէսզի աշխարհական, թէ կրօնական ոչ մէկ անհատ, ոտնձգութիւն փորձելով պատգամաւորական ժողովի իրաւասութեան սահմաններէն ներս, հետագային առիթ տայ որեւէ խափանարարութեան:
Այս առաջարկի մասին արտայայտուեցան զանազան պատգամաւորներ, որոնց եզրակացութեան հիման վրայ տեղապահ Խորէն սրբազան առաջարկեց կազմել մնայուն դիւանը եւ այս իմաստով դիմեց պատգամաւորներու ձայնին: 38 պատգամաւորներ միահամուռ ցանկութիւն յայտնեցին գործի վերածելու այս առաջարկը եւ մնայուն դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ ձեւով.
Ա. Ատենապետ՝ Յակոբ Տէր Մելքոնեան
Բ. Ատենապետ՝ Վահէ Սէթեան
Ա. Ատենադպիր՝ Ստեփան Գապարաճեան
Բ. Ատենադպիր՝ Յարութիւն Գույումճեան:
Պատգամաւորական ժողովը, ստացած ըլլալով իր ժողովի օրինաւորութիւնը եւ նուիրականացուցած ըլլալով իր բոլոր իրաւունքները, իր իրաւասութեան հիման վրայ եւ իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն գոհացում տուած ըլլալու համար վեհափառ Վազգէն կաթողիկոսի խնդրանքին՝ որոշեց կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարել ամէնէն ուշը մինչեւ Երկուշաբթի, 20 Փետրուար:
Այս որոշումով ալ ժողովը վերջացած նկատեց իր նիստը ու փակեց ժամը 13:45ին:
20 Փետրուար, առաւօտեան ժամը 11:45ին, Կիլիկիոյ աթոռի կաթողիկոսական ընտրութեան պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ՝ նախագահութեամբ կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեանի եւ ատենապետութեամբ Յակոբ Տէր Մելքոնեանին:
Ժողովին ներկայ էին 36 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»ի, «Արեւելք»ի, «Այգ»ի, «Նիւ Եորք Թայմզ»ի, «Լը ժուռ»ի, «Լ՛Օրէան»ի, «Մաթէն»ի, Միւնիխի «Ազատագրութեան Ձայն»ի, «Ալիք»ի, «Հայրենիք»ի, «Յուսաբեր»ի, «Սիոն»ի, «Հասկ»ի, «Հայեաթ»ի, «Տէյլի Սթար»ի, «Մարմարա»ի եւ «Ժարիտա»ի թղթակիցները: Կային նաեւ 15 լուսանկարիչներ եւ շարժանկարիչ մը, Պոլսէն:
Գաղտնի քուէարկութեամբ կազմուեցաւ եռանուն ցանկ մը՝ Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեան, Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեան եւ Ղեւոնդ եպիսկոպոս Չէպէեան:
Եռանուն ցանկի կազմութենէն ետք տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը եւ 36 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, 32 ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի գահակալ ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեան: Երկու պատգամաւորներ ճերմակ քուէ տուին, իսկ մէկական քուէ ստացան Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեան եւ Պոլսոյ պատրիարք Գարեգին արք. Խաչատուրեան:
Այսպիսով՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընտրութիւնները աւարտեցան Էջմիածնի կամ աւելի ճիշդ՝ խորհրդային իշխանութիւններուն թելադրանքները մերժող, ազգային անկախ մտածողութեան տէր, սուրբ մարդու մը՝ Զարեհ Ա. Փայասլեան կաթողիկոսի ընտրութեամբ: Միւս կողմէ, ան փրկեց Սսոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը՝ Ռուբինեաց հարստութեան վերջին ժառանգը:
Հետագային, Զարեհ Առաջին իր անանձնական մօտեցումով, ներողամտութեան ոգիով եւ անսահման բարութեամբ ու նուիրումով մեծ ներդրում ունեցաւ՝ պառակտուածութեան այդ տխուր եւ դառն էջերը փակելու եւ համերաշխութեան ու միասնականութեան ենթահող պատրաստելու աշխատանքին մէջ:
1959ի Մայիսին, Դամասկոսի մէջ Հրաչ Փափազեան կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան (ԱՄՀ) առաջին քաղաքացի Շուքրի Քուաթլիին: Շուրջ մէկ ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին, նախագահ Քուաթլի մեծ դրուատիքով կ՛անդրադառնայ Փափազեանի մասին, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ յատկապէս սուրիացի «ուաթան»ջներուն (ազգայնական) ծանօթ այն որակումը՝ «աջ բազուկը Սաատ Ալլահ Ժապրիին»:
Օրին, վերոնշեալ հանդիպումը «Արեւելք» այսպէս կը հաղորդէր. «Թերթիս արտօնատէրը՝ ընկ. Հրաչ Փափազեան, երէկ կէսօրէ ետք՝ ժամը 1:20ին, Հալէպ ժամանեց: Օդանաւակայանին մէջ ընդունուեցաւ ընկերներու եւ բարեկամներու կողմէ:
«Ընկ. Հրաչ Փափազեան Դամասկոս գտնուած օրերուն այցելեց ԱՄՀի առաջին քաղաքացի Շուքրի Քուաթլիի, վերջինիս բնակարանին մէջ՝ ընկերակցութեամբ Պ. Վահան Տօնապետեանի, իրաւաբան Ֆրէտ Արսլանեանի եւ ընկ. Ներսէս Պարսումեանի: Տեսակցութիւնը տեւեց մօտ մէկ ժամ, Շուքրի պէյ եւ ընկ. Հրաչ Փափազեան ողջագուրուելէ ետք սիրալիր խօսակցութիւն մը ունեցան: Շուքրի պէյ, իրեն այցելութեան եկած հիւրերուն ներկայացնելով ընկ. Հրաչը, յայտարարեց, թէ Սուրիոյ ազատագրութիւնը կերտող ղեկավարներէն է եւ աջ բազուկը Սաատ Ալլահ Ժապրիի:
«Ձեզ,- ըսաւ Շուքրի պէյը ընկ. Հրաչին,- երեսուն տարիէ ի վեր կը ճանչնանք իբրեւ անկեղծ հայրենասէրներ, անսակարկ նուիրեալներ եւ արաբական վերելքին համար զոհաբերուողներ»:
«Այնուհետեւ Շուքրի պէյ անդրադարձաւ համայնավար վտանգին եւ ԱՄՀի կառավարութեան մղած կորովի պայքարին: «Փա՜ռք Աստուծոյ,- ըսաւ, – ազատեցանք համայնավար չարիքէն, որուն ճիրանները երկարած էին մեզի»»:
Վերոնշեալ լուրը անմիջապէս ստայօդ տեղեկանքով կը հրապարակուի հակադաշնակցական մամուլիn մէջ: Փափազեանի հասցէին բամբասանքներով եւ վատաբարոյ խօսքերով լոյս տեսած թերթերէն մէկը, որպէս օրինակ, հոս կը ներկայացնենք: Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Յառա»ջ քաղաքական շաբաթաթերթը, որ «Փափազեան էֆենտի…» խորագրով, «Խիկար» ծածկանունին տակ, վերոնշեալ լուրը փոխ առնելով, Հրաչ Փափազեանը եւ անոր միջոցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը վարկաբեկէ եւ կրկին նուաստացնելու փորձ կը կատարէ, թունաւոր եւ ապաբարոյ մոլուցքով խեղաթիւրուած տեղեկութիւն կը տարածէ: «Յառաջ»ի այս նիւթը օրին կ՛արտատպեն հակադաշնակցական այլ թերթեր նաեւ, ինչպէս՝ Ամերիկայի «Երիտասարդ Հայաստան» թերթը…:
Հայաստան ու հայութիւն, որոնք եղած են ու կը մնան ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան խարիսխները, բնականօրէն եղած են Հրաչ Փափազեանի գործունէութեան առանցքը: Ան ապրեցաւ հայութեամբ, տառապեցաւ անոր ցաւերով: Ճգնեցաւ սփիւռքահայութիւնը առաջնորդել լուսաւոր հանգրուանէ հանգրուան՝ ի խնդիր ազգապահպանման գործին:
Համեստ, խորհրդաւորութեան հասնող լռութեամբ, յարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքի մարդն էր ան: Հաւատաւոր դաշնակցական եւ գաղափարականի անսայթաք մարդը:
Երբեք դիւրին չէ եղած Հրաչ Փափազեանի ճամբան: Ան կեանքի ընթացքին դիմագրաւած է բազում մարտահրաւէրներ:
Անոնցմէ ամէնէն ահաւորը եղաւ համայնավարներու եւ անոնց գործակալներու կողմէ հակադաշնակցական մոլուցքի դրսեւորումները:
Խորհրդային Միութեան կողմէ յառաջացած հակադաշնակցական հովերը փոթորկալի ձեւով իրենց պտուղը տուած էին Սփիւռքի տարբեր շրջաններուն մէջ: Կերեւի չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ այդ օրերուն հակադաշնակցական պայքարին մէջ ամէնէն շատ թիրախաւորուած դաշնակցականներէն մէկը Հրաչ Փափազեանն է եղած:
Սփիւռքի տարածքին, Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներու ցամաքամասերը համայնավարութեան խօսափողը դարձած կազմակերպութիւններու, միութիւններու ու անհատներու պատկանող թերթերու ու գիրքերու ընդմէջէն օրին հակադաշնակցական դրսեւորումներով բացայայտ յարձակումի եւ արշաւի ենթարկեցին Հրաչ Փափազեանը:
Հին ու նոր գրչակներ, լուրջ ու խորհրդաւոր դէմքեր ինչե՜ր ըսես չգրեցին Հրաչ Փափազեանին մասին: Խեղաթիւրուած տեղեկանքներ, ապատեղեկատուութիւն տարածող լուրեր, զրպարտանքներ, պարսաւանքներ, ստայօդ գրութիւններ եւ անվայել այլ խօսքեր, նոյնիսկ ծաղրանկարներ: Այլ խօսքով՝ սուտին ու կեղծիքին վրայ խարսխուած քարոզչութիւն ծաւալեցին:
Բոլոր տկարներուն զէնքը միշտ սուտն ու հայհոյութիւնն է եղած:
Հրաչ Փափազեանի դէմ ստայօդ քարոզչութիւն կատարած թերթերէն հոս կարելի է յիշել քանի մը հատը միայն, ինչպէս՝ «Սուրիա» (Հալէպ), «Երիտասարդ Հայաստան» (Ամերիկա), «Լրաբեր» (Ամերիկայի համայնավար օրկան), «Յառա»ջ շաբաթաթերթ (Պէյրութ):
Հոս կը մէջբերենք Գահիրէի մէջ հրապարակուող «Յուսաբեր»ի խմբագրականը, որ «Վերջամնացներէն (Ընկ. Հրաչ Փափազեանի Մահուան Առիթով)» խորագրին տակ կը գրէր.
«Յարգուած ու սիրուած էր ամէն տեղ, ուր ապրած ու գործած էր: Բայց զերծ չէր մնացած նաեւ բամբասանքէ ու չարախօսութենէ: Ինչե՜ր չըսուեցան ու չգրուեցան իր մասին: Ատեն մը նոյնիսկ «սուրիական հայրենիքի դաւաճան» կամ դաւաճաններու ուղեկից կոչեցին զինք: Օդանաւով մինչեւ Անգարա ղրկեցին զինք՝ թուրք վարիչներուն հետ բանակցելու դեր մը վերագրելով իրեն:
«Այս բոլորին հանդէպ զարմանալիօրէն պաղարիւն ու անտարբեր, փորձն իսկ չէր ըրած հերքելու կամ ժխտելու այս չարամիտ ու չարաբարոյ վերագրումները: Իր դատախազը իր խիղճն էր, եւ ինք անպարտ էր խղճին առջեւ: Ասիկա գիտէր ինք, գիտէինք նաեւ մենք: Գիտէինք, որ մեր գաղափարակա՜ն հակառակորդները ատեն-ատեն Անգարա կը ղրկէին ամերիկեան օդանաւով կամ բրիտանական ռազմանաւով Դրոն եւ Իփէկեանը, Հրաչ Փափազեանը եւ ուրիշներ:
«Մեր հանգուցեալ ընկերը Գահիրէ էր, երբ «լաւատեղեակ» թերթեր գրեցին, թէ ինչ-որ դաւաճանի հետ Անգարա գացած է՝ Մենտերէսի այցելութեան…: Երբ, հազիւ զսպելով գարշանքը, այս «լաւատեղեակ»ներուն անասելի զրպարտանքը յայտնեցինք մեր ընկերոջ, անտարբեր ու պաղարիւն, Աստուծոյ արարածները լաւապէս ճանչցող, ան ըսաւ մեզի. «Այդ թերթերը կը հրատարակուին՝ նման բաներ գրելու համար: Կարեւորութիւն մի՛ տաք»»:
Հետեւաբար, Հրաչ Փափազեան, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեանց, կրցաւ յաղթահարել բոլոր խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները՝ իր հեռատես, զարմանալիօրէն սառնասիրտ, անտարբեր ու իմաստուն քաղաքականութեամբ:
Փափազեան անսահման սէր ունէր մանուկներու հանդէպ: Որեւէ ատեն աննկատ չէ առած զանոնք ու ուզած է գոհացնել անոնց անյագ հետաքրքրութիւնը:
Վերջին տարիներուն, նախքան Պէյրութ հաստատուիլը աւելի շատ Սուրիայէն դուրս եղած է, քան Սուրիա: Հակառակ յառաջացած տարիքին եւ խանգարուած առողջութեան՝ յաճախակի ճամբորդած է, հիւրանոցներ մնացած, տքնած է անտրտունջ: Ազգային իւրաքանչիւր յաջողութիւն մը մոռնալ տուած է անոր անձնական ցաւերն ու մտահոգութիւնները: Հիւանդութեան վերջին շրջանին մէկ բան ամէն ատեն մղձաւանջի պէս զինք կը զբաղեցներ, զինք կը տանջէր: Ան ալ հայութեան միութիւնն էր: Իր մօտ այցելողներուն միակ հասկնալի խօսքը, զոր կը կրկնէր. «Հայերը թող միանան, իրարմէ թող չբաժնուին»:
1957ին Հրաչ Փափազեան կը փոխադրուի Պէյրութ, երբ անողոք հիւանդութիւնը սկսած էր արդէն գործել իր աւերը: Իր կեանքին վերջին ամիսները ծանր տառապանք մը կ՛ըլլան իրեն համար: Յետ երկարատեւ հիւանդութեան ան աչքերը կը փակէ Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 1960ին, Լիբանանի այդ օրերուն հայաբնակ ամարանոցներէն Շթորայի մէջ, խոր կսկիծի մատնելով այրին՝ Երանուհին եւ զաւակը՝ Վարդգէսը, հարազատները, ապա հայութիւնը, գաղափարակից ընկերները, սուրիացի արաբ ընկերներն ու բարեկամները:
«Արեւելք» օրաթերթը Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 1960ի իր թիւին առաջին էջով Հրաչ Փափազեանի մահուան լուրը՝ մեծատառ վերնագրով իր ընթերցողներուն այսպէս կը հաղորդէր. «ԲՈԼՈՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐ ՑԱՒՈՎ ԿԸ ԳՈՒԺԵՆՔ ՄԱՀԸ ԸՆԿ. ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ»:
Ապա, կը շարունակէ. «Երէկ գիշեր ստացանք հետեւեալ հեռագիրը Պէյրութէն.
««Ամենախոր կսկիծով կ՛ողբանք մահը հանրային անխոնջ գործիչ եւ հաւատաւոր դաշնակցական ընկ. ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆի, որ տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան»:
«Ընկ. Հրաչ Փափազեանի մահով հողին կու տանք հայ ժողովուրդի անզուգական զաւակներէն, հանրային գործիչ եւ սուրիական խորհրդարանի երկար տարիներու անդամ, հաւատաւոր դաշնակցական մը ու Հայ Դատի ախոյաններէն մէկը: Ան երկար ատեն պահեց «Արեւելք»ի արտօնատիրութիւնը:
«Ողբացեալ ընկերոջ գործին եւ ալեկոծ կեանքի մասին պիտի անդրադառնանք առանձին: Մինչ այդ յանուն մեր բոլոր ընկերներուն եւ բարեկամներուն կ՛ոգեկոչենք քաղցր յիշատակը մեր անմոռանալի ընկերոջ:
«Հողը թեթե՛ւ՝ սիրելի՛ ընկեր:
«Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը, Հինգշաբթի, 1946 Օգոստոսի, առաւօտեան ժամը 9ին, Ս. Նշան եկեղեցին»:
Հինգշաբթի, 18 Օգոստոսի, առաւօտեան ժամը 9ին, Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ ազգային յուղարկաւորութիւն կը կատարուի՝ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի:
Արարողութիւններէ յետոյ, խորիմաստ դամբանական մը կը խօսի վեհափառը՝ առաւելաբար ծանրանալով Հրաչ Փափազեանի ազգային գործունէութեան ցայտուն գիծերուն վրայ՝ իբրեւ հեռատես եւ խոհուն ղեկավար, անձնուրաց ազգային գործիչ եւ սիրուած ու յարգուած առաջնորդ: Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառը այսպէս կը սկսէր իր դամբանականը Հրաչ Փափազեանի դագաղին առջեւ. «Սգակի՛ր բարեկամներ, ծանր պարտականութիւն է ինծի համար այս եկեղեցիին մէջ խօսիլ դամբանականը մէկու մը, որ իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան գիտակցաբար խուսափեցաւ իր մասին խօսիլ տալէ:
«Ծանր պարտականութիւն, որովհետեւ հանգուցեալ Փափազեանը եղաւ այնպիսի մեծութիւն մը մեր ազգին մէջ, որ իր մասին գաղափար յայտնելը կը վախնամ կարելի չըլլայ եւ պակսեցնէ իր բնական արժանիքները»:
Վեհափառը գլխաւորաբար կ՛ընդգծէ Հրաչ Փափազեանի մօտ կիրքի ու քինախնդրութեան բացակայութիւնը, այլեւ անոր իրատեսութիւնը հայ կեանքի բոլոր երեւոյթներուն հանդէպ:
Եռագոյնով ծածկուած դագաղը յուղարկաւորներու հոծ բազմութեան մը շքերթով, մեծամասնութեամբ նախկին հալէպահայեր, կ՛ուղղուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատուն, որուն մատրան մէջ առաջին հերթին դամբանական կը խօսի մտաւորական, ազգային գործիչ Կարօ Գէորգեան՝ յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին եւ կուսակցական մարմիններուն:
Իր դամբանականին մէջ, Կարօ Գէորգեան հետեւեալ տողերը պիտի արտասանէր. «Ազգային գործիչի եւ քաղաքական մարդու իր բոլոր ընդունակութիւնները ի սպաս դրաւ ան եւ տասնամեակներով գործեց ժողովուրդի ծոցին մէջ, ժողովուրդին համար, թէ՛ իբրեւ ներկայացուցիչը իր պատկանած կուսակցութեան, թէ՛ իբրեւ ազգային մարմիններու ժողովական եւ թէ իբրեւ պարզ անհատ մը, իբրեւ Հրաչ Փափազեան: Սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ ոչ միայն ազգային շրջանակներէ, այլեւ Սուրիոյ ղեկավարութենէն: Այդ յարգանքին ու սիրոյն արտայայտութիւնն ալ եղաւ իր ընտրութիւնը, երկու անգամ՝ իբրեւ սուրիական խորհրդարանի անդամ»:
Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան «Հրուանդան»ի եւ «Լեռնավայր»ի Կեդրոնական կոմիտէներուն, դամբանական կը կարդայ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Մուշեղ Իշխան, որ շատ սեղմ, այլ տպաւորիչ գիծերու մէջ կը ներկայացնէ Հրաչ Փափազեան մարդու ու ղեկավարի գլխաւոր արժանիքները՝ առաւելաբար ծանրանալով անոր խառնուածքին վրայ, ուր միտքը, հոգին ու կամքը գտած էին իրենց արդիւնաւոր ներդաշնակութիւնը: Մուշեղ Իշխան Հրաչ Փափազեանի մասին կը հաստատէ. «Ո՛չ գրչի մարդ էր ընկ. Հ. Փափազեան, ո՛չ բեմի, այլ իսկական ղեկավար մը, աննկուն վարիչ մը, հեղինակաւոր կազմակերպիչ մը, որուն համար գո՛րծն էր էականը եւ գործին յաջողութեան մէջ կը փնտռէր հանրային ծառայութեան իմաստը»:
Մուշեղ Իշխան, անդրադառնալով Փափազեանի հեղինակութեան մասին, ընդգծած է՝ ըսելով. «Գաղտնիքը պէտք է փնտռել ընկեր Հրաչի բացառիկ խառնուածքին մէջ: Քիչ անգամ մարդու մը անձը այդքան գեղեցկօրէն իրարու կը միացնէ մտքի, սրտի եւ կամքի հաւասարազօր արժէքներ՝ ստեղծելու համար նկարագիրի այն հազուագիւտ ներդաշնակութիւնը, որ մեծ մարդու տիպարը կը յատկանշէ:
«Բոլոր անոնք, որ քիչ, թէ շատ մօտէն ճանչցած են զինք, պիտի վկայեն անպայման, որ հաւասարակշռութեան մարմնացումն իսկ էր ընկ. Հրաչ Փափազեան:
«Որքան սառնարիւն դատողութեան մարդ, նոյնքան նուրբ եւ խորունկ զգացումներու տէր, ան գիտցաւ ամբողջ կեանքի ընթացքին ըլլալ հեռատես, վճռական, ուժեղ, բայց նոյն ատեն գերազանցօրէն մարդկային, պարկեշտ ու շիտակ»:
Կարօ Գէորգեանի եւ Մուշեղ Իշխանի դամբանականներէն ետք Հրաչ Փափազեանի մարմինը ընդհանուր յուզումի եւ երկիւղած յարգանքի մէջ կը յանձնուի հողին:
Հրաչի մահուան գոյժը բնականաբար ցնցած էր ազգային, կուսակցական եւ սուրիական պետական աւագանին: Անոր մահուան յաջորդող օրերուն բազմաթիւ գործիչներ, արաբական եւ հայկական թերթեր մեծ տեղ տուին անոր:
Տեղական մամուլը յատուկ լուսարձակի տակ առաւ եւ ներբողեց Հրաչ Փափազեանի արժանիքները:
Այսպէս, օրինակ՝ «Շեպապ» թերթը, որուն արտօնատիրոջ Պ. Մուհամմետ Թալասի սերտ բարեկամը եղած է Փափազեանը, անոր մահուան տխուր առիթով կը գրէ. «Ողբացեալը հայրենասէր, մեծ ղեկավար մըն էր, պայքարի ջահակիր, ազատագրութեան հերոս եւ մտերիմ բարեկամը Սաատ Ալլահ Ժապրիի: Ան պայքարեցաւ ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ, մասնակցեցաւ առաջին ղեկավարներուն հետ Սուրիոյ ազատագրութեան սրբազան պայքարին: Ան իր թերթը ի սպաս դրաւ Սուրիոյ ազատագրութեան, ինքնակալութեան եւ անկախութեան դատին: Անոր կեանքը բեղուն գործունէութեամբ ու անսահման զոհողութիւններու շարք մը եղաւ»:
Իսկ «Հաուատէս» թերթի արտօնատէր Հիւսէյն Շաապանի Հրաչ Փափազեանի մահուան լուրը տալէ յետոյ կը գրէ. «Հրաչ Փափազեան մեր հայ եղբայրներուն մեծ ղեկավարներէն մէկն էր: Բարձր զարգացումի տէր, արթուն եւ ուշիմ մեծ անձնաւորութիւն մը: Ան երկար տարիներ երեսփոխան եղաւ սուրիական խորհրդարանին մէջ: Հաւատարիմ եւ անձնուէր էր իր երկրորդ հայրենիքին՝ Սուրիոյ: Անձնական բարեկամն էր Սուրիոյ բոլոր կազմակերպութիւններու ղեկավար մեծ անձնաւորութեանց, որոնք կը յարգէին զինք, իր պայծառ գաղափարներուն, յստակ տեսակէտներուն, խոր անկեղծութեան, հաստատ ու աննկուն նկարագրին եւ օրինակելի պարկեշտութեան համար»:
Այնուհետեւ «Պարղ Շիմալ» թերթը, Հրաչ Փափազեանի մահազդը հրատարակելով՝ առանձին գրութեամբ մը կ՛անդրադառնայ անոր կեանքին եւ գործին:
Տեղական արաբերէն օրաթերթերէն «Թերպիէ» եւ «Ուաթան» գոհացած են հաղորդելով Հրաչ Փափազեանի մահուան լուրը եւ արտատպելով մահազդը միայն: Լուրը հաղորդած է նաեւ Հալէպի հեռագրական գործակալութիւնը:
Միւս կողմէ, հայկական մամուլը Հրաչ Փափազեանի մահուան լուրը նախ՝ հաղորդեց, ապա՝ շուրջ 50 օրերու վրայ երկարող խմբագրականներով, վկայութիւններով, սրտի խօսքերով եւ այլ գրութիւններով անոր կեանքի, արժանիքներու մասին նիւթեր հրապարակեց:
Շաւարշ Միսաքեան Հրաչ Փափազեանի մահուան առիթով «Յառաջ» օրաթերթի մէջ՝ «Յառաջ» ստորագրութեամբ, «Օրուան Խօսքը» ենթագլուխի տակ «Փոս Մը Եւս» խորագրով՝ Վահան Նաւասարդեանի կարեւոր մէկ բանաձեւումը մէջբերելով՝ «Հանրային կեանքի եւ մտաւոր անդաստանի մէջ բացուած փոսերը ո՛չ հառաչանքով կը փակուին, ո՛չ ալ արցունքով», ընթացք կու տայ իր գրութեան՝ ըսելով. «Այդպէս պիտի գրենք այլեւս ամէն անգամ, որ հանրային դէմք մը անհետանայ՝ նոր պարապ մը ձգելով իր ետին:
«Այդպէս կը գրենք ուրեմն այսօր, երբ Հրաչ Փափազեան կ՛երթայ միանալու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած մեծ ընկերներուն»:
Շ. Միսաքեան, շարունակելով, կը հաստատէ. «Պարզ եւ համեստ, Հրաչ Փափազեան չէր սիրեր իր մասին խօսիլ: Իր բերնէն չէ, որ պիտի լսէինք այն պատասխանատու պաշտօնները, զորս ստանձնած էր եւ յաջողութեամբ գլուխ հանած: Ինք չէ, որ պիտի պատմէր այն դերը, զոր խաղացած է Ճեմալ Ազմիի եւ Պեհաէտտին Շաքիրի ահաբեկումներուն մէ»ջ:
Իսկ Աթէնքի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Օր» օրաթերթի «Խմբագրական Նօթեր» խորագրի տակ խմբագիր Վազգէն Եսայեան կը գրէ.
«Շաբաթ մը առաջ, Պէյրութէն քաշուած հեռագիր մը գուժեց մահը մեր վեթերան ընկերներէն Հրաչ Փափազեանի:
«Քիչերուն ծանօթ է մեր ողբացեալ ընկերը:
«Այդ քիչերուն մէջ ենք նաեւ մենք, որ քիչ ճանչցանք զինքը, երբ Յունաստան կը գտնուէր 1924-26ին:
«Ինք ուզեց, որ քիչ ճանչցուի:
«Բազմութիւններու մարդը չէր:
«Միշտ նախընտրեց, գոնէ Յունաստանի մէջ, մենութիւնը:
«Բեմերու մարդ չէր: Բայց փոխաբերական իմաստով՝ բեմադրութիւններու մղիչ ուժն էր՝ միշտ մնալով քուլիսներու ետին: Ըսել կ՛ուզենք՝ փառքի եւ խօսքի մարդ չէր, այլ գործի:
«Եւ իր գործին մասին չխօսեցաւ երբեք»:
Միւս կողմէ, բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան Հրաչ Փափազեանի բնաւորութեան մասին «Արեւելք»ին մէջ այսպէս կ՛արտայայտուէր. «Հրաչը փայլուն դիւանագէտ, քաղաքական հասունութեան տէր, ազնիւ, բարեհամբոյր հանրային գործիչ մը եղաւ:
«Մտաւորականի մը վայել ճոխ հմտութեամբ բոլոր խնդիրներու մասին իր կարծիքը կը յայտնէր, համոզիչ լեզուով մը:
«Օժտուած էր նախաձեռնութեան անվիճելի ոգիով մը»:
ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավար Հրաչ Փափազեանի հեռատես եւ իմաստուն քաղաքականութիւն վարելու, ինչպէս նաեւ հայրէնասիրութեան իրողութեան ցայտուն մէկ օրինակը կը ներկայացուի «Հայրենիք» օրաթերթի մէջ՝ Վահան Փորթուգալեանի խիստ կարեւոր խոստովանութեամբ:
Մկրտիչ Փորթուգալեանի զաւակներէն Վահանը համբաւաւոր դատաւոր էր եւ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական գաղութատիրութեան շրջանին (1930ականներ) Հալէպի դատական բարձրագոյն ատեանի նախագահն էր: 1947ին վերջնականապէս Ֆրանսա հաստատուելէ ետք, Վահան Փորթուգալեան դարձած էր Էքս-Ան-Փրովանսի վճռաբեկ ատեանին նախագահը: Ան մահացած է 1974ին:
Արդ, ֆրանսական ատեաններու նախկին նախագահ, հայ կամաւորական գունդերու հին սպայ Վահան Փորթուգալեան, որ Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին պաշտօնով գտնուած է Սուրիա, հետեւեալ ուշագրաւ յայտնութիւնը կ՛ընէ Հրաչ Փափազեանի մասին. «Ժամանակին «Յառաջ»ի մէջ, «Վիժած Յարձակման Մը Պատմութիւնը» գրի առնելով՝ յիշեցինք, թէ 1940ի սկիզբը էր, զօր. Վէյկան՝ վերին հրամանատար ֆրանսական ուժերու Միջերկրական Արեւելքի մէջ, յարձակում մը կը պատրաստէր Խորհրդային Միութեան վրայ՝ թրքական գործակցութեամբ («Յառա»ջ, 5 եւ 12 Օգոստոս 1958):
«Յիշած էինք, իբր անձնական վկայութիւն, թէ զօր. Վէյկանի սպայակոյտէն երկու սպայ Հալէպ եկան եւ փափաք յայտնեցին տեսակցելու հայ «հակախորհրդային», այսինքն՝ Դաշնակցական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Կ՛ուզէին իմանալ, թէ կուսակցութիւնը յանձն կ՛առնէ՞ ապստամբութիւն յարուցանել Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ դիւրացնելու համար արշաւող բանակին մուտքը:
«Ստացած էին բացասական պատասխան:
«Զանց առած էինք հայ խօսակիցներուն անունները՝ նկատի ունենալով իրենց բնակավայր Մ. Արեւելքի անկայուն վիճակը եւ աննախատեսելի ելեւէջները:
«Հրաչ Փափազեան իր մահկանացուն կնքեց:
«Այժմ կրնանք առանց անպատեհութեան եւ յաղագս պատմական ճշմարտութեան յայտնել, թէ ինքն էր պարագլուխը, որ առանց ազդուելու վերին հրամանատարի աշխարհահռչակ հմայքէն եւ ներշնչուելով միայն հայրենիքի շահէն՝ մերժեց իր կուսակցութեան մասնակցութիւնը ծրագրուած բախտախնդրութեան»:
ՀՅԴ շարքայիններու եւ մօտ պարագաներու կարծիքն է եղած, որ Հրաչ Փափազեան վարած է շատ համեստ կեանք մը: Ազգային, պետական ու կուսակցական գործունէութեան պատճառով ան զուրկ մնացած է վայելելէ ընտանեկան պատշաճ կեանքի մը ջերմութիւնը: Ունէր որդեգիր զաւակ մը՝ Վարդգէսը, որ յաճախած էր Ազգային Հայկազեան վարժարան:
Վերջապէս, Հրաչ Փափազեանի անունը անքակտելի կերպով եւ ոսկեայ տառերով գրուած ու ամուր կապուած կը մնայ երկու կարեւոր բնագաւառներու մէջ, մէկը՝ յեղափոխական՝ 1920ական թուականներու, Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու «Նեմեսիս»ի գործունէութեան՝ իբրեւ գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը:
Քաջ գիտակցելով՝ կը հաստատենք, որ առանց իրեն այդ ահաբեկումները հաւանաբար գլուխ կրնային չելլել:
Իսկ երկրորդը՝ դիւանագիտական-քաղաքական. երկու շրջան ընտրուած երեսփոխան սուրիական խորհրդարանին: Քաղաքագէտ, ճկուն ու հեռատես, իւրայատուկ այս դէմքը իր առաքելութեան ընթացքին ամբողջական գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ գործեց:
Անոր էութեան մէջ գոյութիւն ունէր չորս հիմնական յատկանիշներ՝ արդարադատ մարդը, ազգանուէր հայը, գաղափարապաշտ կուսակցականը, նախանձախնդիր եւ իմաստուն պետական գործիչը:
Իբրեւ սուրիացի ազգային գործիչ՝ Հրաչ Փափազեանի գործունէութիւնը Սուրիական Հանրապետութեան քաղաքական, հասարակական կեանքին մէջ, անոր շահած փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր արժանիքները եւ անոր դիւանագիտական իմաստութիւնն ու խելքը, անկասկած, երաշխիք մըն էին փայլուն ու հռչակաւոր դառնալու Սուրիոյ պետական վերնախաւին մօտ: Այդ իսկ պատճառով, անոր վարկը, նոյնիսկ իր մահուընէ ետք, բաւարար եղաւ, որ դիւրութիւն ընծայէ շատ մը կարեւոր իրագործումներու:
Այստեղ բաւական է նշել միայն մէկ օրինակ. 1967ին Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հրամանագիր մը, որով բոլոր մասնաւոր վարժարաններու տնօրէնները պիտի նշանակուէին կրթական նախարարութեան կողմէ ու անոնք պիտի հսկէին պետական կրթական ծրագիրի լրիւ գործադրութեան: Նոյն հրամանագրով ամբողջովին կ՛արգիլուէր հայերէնի դասաւանդութիւնը:
Սուրիոյ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած տագնապին առնչութեամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի օրուան ազգային իշխանութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց ազգային ու պետական գործիչները, ազգային սրբութեան պահպանման՝ հայերէն դասաւանդութեան պահերու վերատիրանալու համար: Այդ կարեւոր աշխատանքը օրին վստահուած էր պետական երեսփոխան մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանին, որ ոգի ի բռին պայքարեցաւ հայապահպանման արմատական հիմք ծառայող հայերէնի դասաւանդութեան պահերու վերատիրացումին:
Այդ գործընթացի մէջ կարեւոր հանդիպումի մը ընթացքին օրուան սպայակոյտի պետ զօր. Մուսթաֆա Թլասի եւ յատկապէս վերջինի տիկնոջ՝ Լեմիա Ժապիրիի շեշտակի հարցումը. «Դուն հանգուցեալ Հրաչ պէյի կողմնակիցներէ՞ն ես, թէ՞ իր հակառակորդներէն» ու մեթր Էպլիղաթեանի դրական պատասխանէն ետք, տիկին Ժապիրի զօրավարին ըսած է. «Մուսթաֆա՛, ասոնք իրական ուաթանիներ (ազգայնական) են եւ պէտք է իրենց օգնես»:
Անշուշտ, արդիւնքին քաջածանօթ ենք, եղած է բաւական դրական ու արդիւնաւէտ, հայկական վարժարաններէն ներս հայերէն դասապահները վերականգնած են, անկասկած, շնորհիւ մեթր Էպլիղաթեանի իրաւաբանի հմտութիւններուն, սակայն Հրաչ պէյ Փափազեանի յետմահու շարունակուող վաստակի միջնորդութեան:
Ահաւասիկ երեսփոխան Հրաչ Փափազեանի զօրութիւնը, իւրայատկութիւնը, արժանիքի անժամանցելիութիւնը:
Հրաչ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին գործեց հաւատարմօրէն, եղաւ ուղղամիտ, լայնամիտ, անկաշառ, հանրային պարկեշտ գործիչ եւ ճշմարիտ հայրենասէր: Համեստ եւ պարզ իր ապրումով եւ սակայն մեծ է եղած սիրով ու գործով: Կեղծիք եւ նեղմտութիւն չէ գիտցած երբեք: Անձնուիրութեան եւ զոհողութեան տիպար ու անշահախնդիր է եղած: Անձնական, նիւթական շահագործումի եւ կիրքի իբրեւ միջոց չէ օգտագործած իր ստանձնած պաշտօններն ու պարտականութիւնները: Թէեւ անոր քսակը համեստ եղած է, սակայն գոհ եւ ուրախ եղած է, այլ խօսքով՝ նիւթական ապօրինութեան եւ սայթաքումի ծանրութեան տակ չեն ճմլուած անոր սիրտն ու խիղճը: Իր գործերուն մասին երբեք արտայայտուիլ չսիրող, ուրիշներու կողմէ իր ներկայութեան իր մասին եղած գովեստները մերժող, յոգնիլ չգիտցող, գործի մարդու առաքինութիւններով օժտուած յեղափոխական գործիչն էր Հրաչ Փափազեան: Կիրք ու բարկութիւն չէ ունեցած երբեք խօսակցութեան եւ վիճաբանութեան ընթացքին: Գաղափարի, համոզումի, կարծիքի տարբերութեան համար չէ անարգած, չէ ցաւցուցած ուրիշները: Բարկացած է, սակայն չէ մեղանչած: Մեղմ եւ անուշ խօսքերով մեղմացուցած է խօսակիցը եւ համոզած զայն:
Ան երկար տարիներ նախանձախնդրօրէն եւ անձնուիրաբար իր բաժինը բերաւ սուրիական օրհնեալ հայրենիքի հողային ամբողջականութեան, ազատութեան, խաղաղութեան, ապահովութեան եւ զարգացման ու բարգաւաճման առաքելութեան:
Հրաչ Փափազեան՝ պատկառազդու անուն մը, որ ոչ միայն սուրիահայ կեանքին մէջ ուրոյն իր տեղն ունի, այլեւ ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ քանդակուած է: Այդ պատճառով ալ շատեր, յատկապէս անմիջական կապ ունեցողներ կամ այսպէս կամ այնպէս առնչուողներ անոր հանդէպ իրենց տածած սէրէն ու անհուն համակրանքէն Հրաչ անունը տուած էին իրենց զաւակներուն, մէկ կողմէ՝ յաւերժացնելու հերոսի անունը, իսկ միւս կողմէ՝ կը հաւատային, որ այդ անունով նաեւ պիտի ձեւաւորէ մանուկին ինքնութիւնը եւ նկարագիրը:
Քաղաքական, ազգային եւ կուսակցական իրատեսութեամբ երբ վերլուծենք Հրաչ Փափազեան երեւոյթը, մեր մօտ պիտի յառաջանայ անկորնչելի բարոյական հարստութիւն մը, զոր ժառանգ թողած է մեզի:
Հրաչին համար, ամբողջ կեանքի ընթացքին ստանձնած պարտականութիւնները, սկսած՝ «Նեմեսիս»ի գործողութենէն, հասնելով ՀՅԴ Բիւրօ, Սուրիոյ խորհրդարան եւ այլ իրագործումներ, ազգային եւ կուսակցական պարտաւորութիւններ էին:
Իրեն համար կարեւոր չէր, թէ պատմութեան մէջ իր անունը կը գրուի, կամ ոչ: Կարեւորը ինք չէր, այլ արդարութեան հաստատման համազգային ծրագիրը, որպէսզի ամբողջ ժողովուրդի մը ցեղասպանողները անպատիժ պիտի չմնային, ինչպէս նաեւ ազգին ու կուսակցութեան ապահովութիւնը, անվտանգութիւնը, սուրիահայութեան հայապահպանումը, հայեցի դաստիարակութիւնը, ինքնութեան գիտակցութիւնը, գոյատեւումը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անսասանութիւնը եւ այլն:
Հալէպի մէջ Թիլել փողոցի վրայ գտնուող ՀՄԸՄի ակումբը, որ գաղափարական դարբնոց մըն էր, Հրաչ Փափազեանի ամէնօրեայ այցելութեան ժամադրավայրն էր:
Հրաչ Փափազեանի մահէն ետք, ակումբին ճակատի սրահը մկրտուեցաւ Հրաչ Փափազեանի անունով՝ ի պատիւ գաղափարապաշտ, ազգանուէր մեծ առաջնորդին: Սակայն Սուրիոյ պատերազմի պատճառով սրահը բաւական վնասուած էր: Այժմ նորոգուած է, սակայն ոչ Հրաչ Փափազեանի անունով:
Այստեղ կարեւոր կը նկատենք աւելցնելու, որ տարիներ ետք, Կիրակի, 27 Մայիս 2012ին, ՀՅԴ Լիբանանի ընտանիքի նախաձեռնութեամբ, մայրաքաղաք Պէյրութի Ֆըրն Շըպպեք շրջանի մէջ գտնուող Ազգային գերեզմանատան մէջ անշուք պատի մը տակ գտնուող Հրաչ Փափազեանի քարուքանդ շիրիմը փոխարինուեցաւ պատշաճ դամբարանով մը, եւ տեղի ունեցաւ նորակառոյց շիրմաքարի բացման արարողութիւնը:
Իսկ 25 Ապրիլ 2023ին Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը կազմակերպած եւ զայն իրականացուցած հերոսներուն նուիրուած «Նեմեսիս» յուշաղբիւր-կոթողը:
Աղբիւր-յուշակոթողը, որ կը կրէ «Ազգային Արժանապատուութեան Ասպետներին» խորագիրը, տեղադրուած է Երեւանի աւագանիին որոշումով, իսկ քանդակին հեղինակն է ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեանը:
Յուշարձանին վրայ կան Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի, Յակոբ Մելքումովի, Երուանդ Ֆունտուքեանի, Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան), Գրիգոր Մերճանովի, Աւետիք Իսահակեանի, Արշակ Եզտանեանի (Մուշեղեան)՝ յայտնի որպէս Եզիտ Արշակ, Արա Սարգսեանի, Հրաչ Փափազեանի եւ Շահան Նաթալիի (Յակոբ Տէր Յակոբեան) անունները: Անոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ գործադրած երիտթուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918ին Պաքուի հայերու ջարդը կազմակերպողներէն վրէժ լուծած հերոսներն են: Հրաչ Փափազեանի անունը «Ազգային Արժանապատուութեան Ասպետներին» աղբիւր-յուշակոթողին վրայ փորագրուած է չորրորդ հատուածին մէջ:
Վերջապէս, պէտք է արձանագրել, որ Հրաչ Փափազեան եղաւ ազգային-կուսակցական գաղափարախօսութեան կարեւորագոյն հիմնադրոյթը մարմնաւորող ղեկավարը: Անոր լայնածաւալ ու լայնածիր հասարակական գործունէութիւնը յատկանշուած է պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, օրէնսգիտական եւ իրաւագիտական մասնագիտութեամբ զինուած լրջախոհ մօտեցումներով, որուն համար արժանացաւ ազգային եւ պետական շրջանակներու բարձր գնահատանքին:
Փափազեան որքան պաղարիւն ու անտարբեր գտնուեցաւ անձնապէս իր դէմ կատարուած գռեհկագոյն բանսարկութիւններուն եւ վարկաբեկման արշաւներուն նկատմամբ, նոյնքան հաստաբուն կաղնիի պէս աներեր կանգնեցաւ ամէն կարգի յորձանքներու դէմ ու անխախտ հաւատքով փարեցաւ նախ իր սկզբունքներուն, ապա կուսակցութեան արժանաւորապէս տէր կանգնելու իր կոչումին եւ առաքելութեան:
Պատմական եզակի դէմք մըն է անմահանուն Հրաչը՝ որպէս գաղափարապաշտ հսկայ, որպէս Հայ Դատի անձնուէր պահակ, քաղաքական գործիչ ու հայ վրիժառութեան կերտիչ՝ ցեղային լրիւ արժանիքներով:
Իր սկզբունքը եղաւ չխօսիլ, այլ գործել: Անայլայլ քայլերով յառաջանալ դէպի նպատակակէտ: Ու իր նպատակակէտը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ծրագիրն ու նպատակակէտը ՀՅ Դաշնակցութեան:
Հրաչի ազգային-կուսակցական, հասարակական, քաղաքական գործունէութեան մասին կարելի է երկար գրել ու խօսիլ, սակայն հոս վերապահ մնալով՝ զանց կ՛առնենք անոր հետ առնչութիւն ունեցող բազմաթիւ իրադարձութիւններ, դէպքեր ու որոշումներ: Կը հաստատենք, սակայն, թէ Հրաչ Փափազեան ամբողջ իր կեանքը գործած է յանուն իր ազգի ու կուսակցութեան: Ան մինչեւ իր մահը մնաց պատնէշի վրայ՝ իր առաքելութեան գիտակից:
Հարկ է արձանագրել, որ Հրաչ Փափազեան երեւոյթը՝ անբասիր, զմայլելի, աներեր անձնուիրութեամբ մը եւ երկարամեայ կուսակցական ու քաղաքական գործունէութեամբ, զտարիւն հայ գաղափարաբանութեան հոգեկան ներշնչարան մըն է. մէկ խօսքով՝ իր ամբողջական էութեամբ, այս բոլորին միաձուլման անկրկնելի կերպարը, ներշնչման աղբիւր կը շարունակէ մնալ Հայ Դատի պայքարին եւ պետական քաղաքական գործունէութեան զինուորագրուած հայոց սերունդներուն:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Անձնական արխիւներ:
2. Երկանեան Արամ, «Այսպէս Սպաննեցինք Կամ Գիրք Մատուցման Եւ Հատուցման», Պէյրութ, տպարան «Օնիպար», 1954:
3. Էպլիղաթեան Գրիգոր, «Յուշեր Եւ Վկայութիւններ», Հալէպ, 2011:
4. «Թեհլիրեան Արդարահատոյցը», խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան, հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 1981:
5. Լազեան Գաբրիէլ, «Հայաստան Եւ Հայ Դատը Հայ Եւ Ռուս Յարաբերութիւններու Լոյսին Տակ», տպարան «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1957:
6. Ծառուկեան Անդրանիկ, «Երազային Հալէպը», Պէյրութ, 1980:
7. Շիրակեան Արշաւիր, «Կտակն Էր Նահատակներուն», Պէյրութ, տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, 1965:
8. Տասնապետեան Հրաչ, «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Իր Կազմութենէն Մինչեւ Ժ. Ընդհ. Ժողովը (1890-1924)», Աթէնք, 1988:
9. ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ
ա. «Ազատ օր» օրաթերթ, Աթէնք, Յունաստան:
բ. «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, Լիբանան:
գ. «Ալիք» օրաթերթ, Թեհրան (Իրան):
դ. «Արեւելք» օրաթերթ, Հալէպ, Սուրիա:
ե. «Երիտասարդ Հայաստան», Նիւ Եորք (Ամերիկա):
զ. «Հայրենիք» օրաթերթ, Պոսթըն (Ամերիկա):
է. «Հասկ» ամսաթերթ, Պէյրութ, Լիբանան:
ը. «Յառաջ», օրաթերթ, Փարիզ, Ֆրանսա:
թ. «Յառաջ», Պէյրութ, Լիբանան:
ժ. «Յուսաբեր» օրաթերթ, Գահիրէ, Եգիպտոս:
«ԴՐՕՇԱԿ»