

10 Ապրիլին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի Ազգային թատրոնի «Ռոթոնտա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կինը՝ Ցեղասպանութեան զոհ եւ հերոս» եւ «Սթրունկա՝ հայ որբերու նոր տունը» խորագիրներով ցուցահանդէսներու բացման արարողութիւնը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ռումանիոյ Հայոց միութեան մշակոյթի կեդրոնին կողմէ՝ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին գործակցութեամբ։
Առաջին ցուցահանդէսը Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կիներու քաջութեան եւ տառապանքին մասին է։ Լուսանկարներու, պատումներու եւ վկայութիւններու միջոցով կը բացայայտուին դէմքերը եւ ճակատագրերը այն կիներուն, որոնք պայքարած են գոյատեւելու համար։
Երկրորդ ցուցահանդէսը կը պատմէ Ռումանիոյ Սթրունկա գիւղի հայկական որբանոցին մասին, որ հիմնադրուած էր 1923ին տեղւոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ եւ ռումանական կառավարութեան աջակցութեամբ։ Ցեղասպանութենէն փրկուած 200 մանուկներ ապաստան գտած էին այդ հիւրընկալ անկիւնին մէջ եւ կեանքը շարունակելու նոր առիթ ստացած էին։
Ցուցահանդէսներու բացումին ընթացքին, Ազգային թատրոնի ներկայացուցիչ Ատրիանա Փոփեսքու ողջունեց ներկաները՝ ընդգծելով այսպիսի ցուցահանդէսներու կազմակերպման կարեւորութիւնը ռումանացի հանրութեան համար, որովհետեւ անոնք առիթ կու տան ուսումնասիրելու հայ ժողովուրդին վերապրած ողբերգութեան ոչ-այնքան ծանօթ դրուագները։
Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գալստեան յայտնեց, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն մէկ մասը սփռուած է աշխարհի տարածքին, այդ կարգին՝ Ռումանիա, այդ պատճառով ալ գրեթէ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ կան վերապրողներու պատմութիւններ։ Ան յիշեցուց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին տարիներ առաջ սրբադասեց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերը, ինչ որ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ։
Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան ըսաւ, որ 1915 թուականը մեր պատմութեան ամէնէն տխուր էջն է, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր հայրենիքը եւ բնակչութեան շուրջ երեք քառորդը զոհուեցաւ եւ միա՛յն շուրջ 350 հազար հայեր կրցան մազապուրծ ըլլալ եւ անապատէն հասնիլ այլ երկիրներ, այս պատճառով այսօր առաւել քան 160 երկիրներու մէջ հայկական համայնքներ եւ եկեղեցիներ կան։
Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան իր կարգին ընդգծեց, որ հայերը ապաստան գտնելով աշխարհի բոլոր ծայրերուն՝ կարծէք թէ կը «զգան» զիրար եւ յաճախ միայն նայուածքը բաւարար է հասկնալու, որ դիմացինը հայ է։ Ոսկանեան իր «Շշուկներու Մատեան» վէպէն կարդաց զանազան երկիրներու հիւպատոսներու վկայութիւնները հայ կիներու ջարդերուն մասին։
Նշենք, որ այս ցուցահանդէսները հանրութեան համար մէկ ամիս բաց պիտի մնան։