Նախագահական ընտրութիւններէն ետք պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճան գտնուող Վրաստանի նորընտիր նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլի Պաքուէն յայտարարեց, թէ Թիֆլիս յոյս ունի, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը շուտով կը ստորագրուի։
Ողջոյնի իր խօսքին ընթացքին, Իլհամ Ալիեւ դարաւոր բարեկամութենէն բացի առանձնացուց երկու կարեւոր ուղղութիւններ` Թիֆլիսի եւ Պաքուի սերտ համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ օգնութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի ու տնտեսական ծրագիրները, որոնք կ՛երկարին տարածաշրջանի սահմաններէն դուրս:
«Եւրոպայի ուժանիւթի ապահովութիւնը այսօր անկարելի է պատկերացնել առանց Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի: Մեզ միաւորող ներդրումի ծրագիրներէն շատերը կարեւոր են աւելի լայն աշխարհագրութեան մը համար: Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի կողմէ համատեղ իրականացուող նաւթակազային նախագիծերը եւ խողովակաշարերը, հաղորդակցութեան եւ կապի նախագիծերը, բառին բուն իմաստով, մեծ նշանակութիւն ունին եւ կը վերագծեն ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլ նաեւ Եւրասիական տարածաշրջանի երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի քարտէսը», յայտնեց Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «Միջին միջանցք» նախագիծը, որուն մասին յաճախ կը խօսուի, Ատրպէյճանով եւ Վրաստանով անցնող միջանցքն է:
Թէեւ իր խօսքին մէջ Քաւելաշվիլի յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին, Ալիեւ այդ մասին միայն հպանցիկ խօսեցաւ: «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատումը նոյնպէս մեր ընդհանուր շահերէն կը բխի։ Դժբախտաբար, երկար տարիներ Հարաւային Կովկասը դարձած է հակամարտութիւններու ու պատերազմի դաշտ: Յոյս ունիմ, որ այսուհետեւ Հարաւային Կովկասի սեւ էջերը կը փակուին եւ կը մնան պատմութեան մէջ», ըսաւ Ալիեւ։
Քաւելաշվիլի իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը մնայուն եւ աշխոյժ կերպով պաշտպանած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն եւ գերիշխանութիւնը: Քաւելաշվիլի նաեւ կարեւոր նկատեց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ խոստումները պահելը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Ատրպէյճանէն ետք, այս ամսուան աւարտին, Քաւելաշվիլի երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։