Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքաֆ «Ֆաքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ որեւէ համաձայնութիւն կախեալ պիտի ըլլայ իւրանիումի հարստացման մակարդակներուն եւ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու կարողութեան քննութենէն:
Ուիթքաֆ, որ անցեալ Շաբաթ օր Օմանի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ գլխաւորեց ամերիկեան պատուիրակութիւնը՝ ըսաւ, թէ «հարցը մեծապէս կախեալ է հիւլէական ծրագիրին ստուգումէն»:
Ան յայտնեց, որ հիւլէական ծրագիրի «ռազմականացման» կարողութիւններու քննութիւնը Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ «գլխաւոր» կէտ է` աւելցնելով, որ «անիկա կը ներառէ հրթիռները եւ ռումբերու պայթուցիչները»:
«Անոնք (իւրանիումը) 3.67 առ հարիւրէն աւելի հարստացնելու կարիք չունին, ինչ որ առաւելագոյն մակարդակն է, որ արտօնուած է 2015ին կնքուած հիւլէական համաձայնութեամբ, որմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քաշուեցաւ 2018ին», ըսաւ Ուիթքաֆ` աւելցնելով. «Կարգ մը պարագաներու 60 առ հարիւրի կը հասնին, ուրիշ պարագաներու` 20 առ հարիւրի: Այդ մակարդակը քաղաքային հիւլէական ծրագիրի մը համար պէտք եղած հարստացումէն աւելի է: (Իրանի հետ) առաջին ժողովը դրական էր, շինիչ ու համոզիչ: Սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ է»:
«Օմանի մէջ բանակցութիւններուն նկատմամբ չափազանց լաւատես կամ յոռետես չենք, եւ երկրին հարցերը անոնց հետ չենք կապեր: Հակառակորդ կողմին վրայ վստահութիւն չունինք, սակայն մեր կարողութիւններուն կը վստահինք», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի՝ աւելցնելով. «Բանակցութիւններու առաջին քայլը առնուեցաւ եւ անոր փուլերուն առաջինը լաւ կերպով գործադրուեցաւ»: