Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնախումբի 2025ի տարեկան զեկոյցը կ՛ընդգծէ Արցախի մէջ հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան համակարգային ոչնչացումը:
Ըստ Artsakh Monument Watch-ին՝ զեկոյցին 46-48 էջերը կը մանրամասնեն Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան լուրջ սահմանափակումները եւ կը փաստագրեն հայկական ժառանգութեան վայրերու՝ վերջին արբանեակային նկարներով հաստատուած ոչնչացումը, ներառեալ 19րդ դարու եկեղեցի մը եւ երկու գերեզմանատուներ, որոնք արձանագրուած են Կովկասեան ժառանգութեան դիտարանին (CHW) կողմէ:
Զեկոյցը կը վկայակոչէ 2024ի Freedom House-ի գնահատականը, ըստ որուն Ատրպէյճան «համակարգային արշաւ» կազմակերպած է 2020ի եւ 2023ի հակամարտութիւններուն ընթացքին՝ Արցախէն հայկական ներկայութիւնը ջնջելու, ինչ որ պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիր է:
Հիմնական յանձնարարականները կը ներառեն հետեւեալները.
– Ատրպէյճանը պահել «Յատուկ հսկողութեան» ցանկին մէջ՝ կրօնական ազատութեան լուրջ խախտումներուն համար:
– Թիրախային պատիժներ սահմանել ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ։
– Դիւրացնել անկախ միջազգային դէտերու, ինչպէս՝ ՄԱԿի, այցելութիւնը Արցախ եւ շրջակայ տարածքները՝ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ցանկը ստուգելու եւ փաստագրելու համար:
Զեկոյցը կը թելադրէ Քոնկրեսին, որ ունկնդրութիւններ կազմակերպէ Ատրպէյճանի կրօնական ազատութեան խախտումներուն շուրջ, հիմնուելով Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի նախորդ նիստերու զեկոյցներուն վրայ: