
24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս 2025ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան ՀամաՀՄԸՄական 12րդ մարզախաղերը, որոնց պիտի մասնակցին միութեան 18 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն առաւել քան 750 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք Հայաստան պիտի ժամանեն հետեւեալ շրջաններէն՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Գանատա, Աւստրալիա, Շուէտ (Սթոքհոլմ), Ֆրանսա (Փարիզ, Մարսէյ), Վրաստան (Թիֆլիս), Երուսաղէմ, Քուէյթ, Եգիպտոս (Գահիրէ), Իրաք (Պաղտատ) եւ Լիբանան։ Երեւանի մէջ անոնց պիտի միանան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիները։
Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն պասքեթպոլ, ֆութպոլ, ֆութսալ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, լող, ճատրակ, թենիս եւ աթլեթ։ Զուգահեռաբար պիտի կատարուին յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու եւ երիտասարդներու «Հրաշք» մարզախաղերը, որոնց կրնան մասնակցիլ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն 12-22 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ։ «Հրաշք»ի մարզախաղերը պիտի ըլլան՝ աթլեթ, soccer shooting, basketball shooting, bocce եւ tug of war։
Մարզախաղերուն մասնակցողները պիտի այցելեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը եւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։ Անոնց համար պիտի կազմակերպուի ընկերային երեկոներ եւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։
ՀամաՀՄԸՄական 12րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր լծուած է տենդագին աշխատանքի՝ յաջողութեամբ իրագործելու համար միութեան մարզիկներուն կողմէ մեծապէս սպասուած այս իրադարձութիւնը։ Արդէն իսկ պատրաստուած է մարզախաղերուն խորհրդանիշը եւ յստակացած են մասնակցող խումբերը եւ մարզիկ-մարզիկուհիները։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ