
Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան հատուածի Պուրսա քաղաքի Եըլտըրըմ շրջանի Սեթպաշը թաղամասին մէջ, փլուզման եզրին գտնուող 300ամեայ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»ը։
Սակայն, Եըլտըրըմի շրջանային ղեկավարութենէն կը յայտնեն, թէ եկեղեցին կը վերականգնուի ոչ թէ իբրեւ հայկական աղօթավայր, այլ՝ իբրեւ մշակութային կեդրոն մը գործածելու համար: