
Եւրոպական Միութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 14 Ապրիլին, Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, կը հաղորդեն «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրները:
Քննարկման հիմնական նիւթերէն մէկը եղաւ Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եուրօ յատկացնելու առաջարկը, զոր անցեալ ամիս Եւրոպական Միութեան խորհուրդին ներկայացուցած էր Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովական հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս, սակայն, Ատրպէյճանի նախագահին հետ սերտ յարաբերութիւններով յայտնի Հունգարիա, օգտուելով վեթոյի իր իրաւունքէն՝ արդէն վեցերորդ շաբաթն է, որ կ՛արգելափակէ այդ որոշումը։
Պուտափեշտ նոյն ձեւով վերաբերած էր նաեւ նախորդ տարի, երբ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ քննարկել Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եուրօ տրամադրելու հարցը, ան նոյնիսկ պահանջեց ծրագիրին մէջ նաեւ Ատրպէյճանը ներառել։