Երեքշաբթի, 8 Ապրիլի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարանը այցելեցին Փասատինայի մէջ գործող Լ. եւ Յ. Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները՝ ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Կարին Ջուխատարեանի, դաստիարակներու եւ ծնողներու, ու սիրալիր ընդունելութեան արժանացան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի կողմէ:
Մանուկները Ս. Զատկուան տօնին առիթով մեծ խանդավառութեամբ աղօթեցին, երգեցին, արտասանեցին եւ Ազգային առաջնորդարանը լեցուցին նոր կեանքի թրթիռներով: Դաշնամուրի վրայ անոնց կ՛ընկերակցէր երաժշտութեան ուսուցչուհի Մարիա Քէշիշեան:
Այս առիթով, սրբազանը բարձր գնահատեց հայ փոքրիկներու մատուցած եկեղեցական եւ ազգային գոհարները, կարեւոր համարեց քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը հայ մանուկի հոգեմտաւոր զարգացման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ գնահատեց ուսուցչուհիները, որոնք իրենց վստահուած մանուկներուն հանդէպ ո՛չ միայն գուրգուրանք եւ սէր կը տածեն, այլեւ կը դաստիարակեն՝ պատրաստելով վաղուան տիպար հայ քրիստոնեաները եւ անոնց գիտակցութեան մէջ դրոշմելով հայ ոգին ու հայ մշակոյթը։ Գեղամ արքեպիսկոպոսը դրուատեց նաեւ հայ ծնողները, որոնք հաւատալով հայ լեզուի կարեւորութեան՝ իրենց զաւակները վստահած են հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին։
Նշենք, որ մանուկները առաջնորդին նուիրեցին իրենց ձեռքերով իսկ պատրաստուած Արարատ լերան գծանկարը, որմէ ետք Ս. Աշխէն ու Ս. Տրդատ մատրան մէջ իրենց ծնողներուն հետ միահամուռ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։