11 Ապրիլին, Անթալիոյ մէջ սկսաւ Դիւանագիտական ֆորումը` ADF 2025ը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը։
Այս ծիրին մէջ «Սիվիլնեթ»ի լրագրող Արշալոյս Մղդեսեան յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու գծով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հետ` Հայաստան-Թուրքիա կապերու կարգաւորման, Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ հանդիպումին, Թուրքիոյ պահանջներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մասին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ներկայացուած Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջին՝ Քըլընչ ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն յայտարարած են, որ իրենք եւս կը փափաքին փոփոխութիւններ կատարել Սահմանադրութեան մէջ: «Բայց ասիկա Հայաստանի ներքին հարցն է: Հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի հաստատութիւնները կ՛որոշեն՝ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ այդ փոփոխութեան գործընթացը պիտի կատարուի», յայտնեց Քըլընչ։
Պատասխանելով երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներուն համար Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հաւանականութեան վերաբերող հարցումի մը՝ Քըլըչ յիշեցուց, որ այս գծով որոշում տրուած է 2022ին. «Հիմա կ՛աշխատինք թեքնիք մանրամասնութիւններուն վրայ: Չեմ գիտեր՝ ե՛րբ պիտի անիկա պիտի իրականանայ, բայց լուրջ կերպով կ՛աշխատինք։ Յոյս ունիմ, որ կարելի եղածին չափ շուտ պիտի աւարտենք այս գործընթացը»:
Նշենք, որ նոյն ֆորումի ծիրին մէջ, Ռուբինեան եւ Քըլըչ հանդիպում մը ունեցան:
«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի գծով լաւ քննարկում ունեցայ Սերդար Քըլըչի հետ», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Ռուբինեան։
12 Ապրիլին, Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ եռակողմ քննարկումը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի, Ճէյհուն Պայրամովի եւ Մաքա Պոճորիշվիլիի մասնակցութեամբ:
«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, թէ 12 Ապրիլին նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։