10 Ապրիլ ին ԵՈՒՆԵՍՔՕի գործադիր խորհուրդի 221րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, անդամ երկիրներու միաձայն որոշումով, 12րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք Հայոց» աշխատութիւնը արձանագրուեցաւ Աշխարհի յիշողութեան միջազգային գրանցամատեանին մէջ (Memory of the World Register), տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յայտը մշակուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին կողմէ:
Աշխարհի յիշողութեան միջազգային գրանցամատեանը փաստագրական ժառանգութեան ցանկ է, որուն վրայ ներառուած են մարդկութեան համար բացառիկ կարեւորութիւն եւ արժէք ներկայացնող փաստաթուղթեր, ձեռագիրներ, լսատեսողական նիւթեր, գրադարանային հաւաքածոներ եւ արխիւներ, որոնց կարգին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին ձեռագիրներու հաւաքածոն, աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի աստղագիտութեան մասին ուսումնասիրութիւնը (կամ Բիւրականի առաջին ուսումնասիրութիւնը), յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ձեռագիր նոթաները եւ շարժապատկերի երաժշտութեան հաւաքածոն եւ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն: