Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ, 7 Ապրիլին, Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան հարցաքննուեցաւ՝ դարձեալ առանց անկախ փաստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայութեան:
Ըստ ատրպէյճանական պետական «Ազերթաճ» գործակալութեան՝ Բաբայեան պնդեց, թէ Արցախի մէջ ոեւէ պաշտօնատար անձ, որոնց կարգին ինք, Ատրպէյճանի հետ համարկումը հեռանկարային չէր նկատեր: Ան յայտնեց, որ Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուբէն Վարդանեան եւ Արցախի միւս ղեկավարները նոյնպէս դէմ եղած են համարկումին:
Ատրպէյճանի դատախազութիւնը հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՛նչ լիազօրութիւններով ան իր պաշտօնավարման ընթացքին արտասահման այցելած է: