
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 33ամեակին առիթով, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը ուղերձներ փոխանակեցին:
Իր ուղերձին մէջ Միրզոյեան կարեւոր նկատեց գործընկերային փոխգործակցութեան շարունակութիւնը՝ հիմնուած Երեւանի եւ Մոսկուայի շահերուն վրայ եւ ի բարօրութիւն երկու երկիրներու ու անոնց ժողովուրդներուն:
«Մենք որպէս ուղենիշ ունենք քաղաքական, սոցիալ (ընկերային)-տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներում երկարաժամկէտ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը եւ նպատակ ունենք շարունակել ու ընդլայնել բովանդակալից, մեր երկրների շահերին ամբողջութեամբ համապատասխանող երկխօսութիւն», կ՛ըսուի Միրզոյեանի ուղերձին մէջ:
Լաւրով իր կարգին շնորհաւորեց Միրզոյեանը՝ ըսելով. «Հակառակ ռուս-հայկական դաշինքը խարխլելու դուրսի փորձերուն՝ Երեւան եւ Մոսկուա յաջողեցան պահպանել քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ ընդլայնել առեւտրական-տնտեսական համագործակցութիւնը: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու համատեղ աշխատանքը՝ խորացնելու եւ բարելաւելու համար գործընկերութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ ի շահ մեր երկիրներու քաղաքացիներու, ի շահ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման»: