Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խոյ (21 Մարտ – 19 Ապրիլ)
Շաբթուան վերջաւորութեան, ամբողջ շրջապատդ մարտունակութիւնդ պիտի արժեւորէ: Փարատէ թիւրիմացութիւն մը, նախքան հարցին չափազանցուած բնոյթ ստանալը: Օրերդ բարի են:
Բախտաւոր օր ՝ Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 8
Ցուլ (20 Ապրիլ – 20 Մայիս)
Ձեռնարկէ սննդականոնի մը, որ սննդականոն կոչուելու արժանի ըլլայ, փոխանակ շարունակ գանգատելու, թէ մարմնիդ ծանրութիւնը կ՛աւելնայ: Օգտուէ շրջապատիդ խորհուրդներէն: Կարեւորութիւն տուր մարմնամարզին:
Բախտաւոր օր՝ Ուրբաթ, բախտաւոր թիւ՝ 2
Երկուորեակ (21 Մայիս – 21 Յունիս)
Մի զղջար իտէալական թուացող անցեալիդ համար: Մի շտապեր փոքր տեղափոխութիւն մը կատարելու: Հարցերը պիտի կարգադրուին ինքնաբերաբար: Ծրագիրներէդ մէկը դանդաղօրէն պիտի իրագործուի:
Բախտաւոր օր՝ Երեքշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 7
Խեցգետին (22 Յունիս – 22 Յուլիս)
Յուսախաբ պիտի ըլլաս քեզի մօտիկ անձերու հակազդեցութիւններէն: Կ՛ակնկալէիր, որ անոնք ըլլային առաւել անկեղծ: Կը պատրաստուիս հեռու երկիր մը ճամբորդելու. ամբողջացուր պաշտօնական թուղթերդ:
Բախտաւոր օր՝ Կիրակի, բախտաւոր թիւ՝ 9
Առիւծ (23 Յուլիս – 22 Օգոստոս)
Եթէ անգործ ես՝ ձեռնածալ մի նստիր: Քիչ մը սթափիր, եւ դիմումնագիրդ յղէ առ որ անկ է: Մանր հարցեր ունիս ամուսինիդ կամ կնոջդ հետ եւ անոր վրայ կը ձգես յանցանքը: Զգաստացիր, եղիր տրամաբանող եւ հանդուրժող:
Բախտաւոր օր՝ Կիրակի, բախտաւոր թիւ՝ 16
Կոյս (23 Օգոստոս – 22 Սեպտեմբեր)
Գործիդ գծով տեղափոխութիւն մը պիտի ունենաս, բայց բնաւ գոհ պիտի չմնաս: Պէտք է համբերել: Քու ենթադրած հարցերը հակառակ ուղղութեամբ պիտի ընթանան: Ասիկա ժամանակաւոր ձախողութիւն մըն է: Լաւատես եղիր:
Բախտաւոր օր՝ Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 4
Կշիռք (23 Սեպտեմբեր – 23 Հոկտեմբեր)
Գործի մարզին մէջ յուսախաբութիւն մը պիտի ունենաս, որովհետեւ ո՛չ պաշտօնի բարձրացում կայ ներկայիս, ոչ ալ թոշակի յաւելում: Մօտիկ ապագային կրնաս տարբեր ձեւով յառաջդիմել: Առողջութեանդ հոգ տար:
Բախտաւոր օր՝ Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 6
Կարիճ (24 Հոկտեմբեր – 21 Նոյեմբեր)
Փոքր յանցանք մը ծածկելու համար մեծ սուտ մը կը խօսիս: Որովհետեւ այս մարզին մէջ ճարպիկ չես՝ պատճառ պիտի դառնաս բարեկամիդ հետ մեծ վէճի մը: Բարեացակամ եղիր՝ կը յաջողիս:
Բախտաւոր օր՝ Կիրակի, բախտաւոր թիւ՝ 26
Աղեղնաւոր (22 Նոյեմբեր – 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէիր ամսականի յաւելում մը ստանալ, բայց կը վախնաս դիմում կատարելու, որովհետեւ կասկած ունիս մերժուելու: Ամիսը պիտի անցնես լաւ ձեւով, առանց մտահոգութեան: Պիտի հանդիպիս լաւ անակնկալներու:
Բախտաւոր օր՝ Երեքշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 13
Այծեղջիւր (22 Դեկտեմբեր – 19 Յունուար)
Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրես, մինչդեռ ոչինչ ըրած էիր այդ ուղղութեամբ: Ըմբոշխնէ՛ այս յաղթանակը: Երախտագէտ եղիր քեզ յարգողներուն: Օժտուած ես շնորհներով, բայց զանոնք ամբողջութեամբ չես օգտագործեր:
Բախտաւոր օր՝ Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 5
Ծովանոյշ (20 Յունուար – 19 Փետրուար)
Քիչ մը դէպի անցեալի օրերը մխրճուիլը օգտակար պիտի ըլլայ քեզի՝ իբրեւ աղբիւրագիտութիւն՝ առանց կարօտախտի ենթարկուելու: Պիտի ունենաս դրամական անակնկալ շահ մը, որ պիտի երջանկացնէ քեզ:
Բախտաւոր օր՝ Կիրակի, բախտաւոր թիւ՝ 10
Ձուկ (20 Փետրուար – 20 Մարտ)
Փոխադարձ վստահութեան հարց մը կայ ընտանիքիդ մէջ: Անկեղծ երկխօսութեամբ փարատէ՛ թիւրիմացութիւնները: Միւս կողմէ մի մոռնար մօտէն հսկելու առողջութեանդ եւ սննդականոնիդ վրայ:
Բախտաւոր օր՝ Շաբաթ, բախտաւոր թիւ՝ 11