Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութիւնը՝ իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բացուած ըլլալու մասին:
«Ադրբեջանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Ապրիլի 2ին` ժամը 13:55ից 14:05ն ընկած ժամանակահատուածում, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ են բացել սահմանագօտու հարաւ-արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը», յայտարարեց Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը:
Նախորդ օրերուն եւս Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեղադրած էր Երեւանը՝ կրակ բանալու մէջ: Հայկական կողմը հերքած էր Պաքուի բոլոր հաղորդագրութիւնները: Աւելին, Սիւնիքի մարզի սահմանային երկու գիւղերէն` Խնածախէն ու Խոզնավարէն տեղացիները արդէն առաւել քան 10 օրերէ ի վեր կը հաղորդեն Ատրպէյճանի բանակին կողմէ արձակուած կրակոցներուն մասին: