ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Կէս երգիծական ու ողբերգական, սակայն խիստ այժմէական ներկայ փորձագրութիւնը գլուխ հանելու սիրոյն, եթէ պահ մը ենթադրենք, որ բախտի բերումով, Ամերիկայի կամ այլ գերպետութեան մը նախագահ ընտրուէի, կատարելիք սրտիս մօտիկ կարգ մը փոփոխութիւններու կողքին, պիտի իրագործէի նաեւ, զուտ մարդասիրական արարք մը՝ Ամերիկայի փողոցները վխտացող անտունիներուն օգնութեան ձեռք երկարելու ու անոնց անմարդկային խղճալի վիճակին ճար ու դարման գտնելու, այդ ողորմելիները փրկելու իրենց անյուսալի վիճակէն, միեւնոյն ատեն ՝ որպէս անխիղճ հասարակութեան եսասէր ու անհոգ վերաբերմունքին անմեղ զոհեր, անոնց գոյութիւնը դարձեալ իմաստաւորելու:
Իբրեւ խորհրդանշական օրինակ նախաձեռնութեանս, սկսելու համար , զուտ մարդասիրական փորձ մը պիտի կատարէի, առաջին առիթով Սպիտակ տան մէջ լուրջ խորհրդակցութեան հրաւիրելով ամերիկեան ու միջազգային տնտեսական, ինչպէս նաեւ քաղաքական աշխարհէն ներս տիրական դէմք դարձած Իլան Մասքը: Տեղին կը գտնեմ աւելցնելու, թէ հակառակ անոր անձին ու գործունէութեան հանդէպ հնչող երբեմն անփափկանկատ, բիրտ քննադատութիւններուն, երիտասարդ միլիառատէրին անհատականութիւնը հաճելի կը գտնեմ, մասնաւորապէս անոր ցցուն ու վարակիչ «հիւմոր»ը, երգիծական ոգին, ինչպէս նաեւ նացիական կամ ֆաշական կէս կատակ բարեւներն ու օդին մէջ ծառահատման ինքնագործ սղոցներ շարժելու անոր արարքը, որ խորհրդանշական իմաստ կը զգենու քիչ թէ շատ բանիմաց դիտորդի աչքերուն:
«Այո՝, Իլան տղաս, ես ե՜մ… նորընտիր նախագահդ, քեզի գլուխ գլխի մտերմիկ զրոյցի մը կը հրաւիրեմ…», ըսի հեռաձայնի ընկալուչին մէջ ձայնիս տիրական շեշտ մը տալով:
Ինչպէս սովոր է, ան կատակախառն շեշտով ու թոնով պատասխանեց նորընտիր նախագահին հրաւէրին…
«Ճեմալ փաշային համար ձեր մեծ մօր պատրաստած Մարաշի «պիպէրով չի քէօֆթէ»ն ու «լիւլէ քէպապ»ը եւ անիսով օղին կարօտցեր եմ… յուսամ զիս քաղցած չէք թողուր…», եղաւ անոր կէս կատակ, կէս լուրջ ու դիպուկ պատասխանը: Բան մը որ ինծի զարմանք պատճառեց:
Լաւ որ, որպէս Ափրիկէի ծնունդ առաջին տիկնոջ՝ Սեդային պատրաստած «փինաթ սթիու»ն կամ ափրիկեան պիստակով նշանաւոր ապուրը չպահանջեց միլիառատէր հերոսս: Սակայն զարմանքս չկրցայ զսպել, թէ այդ կարճ ժամանակամիջոցին, ի՜նչքան տեղեկութիւն ամբարած էր ան իր հայածին նոր նախագահի մասին:
«Վեց տարու ձագուկդ շալկելով ալ հետդ չբերես, – կատակեցի իմ կարգիս – այստեղ մանկապարտէզ չէ, Սպիտակ տուն է…
Խօսքիս տակը չմնալով՝ «Ես ալ կը մտադրէի սիրուհիիս նորածինը հետս բերել.․.» պատասխանեց ու ինչպէս սովոր էր, դէմքէն անպակաս եղող ժպիտով զրահուած, ճիշդ որոշուած ժամուն, Սպիտակ տան գրասենեակս ժամանեց միլիառատէր հիւրս, մանուկի իր խանդավառութիւնը իր հետ բերելով:
Ընթացիկ աշխատանքս պահ մը դադրեցնելով, սրտանց ողջունեցի համակրելի հիւրս:
«Քեզ կանչելուս բուն պատճառը՝ որոշած եմ նոր օրէնք մը անցնել, որ ամերիկացի ամէն միլիառատէր, տարին գոնէ շաբաթ մը անտունիի մը հետ իր տեղը փոխանակէ կամ անոր ճակատագիրը բաժնէ, փողոցի մէկ անկիւնը, բացօթեայ երկինքի տակ գիշերելով», ըսի երիտասարդ այցելուիս:
Զրուցակից Մասքը, յանկարծակիի գալով, այլայլած, ինծի սեւեռեց նայուածքը, ապա անսպասելի, արտառոց առաջարկս կատակի տալով ըսաւ․ «Այդ բախտաւոր անտունիին հասցէն տուէք, հիմա երթամ…»։
«Սիրելի Իլա՜ն, կատակ չէ ըրածս… Նախագահական «զըխըմ» ըլլալիք պաշտօնը ստանձնելէս ի վեր, այս հարցին շուրջ խորհրդածելէ քունս փախցուցած եմ…»
«Պարոն նախագահ, կը ներէք համարձակութեանս, հապա դուք ինչու չէք երթար անոնց վիճակուած բախտին ու տառապանքին բաժնեկից չէք դառնար…»
«Ի՜նչպէս թէ չեմ դառնար… կ՛երեւի չէք կարդացած, կամ ալ տեղեակ չէք, թէ «Այն Միւս Փողոցը»` The Other Street խորագրիn տակ անգլերէնի թարգմանուած հատորիս գլխաւոր ու ամէնէն մարդկային հերոսը՝ գործարարներու մեր փողոցին մէջ իր տէրութիւնը հաստատած Վիեթնամի նախկին վեթերան անտունին է. անոր հետ յաճախ բաժնած եմ իր տառապանքը… Օր մըն ալ, այդ շրջանին դիմակալած հարցերէս զզուած ու կեանքէն գանած, գլուխս լաւ մը քաշելէ ետք միւռոնաօծ խմիչքը, տան յարկը լքելով, գիշերանց գործատեղիս ուղղուեցայ ու շուարած գացի պահ մը թաղին հերոսին՝ Անտունիին մօտիկը կանգնեցայ: Ան թաղեցի իր մտերիմը վերէն վար չափելէ ետք, զգաց պատահածը ու մէկ կողմ քաշուելով «նստի՛ր, այս երկրին մէջ բոլոր տղամարդոց համար ալ… մայթերուն վրայ տեղ կայ», փիլիսոփայեց Վիեթնամի վեթերանն ու մայթերու տիրակալը, սաստիկ յուզումէս՝ աչքերէս արցունք խլելով…»
Գերզգայուն հիւրս՝ Իլան Մասքը, անակնկալի գալով նորընտիր նախագահին անտունիներու հետ ունեցած անձնական այդպիսի ցնցիչ փորձառութենէն, ձեռքը մեքենաբար գրպանը նետեց ու չէքի տետրակը հանեց:
«Քան՜ի միլիառի չէք մը կ՛ուզէք որ ստորագրեմ, որ վերջ տրուի խեղճ անտունիներու տառապանքին… ու անմարդկային կենցաղին», հարց տուաւ ան շլմորած:
Ապա, պահ մը ինքզինք հաւաքելէ ետք՝ «Սիրտս պիտի կենայ… Ինչո՜ւ այդ խեղճերու մասին բնաւ չէի մտածած…», գոչեց յուզումնախառն:
«Մինակդ չես…»
Այդ գիշեր, երկար զառանցելէ ետք, ուշքի գալով, պիտի անդրադառնայի, թէ եղածը զուտ գրողի երեւակայութեան արդիւնք՝ ու բարեդէպ մտածողութիւն էր միլիառատէրներէն ունեցած քիչ մը չափազանցուած ակնկալութիւնս:
«Մինչեւ ե՜րբ մեր ամենագէտ պարոնը, քունին մէջ պիտի զառանցէ ու ափեղցփեղ միտքեր արտայայտէ…», եղաւ մեր ճուտիկին զայրացկոտ բացականչութիւնը…
«Սեդիկ ճան, շատ մը տեսար… Եղածը նախագահական տաղտկալի պաշտօն մըն էր․․․»
Ռիչմընտ, Վըրճինիա