Ղազախստան կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի նախագիծի բնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտը: Ըստ «Սփութնիք» գործակալութեան ղազախական ծառայութեան՝ յայտնեց Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժամարթ Թոքաեւ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ Թոքաեւի՝ այս նշանակալից իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման նախանշան եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի, Ղազախստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան աշխոյժ զարգացման:
Ասոր կողքին, Ղազախստանի ղեկավարը յայտնեց «ներքին գործարարներու պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստան ապրանքներու մատակարարումը 350 միլիոն տոլարով աւելցնելու»: