Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով յայտնեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ անշրջելի եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը` անկէ բացառելով «Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները»:
Պաքու բազմաթիւ անգամներ կրկնած է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան նախապէս հնչեցուած նախապայմանը` փոխել Հայաստանի հիմնական օրէնքը: Սակայն, Երեւան Սահմանադրութիւնը փոխելու՝ Պաքուի պահանջը Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ համարեց: