Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀի գործերով զբաղող յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին հաստատեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը նախապատրաստուի քաղաքական շրջադարձի՝ ետդարձ կատարելու դէպի Մոսկուա, սակայն ան այդ մէկը կասկածելի համարեց։
«Հայաստանի պաշտօնական իշխանութիւնը այժմ յուսահատօրէն խուսանաւում կը կատարէ, որովհետեւ Արեւմուտքի աջակցութեան վրայ կատարուած խաղադրոյքը, ինչպէս յայտնի դարձաւ, անիմաստ էր: Այս իրավիճակին մէջ Փաշինեան ստիպուած է աջ ձախ նայելու: Օրինակ, ան մտադիր է Մոսկուա գալ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 80ամեակին առիթով: Փաշինեանի օրով (Հայաստանի) արտաքին քաղաքականութեան կայունութիւնը եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու փափաքը կասկածելի կը թուին: Սակայն հայ ժողովուրդին մէջ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու գաղափարը չի մեռնիր եւ կը շարունակէ ապրիլ», ըսաւ Զաթուլին, ըստ որուն, Փաշինեանի ղեկավարութեան օրերուն Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւնները դժուար թէ բարելաւուին կամ վստահելի դառնան:
«Փաշինեան «բարեփոխիչ» է, որ կոչուած է Հայաստանի համար բանալ նոր հորիզոններ, որոնք այսօր վերածուած են շատ նեղ միջանցքի, եւ ան այս առումով կը խուսանաւէ: Ես չեմ ցաւիր Փաշինեանի համար, ես կը ցաւիմ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար», աւելցուց Զաթուլին:
Աւելի կանուխ, հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած էր տեղեկութիւն այն մասին, որ Փաշինեան իշխանութիւններուն յանձնարարած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւել: