ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ամէն տարիքի ֆութպոլասէրի նման, երբ առօրեայ զանազան զբաղումներէն, վազվզուքէն, մտաւոր աշխատանքէն ետք, ընտանիքի անդամներու կամ այցելուներու հետ պատկերասփիւռէն կը դիտենք մարզական մրցումներ, այդ վայելքը միշտ չէ, որ անստուեր կ՛անցնի։
Այդ ստուերը կը շեշտուի յատկապէս իմ նախասիրած ֆութպոլի մրցումներուն պարագային եւ շատ յաճախ յուսահատութեան պահեր կ՛ապրիմ ու տհաճ ցնցումներու կ՛ենթարկուիմ, տեսնելով խաղի միջոցին գործի դրուած կոշտութիւնները եւ վայրագ վերաբերումները, հակառակորդը դաշտէն դուրս շպրտելու կամ անոր յառաջխաղացքը կասեցնելու նպատակով։ Ժամ բռնած ենք եւ նկատած, որ երկու վայրկեան անգամ մը խաղացող մը կը զգետնուի առաջնակարգ խումբերու մրցումներուն ընթացքին։
Մեր տղոց խաղերուն ընթացքին հազուադէպ էին նման վայրագութիւններ մրցակից խումբի խաղացողներուն դէմ։ Անոնք մարզիկի վեհ զգացումով կը զգուշանային դիտմամբ իրենց մազերուն դպչիլ։
Փոքր տարիքէս, Լիբանան յամ Միջին Արեւելք հասակ նետող սերնդակիցներուս նման, ֆութպոլ խաղցած եմ դպրոցական կամ թաղային խումբերու հետ։ Մեր մանկութեան դժբախտ օրերուն, թաղին լաճերուն հետ խումբեր կազմած ենք։ Սակայն, քանի որ այդ օրերուն գնդակի սով կար, թաղի այն բախտաւոր տղան, որ Կաղանդին հատ մը նուէր ստացած էր, խմբապետ կ՛ընտրուէր եւ եթէ մէկը մազին դպնար կամ յանդգներ յարգանքի պակաս ցոյց տալ խմբապետ աղային, «ես ալ չեմ խաղար կոր» ըսելով, իր թանկագին գնդակը գորովագին շալկած կը հեռանար դաշտէն, խաղը կէս ձգելով։
Եկուր ալ առանց գնդակի ֆութպոլ խաղցիր։
Պատանի հասակիս, Սեն Կրէկուար դպրոցիս խումբին բերդապահը եղած եմ քանի մը տարի։ Այդ մէկն ալ ապերախտ կոչում մըն է։ Ինչպէս տակաւին կը պատահի, երբ խումբդ շահի մրցումը, «քրետիիթ»ը, պատիւը յառաջապահներուն կ՛երթայ, իսկ պարտութեան պարագային՝ բերդապահը կ՛այպանուի ու քաւութեան նոխազ կը դառնայ։
Անդրանիկ եղբայրս՝ Մանուէլը, այնքան հրաշալի խաղացող էր, այնքան վարպետ, որ զինք ՀՄԸՄի Բ․ խումբը ընդունեցին եւ յոյս կար, որ Լեւոն Ալթունեանին հետ Ա․ խումբին մաս կազմէր։ Սակայն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին զոհ գնաց արհեստավարժ ֆութպոլիստ դառնալու տաղանդաւոր եղբօրս այդ կոչում, երբ ան նախընտրեց ուսումն ու երաժշտութիւնը։
Մանկութեան մտերիմ ընկերներս երկուքը՝ ՀՄԸՄական Լեւոնը եւ ՀՄՄի աստղ Մարտիկը, հասան այդ փառքին։ Լեւոնը Սեն Կրէկուար դպրոցէն դասընկերս եղած է, իսկ Մարտի, թաղային մտերիմ ընկերս։ Երկուքն ալ մաս կազմեցին Լիբանանի ազգային խումբին եւ ճանչցուեցան իբրեւ իրենց ժամանակուան լաւագոյն ֆութպոլիստները։
Մարտիկին հետ պատահած դէպք մը անջնջելի կը մնայ յիշողութեանս մէջ։ Արհեստավարժ ֆութպոլիստ ընկերոջս հետ օր մը Քարանթինայի մեր յարկաբաժինը կ՛ուղղուէինք։ Սակայն, անձրեւներէն ճահճացած մեր փողոցը անանցանելի։ Մեր բախտէն ալ, Մարտիկը փաս-փայլուն նոր կօշիկներ կը կրէր, իսկ ես՝ ռեզինէ (կերպընկալ) ոտնամաններ։ Մեր տան առջեւ, փողոցը հատելու համար, հանրայայտ ընկերս ստիպուած շալակս առի ու ակնթարթի մը մէջ կտրեցինք միջոցը։
Սակայն երբ ՀՅԴի Էշրէֆիէի կոմիտէութիւնը դիմեցի, կուսակցութեան շարքերուն միանալու համար, յանկարծ հին օրերու թաղեցի ընկեր մը, որ պատահմամբ ականատես եղած էր Մարտիկը շալկելու զուտ եղբայրական արարքիս, կը յայտնուէր ու իր կուսակցական «ես»էն վիրաւոր, դաշնակցական շրջանակներուն մէջ կը տարածէր ՀՄՄական մտերիմ ընկերոջս օգնելու զուտ մարդասիրական արարքս, յայտնելով․ «Աչքերովս տեսայ, թէ ինչպէս Պօղոս Գուբելեանը հնչակեան ֆութպոլիս Մարտիկը շալակը առնելով փողոցը անցուց»։
Անոր պոռթկումը մէկ «մեթելիք» չէր արժէր։ Կարծես մեծ ոճիր գործած էի․․․
Երբ կուսակցութեան հետ առերեսուեցանք, ընդունեցի արարքս․․․
«Այս, մանկութեան մտերիմ ընկերս շակլեցի, սակայն թուրք մը չէր շալկածս», եղաւ պատասխանս։ Ու հակառակ եղած ոտնձգութեան, ընդունեցայ ՀՅԴի շարքերը։
Հնչակեան մը շալկելուս արտառոց պատմութիւնը Ափրիկէի մէջ, խմիչքի մը վրայ կիսեցի ընկեր Շաւարշ Թորիկեանին հետ որուն Սեւ ցամաքամաս այցելութեան յիսնամեակն է այս տարի։ Փրոֆեսորը լիաթոք խնդաց, ծիծաղելի գտնելով նման անհիմն պատճառով մը Հայ Դատի նուիրեալ երիտասարդ մը կուսակցութենէն հեռու պահելը։
Հիմա, գալով ներկայի ֆութպոլի աշխարհին կրած փոփոխութիւններուն, անոնք աւելի լուրջ են քան հնչակեան մը շալկելուս «աններելի մեղք»ը։ Նախ, ազգային խումբերը տարրալուծուելով միախառնուեր են, ամէն ցեղի եւ գոյնի խաղացողներով։ Այլեւս մէկ ակնարկով խումբի մը ինքնութիւնը որոշել, յատկապէս մեծամասնութեամբ սեւամորթ խաղացողներ ունեցող խումբերու պարագային; Չըլլայ, որ մէկը յանկարծ յանդգնի ցեղապաշտութեամբ այպանելու զիս․․․ Հեռու ինձմէ այդ զգացումը, քանի որ իմ երիտասարդութեան 20 տարիները Սեւ Ափրիկէ անցուցած եմ ու հատորներ նուիրած շատ ազնուական, նախնական այդ ցեղերուն կեանքին եւ գոյութեան ճիգերուն։
Վերջերս վկայեցինք հռչակաւոր խաղացող Ռոնալտոն, որ ունեցած իր հարստութեան վրայ միլիոններ աւելցնելու մարմաջէն տարուած, ինչպէս իր խումբը լքեց եւ Սէուտական Արաբիա գնաց, տեղւոյ առաջնակարգ խումբէ մը խաղալու համար։ Եթէ Իլան Մասքը բաւարարուի իր դիզան միլիառներով, գուցէ հռչակաւոր մարզիկներն ալ բաւարարուին իրենց միլիոններով ու վերադառնան իրենց հարազատ խումբերուն եւ մենք իբրեւ «ուղղափառ» ֆութպոլասէրներ, սկսինք դարձեալ վայելել զուտ ազգային, անեղծ մնացած խումբերու մրցումները։
Ռիչմընտ, Վըրճինիա