Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, դատապարտելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ելոյթը` Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, յայտնեց, որ «երբ Հայաստան յաղթահարէ «հարցերը», համաձայնագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ ստորագրութեան։
«Հայկական կողմը՝ փոխանակ փորձէ վերացնել պայմանագիրի ստորագրութիւնը խոչընդոտող հարցերը, ձեռնածութեամբ կը զբաղի՝ փորձելով Ատրպէյճանը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեամբ չշահագրգռուած կողմ», յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ «Ատրպէյճան պիտի շարունակէ խաղաղութեան ուղղութեամբ իր ջանքերը եւ վճռականօրէն պիտի ճնշէ այդ գործընթացին դէմ եղող քայլերը»:
Նշենք, որ Միրզոյեան Պրազիլի մէջ յայտարարած էր, որ Հայաստան պատրաստ է ստորագրելու պայմանագիրը, որ կրնայ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւոր հիմնասիւնը դառնալ, սակայն, ինչպէս Միրզոյեան ըսած էր, խաղաղութեան բաղձալի նպատակին հասնելու համար Հայաստանի ամուր քաղաքական կամքը պէտք է փոխադարձուի:
Պաքու դարձեալ պայմաններ դնելով՝ յայտարարեց հետեւեալը. «Եթէ Հայաստան իսկապէս շահագրգռուած է մարդասիրական հարցերու լուծումով, պէտք է ապահովէ Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցիներուն՝ ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը, տեղեկատուութիւն տրամադրէ մօտ 4000 անյայտ կորսուած ատրպէյճանցիներուն մասին եւ համագործակցի տեղադրուած ականներու, անոնց քարտէսներուն մասին տեղեկութիւններ տրամադրելու հարցին գծով»: