

ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Արժանավայել հպարտութիւն:
Հայ դպրոցը՝ հայ մշակոյթի գոյատեւման հիմնաքար:
Հայ դպրոցը՝ ազգապահպանման բերդապահ:
Հայ դպրոցը՝ հայ ազգի գոյատեւման խօսուն պատուանդան:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, ազգային առաքելութեան վեհ գաղափարներով օծուն, հայ մանուկին եւ հայ պատանիին հայեցի կրթութեան, նուիրումի անխոնջ ծառայութեան անսասան սիւնը՝ երէկ, այսօր, վաղը եւ գալիք ապագային:
15 Մարտ 2025ին, The Landmark հանդիսասրահին մէջ հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն մը՝ համայնքիս կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ու բարեկամները, վարժարանիս անցեալ եւ ներկայ շրջանաւարտներն ու անոնց ընտանիքները եւ տակաւ պաշտօնական հիւրեր, հրաւիրեալներ եւ մեծարեալներ:
Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ եռուզեռ մը յառաջացուցած էին, եւ անհամբեր էին վայելելու իրենց պաշտած եւ ուսումնակրթական մայր օճախը դարձած՝ 55ամեայ «անկասելի Փիլիպոս»ի պատմական հանդիսութեան երեկոյի փառքն ու փայլքը:
Շքեղօրէն յարդարուած հանդիսասրահը հարազատ շունչ եւ երանգ կը ստանար՝ երեկոյի գլխաւոր նպատակին ի տես, որն էր՝ «Փիլիպոս»ի ֆիզիքական ընդարձակման իրատես տեսլականի իրականացումը:
Երեկոն հանդիսաւոր կերպով ընթացք առաւ COAF-ի՝ Հայաստանի մանուկներ բարեգործական հիմնադրամի վարիչ, հանդիսավար Հայկ Պոյաճեանի հմուտ եւ ճարտար ներկայացումով:
Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանի հիմներգներով, կատարողութեամբ՝ «Փիլիպոս»ի երկրորդական բաժինի աշակերտական երգչախումբին՝ խմբավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Մելիքսէթեանի:
Բացման աղօթքը եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա․ քահանայ Վասիլեան:
Յաջորդաբար, հետաքրքրական տեսերիզի մը միջոցով ներկայացուեցան «Փիլիպոս»ի հարազատ առօրեայէն պատառիկներ՝ շաղկապուած վարժարանի հարազատ դիմագիծով, մշակութային եւ գիտակրթական փայլուն յաջողութիւններով եւ խօսքերով: Ներկաները խանդավառ ծափողջունելով վայելեցին ներկայացումը եւ իրենց հիացումը յայտնեցին վարժարանին մէջ իրականացուող ուսումնակրթական եւ դաստիարակչական բոլոր իրագործումներուն նկատմամբ:
Հիացումի եւս նոր պահ մը, երբ հանդիսավարին կողմէ յաջորդաբար յայտարարուեցան երեկոյի պատուոյ պարգեւատրեալները՝ Սարգիս Մազմանեան, Մայքըլ Չաքմաքչեան, Արամ Եագուպեան, Մուրատ Շահինեան, Նազարէթ եւ Մարիա Գառնիկեաններ:
Իւրաքանչիւր պարգեւատրեալ իր ձեռքբերումներով եւ ծառայութեամբ ներկայացուեցաւ եւ ստացաւ արժանավայել գնահատագիր մը վարժարանիս անունով եւ սրտաբուխ շնորհաւորանքներ հանդիսականներու կողմէ:
Պահը հասած էր վարժարանիս խօսքը պաշտօնապէս եւ հանդիսաւոր կերպով փոխանցելու՝ «Փիլիպոս»ի յարգարժան եւ նուիրեալ տնօրէնուհի դոկտ. Սիւզի Օհանեանի կողմէ:
Ան իր խօսքին սկիզբը յիշեց 23 Փետրուար 1970ին Հայաստանէն հասած շնորհաւորագիրը՝ հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազէն, ուղղուած՝ նորաբաց Փիլիպոս վարժարանի հիմնադրութեան, որ լոյս տեսած էր «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ.
«Թէ մի մեղու ես՝ ծնիր մեղուանոց,
Թող մի փեթակդ բազմափեթակուի,
Որ հայոց լեզուն, ո՜վ հայոց դպրոց,
Թէ մի արտոյտ է՝ յաւերժ սոխակուի
Այնպէս զօրանայ,
Որ միշտ նորանայ,
Որ հայոց աստղս էլ վե՛ր արեգակուի»։
Եւ այսպէս, «Փիլիպոս»ի ծնունդը եւ պատմական փայլուն գոյութիւնը այսօր հպարտօրէն կը հաստատենք մե՛նք՝ մե՛ր համայնքը եւ համայն մե՛ր ազգը:
Պէտք է հայեցի դաստիարակութեան եւ դպրոցաշինութեան գաղափարը միաձուլել հայեցի մշակոյթով, քրիստոնէավայել եւ ազգային արմատներով մշակելու յաջորդական հայ մատղաշ սերունդներ, որուն մէջ հաստատապէս եզակի դերակատարութիւն ունեցած են «Փիլիպոս»ի անցեալ եւ ներկայ անհամար նուիրեալներ, պաշտօնէութիւն, ուսուցչական կազմ հաւատաւոր ծնողներ եւ համայնք:
Դոկտ. Օհանեան իր խօսքին մէջ, խոր ակնածանքով վեր դասեց հայ ուսուցիչի նուիրական տիպարն ու անգնահատելի դերը՝ հայեցի դաստիարակութեամբ կոփելու անհամար հայ նոր սերունդներ, դառնալու ազգային հզօր աւիշը՝ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ան բարձր գնահատեց նաեւ համայնքիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու անխոնջ նուիրումն ու զօրակցութիւնը վարժարանիս անցեալէն ներկայ երկարաձգուող յաջողութեան ճանապարհին՝ իւրաքանչիւրին եզակի դերն ու նպաստը շեշտելով:
Ապա, ան արժանաւոր կերպով յիշեց ու մեծարեց «Փիլիպոս»ի հիմնադրութենէն ի վեր գործող տնօրէններու հմուտ դերն ու նուիրումը՝ վարժարանին վերելքին ի տես:
Ան յատուկ շնորհակալիք յայտնեց ազգային բարերար Վահէ Կարապետեանին, որ ստանձնած էր այս շքեղ երեկոյին հովանաւորութիւնը:
Յատուկ գնահատանքի խօսքերով ան վեր առաւ վարժարանիս Ծնողաօժանդակ մարմինի նուիրեալ անդամները, ինչպէս նաեւ մարզական, հայրերու ակումբին եւ բոլոր նուիրեալ անհատներուն, որոնք առնչութիւն ունին վարժարանիս հետ ամէնօրեայ նուիրումեվ եւ գործունէութեամբ՝ մօտիկէն թէ հեռուէն:
Տնօրէնուհին շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք փոխանցեց հանդիսութիւնը լաւագոյնս կազմակերպող եւ արժանաւոր յաջողութեան հասցնող Տիկնանց յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամի, որոնք ոչ միայն իրենց զաւակները վստահած են վարժարանիս հոգատարութեան, այլ այժմ իրենց ներդրումով կը մասնակցին են մեր բոլորին սիրելի վարժարանի պատմական սոյն երեկոյին:
Պաշտօնական եւ խորհրդաւոր պահը վերապահուած էր երեկոյի գլխաւոր նուիրատուութիւններուն:
Դոկտ. Օհանեան արժանաւորապէս յայտարարեց եւ բեմահարթակ հրաւիրեց գլխաւոր երկու նուիրատուները յանձինս՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, որ իր վաղամեռիկ կնոջ յիշատակին կը նուիրէր պատկառելի գումար մը, նորակառոյց նախակրթարանը կոչելու՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս՝ Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան Ազգային վարժարան, եւ երկրորդ նուիրատու ամոլին՝ տոքթ. Փօլ եւ Թալիա Գալուստեան, որոնք խոր հաւատք ունենալով «Փիլիպոս»ի ուսումնակրթական առաքելութեան կը հովանաւորեն վարժարանին արհեստագիտութեան եւ արուեստի նոր կեդրոնը: Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ եւ յոտնկայս պատուեցին նուիրեալ եւ ազնիւ զոյգ նուիրատուները:
Օրհնաբեր իր պատգամը փոխանցեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Սրբազանը նախ դրուատեց Փիլիպոս Ազգային վարժարանի սրբազան առաքելութիւնը եւ տասնեակ տարիներով մարմնաւորած եւ արձանագրած իր արդար յաջողութիւնները, որոնք կէս դար եւ աւելի մեր համայնքի արդար ներկայութիւնը կը հաստատեն անզուգական յաջողութիւններով եւ տակաւ գալիք նոր վերելքներով:
Ապա, սրբազան հայրը հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական «Օրհնութեան Գիր»ը, յղուած՝ վարժարանիս 55ամեակին առիթով, որուն ընթերցումը մեծ ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ վարժարանիս կողմէ ստանձնեց դոկտ. Սիւզի Օհանեան:
Վերջապէ՛ս, հայ դպրոցի պահպանման, բարգաւաճման եւ ընդարձակման հաւատացող իւրաքանչիւր նուիրեալ անհատ՝ ազգային բարձր գնահատանքի եւ խոր յարգանքի արժանի է:
Արդ, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 55ամեայ ծառայութիւնը կը հաստատէ, թէ հայեցի կրթութիւնը անգնահատելի սրբազան երեւոյթ մը է եւ թէ հայ դպրոցը, հայ դպրութեան եւ ազգային աւանդութեանց անբեկանելի խարիսխն է: Ան հիմքն է հայ ազգի արդար գոյատեւման՝ համատարած սփիւռքի այս օտար ափերուն:
Վերջապէ՛ս, ազգային առաքելութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան վառ ջահդ, թող յարատեւ լուսաւորէ՛ հայ հոգիին ու հայ մտքին արժանի հայ մանուկներն ու պատանիները:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ, յարգա՛նք ու մեծարա՛նք, 55ամեայ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի անխոնջ առաքելութեան: