Երեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ 1.5 ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին Փութին մերժեց Ուքրանիոյ մէջ 30 օրերու ամբողջական զինադադար հաստատելու՝ Թրամփի առաջարկը, որ անցեալ շաբաթ ընդունուած էր Քիեւի կողմէ։
Զրոյցին աւարտին, Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին համաձայնած է Թրամփի` Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ ուժանիւթային ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումները 30 օրերով դադրեցնելու առաջարկին եւ այդ ուղղութեամբ հրաման տուած է ռուսական բանակին:
Երկու նախագահները նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն արտայայտած են յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը միջազգային հարցեր, որոնց կարգին` Միջին Արեւելքի եւ Կարմիր ծովու շրջանի տագնապները:
Զրոյցէն անմիջապէս ետք, ռուսական կողմը ռմբակոծեց Քիեւի մէջ եւ Ուքրանիոյ տարածքին շարք մը քաղաքային թիրախներ, իսկ Չորեքշաբթի օր Մոսկուա եւ Քիեւ մօտաւորապէս 400 գերիներ փոխանակեցին։
Նշենք, որ Չորեքշաբթի օր Թրամփ նաեւ «շատ լաւ» հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։