Երեքշաբթի, 11 Մարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը այցելեց Հայաստանէն ժամանած Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Ամերիկեան համալսարանի դասախօս, պատմաբան եւ արեւելագէտ դոկտ. Վարուժան Գեղամեան։ Ան հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։
Դոկտ. Գեղամեան սրբազան հօր նուիրեց վերջերս տպագրուած «Թուրքիայի Պատմութիւն, Հարիւրամեայ Հանրապետութեան Քաղաքական Ուրուագծերը 1923-2023 թթ.» ուսումնասիրական եւ պատմագիտական հատորը, որուն հեղինակներէն մէկն է դոկտ․ Գեղամեան։


Ան 9 Մարտին, սոյն հատորին եւ «Հայաստանը Նոր Աշխարհում. Ի՞նչ Է Մեզ Սպասւում» թեմայով դասախօսութիւն մը ներկայացուց Օրենճ Քաունթիի Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքին, որ նաեւ աջակցած էր սոյն հատորի հրատարակութեան։
Դոկտ. Գեղամեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց առաջնորդին այս հանդիպումին համար, որ նաեւ եղաւ առիթ մը մտածումներ փոխանակելու եւ Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ մտահոգութիւններ բաժնեկցելու։ Դոկտ. Գեղամեան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Հայ առաքելական եկեղեցին եւ Հայկական Սփիւռքը մեծ եւ գլխաւոր դերակատարութիւն ունին հայ պետականութեան պահպանման ու համահայկական իղձերու եւ ծրագիրներու իրագործման աշխատանքին մէջ։
Սրբազանը գնահատեց դոկտ Գեղամեանի նուիրեալ եւ մասնագիտական աշխատանքը ու մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն՝ անոր հետազօտական, ուսումնասիրական եւ պատմագիտական աշխատանքներուն մէջ։