CNN Turk-ի տեղեկատուական տնօրէն Իտրիս Արըքան, որ հայկական կողմին հրաւէրով շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ այցելած էր Երեւան, վերադարձին՝ իր պատրաստած հաղորդումին մէջ Հայաստանի մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող պարսկական Կապոյտ մզկիթը, ինչպէս նաեւ ամբողջ քաղաքը որակած է «պատմականօրէն թրքական»։
Ամերիկացի լրագրող Լինզի Սնել ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այս խեղաթիւրումին վրայ։
Հանրային կապերու կեդրոնի տնօրէն եւ թուրք լրագրողներու շրջապտոյտի կազմակերպիչներէն Գոռ Ծառուկեան ընկերային ցանցերու վրայ բացատրած է, որ թրքական պատկերասփիւռի այս կայանը սկիզբը պատրաստած էր բաւական հաւասարակշռուած հաղորդում մը։ Սակայն, ատրպէյճանական ճնշումներու տակ, պատրաստուած է երկրորդ հաղորդում մը՝ կողմնակալ եւ հակահայկական, որուն մէջ կ՛ընդգրկուէր մզկիթին եւ քաղաքին մասին վերոնշեալ պնդումը։ Այս երկրորդ հաղորդումը վերցուած է YouTube-էն, սակայն կը մնայ հասանելի՝ պատկերասփիւռի նոյն կայանի կայքին վրայ։