Հայ ռազմագերիներու նկարներով եւ արդար դատավարութեան պահանջով, «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչները՝ այլ գործիչներուն հետ, Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին դիմացը ցոյց կատարեցին՝ միջազգային կառոյցէն պահանջելով քայլերու ձեռնարկելու՝ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու ուղղութեամբ` մասնաւորապէս ՄԱԿի լիազօրութիւններու ծիրին մէջ տէր կանգնելու իրենց իսկ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ այցելել Պաքուի բանտին մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն:
Ցուցարարները յայտարարեցին, որ Պաքուի մէջ եղածը ոչ թէ հայ ռազմագերիներուն, այլ հայերու եւ Հայաստանի դէմ դատավարութիւն է:
Առաւել քան տասը օրեր հացադուլ կատարած «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ հաւասարութեան նշան չդնելու եւ գործօն քայլերու կատարելու: «Ասուեց, որ` այո՛, միջազգային կառոյցներն արագ չեն գործում, արագն ինչքա՞ն է: 20 թուականից այս կողմ` չորս տարին արագութեան ո՞ր չափման մէջ է տեղաւորւում, որ գործողութիւն չենք տեսնում: Ի՞նչ է կատարւում Բաքուի բանտերում. փակ, գաղտնի դատավարութիւն, ապօրինի դատավարութիւն», ըսաւ Թանդիլեան:
Ըստ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի՝ ողբերգական է, որ 21րդ դարուն, աշխարհին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար ստեղծուած կառոյցը չի կրնար կամ չի՛ գործադրեր անհրաժեշտ քայլերը, որոնք կը բխին իրենց իսկ կանոնադրութենէն:
«Առնուազն մեր պարագայում տեսնում ենք, որ այդ անգործութիւնը շատ աւելի ընդգծուած է, կան մեխանիզմներ (գործիքակազմեր), կան գործողութիւններ, որոնք պէտք է ձեռնարկուեն` ապահովելու համար առնուազն Բաքւում ապօրինաբար պահուող մեր պատանդների առողջական իրավիճակը, պահման պայմանները եւ ի հարկէ վերջ դնելու այդ դատական ֆարսին եւ հայրենադարձնելու իրենց հայրենիք», յայտարարեց Ստեփանեան: