Ոսկեպարի մէջ տեղի ունեցող անորոշ իրադարձութիւններու մասին «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) յայտնեցին, որ սահմանազատուած տեղամասին մէջ կ՛ընթանան փշալարերով արգելափակոցի մը կառուցման աշխատանքներ՝ նշելով, որ «մարդկանց անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նկատառումներից ելնելով` ներկայումս նպատակայարմար չէ վերջիններիս մուտքը տուեալ հատուած»:
18 Փետրուարին, Ոսկեպարի վարչական ղեկավար Իշխան Աղբալեան «Հրապարակ»ին ըսած էր, որ Տաւուշի մէջ, սահմանազատման գործընթացի ծիրին մէջ, զանազան աշխատանքներ սկսած են, սակայն, չէր յստակացուցած, թէ խօսքը ի՛նչ աշխատանքներու մասին է:
Ընթացող աշխատանքներով խիստ անհանգստացած վարչական շրջանի ղեկավարը, օր մը ետք չուզեց խօսիլ այս մասին եւ ըսաւ. «Ոչ մի բան էլ չեմ ասում, ում հետաքրքրում է` գայ նայի տեղում»։
Ան «Հրապարակ»ին նաեւ ըսած էր, որ կան տարածքներ, ուր իրենց մուտքը կ՛արգիլուի, հարցումներու պարագային խորհուրդ տալով դիմել սահմանապահ զօրքերուն:
«Ազատութիւն»ը դիմեց ԱԱԾԻն՝ գիտնալու համար, թէ ի՛նչ աշխատանքներ կը կատարուին Ոսկեպարի մէջ եւ ինչո՛ւ կ՛արգիլուի մարդոց մուտքը այն տարածքները, ուր աշխատանքներ կը կատարուին: Հարցումէն մէկ շաբաթ ետք, ԱԱԾէն տուին հետեւեալ պատասխանը. «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպար բնակավայրի սահմանազատուած տեղամասում իրականացւում են փշալարային արգելափակոցի կառուցման աշխատանքներ: Նշուած աշխատանքներն իրականացնելու եւ մարդկանց անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նկատառումներից ելնելով` ներկայումս նպատակայարմար չէ վերջիններիս մուտքը տուեալ հատուած»: