
«Կարիքը ունինք Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալու ուղի մը գտնելու, եւ անիկա Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն զիջումներ պիտի պահանջէ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ՝ աւելցնելով. «Պէտք է երկու կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ բերել, եւ ուքրանացիները պէտք է այնտեղ ըլլան, որովհետեւ հարցը իրենց երկրին կը վերաբերի, ինչպէս նաեւ ռուսերը պէտք է մասնակցին պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն, եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփ միակն է, որ կրնայ այդ մէկը կարելի դարձնել»:
Միւս կողմէ, «Փոլիթիքօ»ն հաղորդեց, որ Թրամփի շրջապատի չորս բարձրաստիճան անդամներ Քիեւի մէջ գաղտնի բանակցութիւններ վարած են Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի քաղաքական հիմնական հակառակորդներուն հետ:
Ըստ երեք ուքրանացի երեսփոխաններու եւ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութենէն արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտի մը՝ Թրամփի բարձրաստիճան օգնականները բանակցութիւններ վարած են ուքրանացի ընդդիմադիր ղեկավար եւ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոյի, ինչպէս նաեւ Զելենսքիէն անմիջապէս առաջ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամներու հետ:
Քննարկումները կեդրոնացան Ուքրանիոյ մէջ արագ նախագահական ընտրութիւն մը իրականացնելուն շուրջ: Անիկա կը յետաձգուի՝ ըստ երկրի սահմանադրութեան, որովհետեւ Ուքրանիա տակաւին պատերազմի մէջ է:
Նախագահական ընտրութիւն իրականացնելը քննադատները կ՛ըսեն, թէ անիկա կրնայ քաոսային ըլլալ եւ ձեռնտու՝ Ռուսիոյ համար, որովհետեւ մեծաթիւ քուէարկողներ կը ծառայեն ճակատին վրայ կամ իբրեւ փախստական կ՛ապրին արտերկրի մէջ:
«Փոլիթիքօ»ն կը յայտնէ, որ Թրամփի օգնականները վստահ են, որ նոր ընտրութեան մը պարագային, Զելենսքի պիտի կորսնցնէ իր պաշտօնը, պատերազմէն յոգնածութեան եւ փտածութեան պատճառով հանրութեան հիասթափութեան պատճառով:
«Իսկապէս, հանրային կարծիքի հարցախոյզներու մէջ անոր վարկանիշը տարիներով նուազած է, թէեւ անոնք բարձրացան անցեալ շաբաթ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած վէճէն ետք», յայտնեց «Փոլիթիքօ»ն:
Վերջին հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ Զելենսքի կը շարունակէ գլխաւորել նախագահական ընտրապայքարը:
Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած վէճէն ետք, ըստ բրիտանական «Սըրվէյշըն» ընկերային հարցախոյզի գործակալութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքին, մասնակցողներուն 44 առ հարիւրը կը զօրակցի Զելենսքիի թեկնածութեան, 24 առ հարիւրը ցամաքային զօրքերու նախկին հրամանատար, այժմ Բրիտանիոյ մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վալերի Զալուժնիին, 10 առ հարիւրը Փորոշենքոյին, իսկ 5.7 առ հարիւրը` Թիմոշենքոյին:
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՁՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՓԼՈՒԶՈՒՄ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՆՇԱՆԱԿԵԼ. ԶԵԼԵՆՍՔԻ
Զելենսքի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` «անոր յստակ տեսլականին եւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն համար»:
«Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ իրական եւ ոչ միայն բառերով. անիկա չի կրնար նշանակել անձնատուութիւն կամ Ուքրանիոյ փլուզում, անիկա պէտք է ըլլայ արդար, յուսալի եւ տեւական, եւ անոր կարելի է հասնիլ միայն Ուքրանիոյ, Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի ապահովութեան ամուր եւ երկարաժամկէտ երաշխիքներով», ըսաւ Զելենսքի:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ:
«Մենք խորապէս կը գնահատենք ջանքերը բոլորին, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ եւ կը զօրացնեն Եւրոպայի պաշտպանութիւնը: Մենք անհամբեր կը սպասենք յառաջիկայ օրերուն՝ միասին աշխատելու խաղաղութեան քայլերուն վրայ», գրած է Զելենսքի:
Նշենք, որ Մաքրոն կը ծրագրէ Փարիզի մէջ հաւաքել Ուքրանիոյ համար խաղաղապահ առաքելութիւն ստեղծելու հարցը քննարկող երկիրներու սպայակոյտերու պետերը:
«Եւրոպայի ապագան չի կրնար Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի մէջ որոշուիլ», ըսաւ Մաքրոն: